ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱՂԱՔԻՍ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պոլսոյ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները՝ որոնք Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն առթիւ շնորհաւորութեան փութացած էին։