ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք Մաշալեան ընդունեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուն, որուն կ՚ընկերանար անդամներէն Ռոպէր Կիւտիւճիւ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան:
Զրոյցի տեւողութեան թաղականները տեղեկութիւն փոխանցեցին եկեղեցւոյ կացութեան եւ թաղային խորհուրդի կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ: Այս ամբողջին մէջ անոնք մանրամասնութիւններ ներկայացուցին կարգ մը առանցքային ծրագիրներու կապակցութեամբ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ: Թաղականները այս փուլին ստացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը, բարեմաղթանքը եւ խրախուսանքը:
Նորին Ամենապատուութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց Վոսփորի Եւրոպական ափի մեր այս սրբավայրի կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ ջանքերուն համար: