Արխիւ
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Երեւման Ս. Խաչի տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որ հաւատացեալ ժողովուրդին բաշխեց իր օրհնութիւնները։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Պաքուի կողմէ Արցախի հայկական եկեղեցիներու քանդման գործողութիւնները մէկ մասնիկն են, ընդհանրապէս, ամբողջ տարածաշրջանի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան բնաջնջման քաղաքականութեան: Այս գործողութիւնները միանշանակ բնոյթ չունին.
«Tiyatrocu Olmak Mı Olmamak Mı?» շահեկան գրքին շնորհանդէսը փայլուն յաջողութեամբ պսակուած:
Յայտնի դերասանուհի եւ թատրոնի նուիրեալ Անի Իփէքքայայի յուշերը անգնահատելի արժէք մը կը ներկայացնեն՝ հրաշալի վկայութիւններով, դէպքերու եւ դէմքերու վերյիշումով, որոնք կը բիւրեղանան զանազան երեսակներով: «Ange»ի կողմէ հրատարակուած գործով մեծանուն արուեստագիտուհին գեղարուեստական աշխարհին կը ներկայանայ որպէս հեղինակ՝ իր հիւթեղ ոճով ու փոխանցելու, նաեւ արտայայտելու բարձր կարողութիւններով:
Երեւանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ՝ Եւրոպայի քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովի պաշտօնական բացման արարողութիւնը։ Եւրոպական տարածաշրջանի բազմաթիւ երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ամենաբարձր մակարդակի ներկայացուցիչները Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ կը հիւրընկալուին այս գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Շատ յաճախ դասարանէն դուրս ելած պահուս չեմ նկատեր, որ կուրծքիս աջին թէ՛ ձախին մնացած կ՚ըլլան աշակերտներուն փակցուցած բարենիշները, որոնց հետ ալ ամբողջ օրը դպրոցին մէջ կը դառնամ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ապրիլը վերջացաւ, եւ քանի մը կարեւոր իրադարձութիւններ ստիպեցին հայեացք մը նետել անցնող ամսուն, որ սգալէ զատ ունեցաւ նաեւ այլ երանգներ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Վապի-սապի (wabi-sabi) ճաբոնական խորիմաստ փիլիսոփայութիւն մըն է, որ կը շեշտէ անկատարութեան, անցողիկութեան եւ պարզութեան մէջ գտնուող գեղեցկութիւնը։ Այս մտածողութիւնը կը հրաւիրէ մարդը՝ աշխարհը չտեսնելու իբրեւ կատարելութեան ձգտող հարթութիւն մը.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ սխալական եւ յաճախ յանցանք գործելու հակամէտ էակ մըն է։ Յանցանքը կանխելու՝ առաջքը առնելու եւ արգելք ըլլալու որպէս միջոց միշտ պատիժը գործածուած է զանազան կերպերովը։ Բայց հարցը սա է. մարդ յանցանք չի գործեր պատիժի՞ վախով, թէ անոր համար որ իր խիղճը չի ներեր եւ արգելք կ՚ըլլայ յանցանք գործելու։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ազգ մը միայն իր բանակով, իր սահմաններով, իր մշակոյթով ու արժէքներով չէ՛, որ իր գոյութիւնը կ՚ապահովէ։ Անոր գոյութեան մէջ դեր կ՚ունենան նաեւ անձեր, որոնք շատ անգամ կը մնան անանուն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ազգերու մահը մէկէն ի մէկ ակնթարթի մը մէջ չի՛ պատահիր. այդտեղ մահը կը սողայ լուռ հիւանդութեան մը պէս՝ անտեսանելի ձեւով եւ կամաց կամաց կը մաշեցնէ հոգին, կը քայքայէ առողջութիւնը եւ յամրօրէն կ՚առաջնորդէ դէպի փոս, դէպի գերեզման:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Անոնք յայտագիրը գործադրեցին հայերէնով, թրքերէնով եւ անգլերէնով՝ ծափահարութիւններու արժանանալով իրենց ներկայացուցած թատերակներով, պարերով, խմբերգներով եւ արտասանութիւններով։
Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ 12-19 յուլիսին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դարձեալ Հայաստան պիտի ժամանեն շարժանկարի աշխարհէն յայտնի դէմքեր, որոնք իրենց փորձառութիւնն ու արուեստը պիտի ներկայացնեն շարժանկարի սիրահարներուն։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Ի ունեցան հեռախօսազրոյց մը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ՝ անմահ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման նպատակով ստեղծուեցաւ յոբելենական յանձնաժողով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ յանձնաժողովը կը գլխաւորուի Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի կողմէ։
Վաղը, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն պիտի ժամանէ Հայաստան, ուր պիտի մնայ մինչեւ մայիսի 5-ը։ Ան պիտի մասնակցի թէ՛ Երեւանի մէջ նախատեսուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովին եւ թէ զուգահեռաբար՝ պետական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ծաւալուած բանակցութիւններու վերաբերեալ հարցեր։
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
2 մայիսին (նոր տոմարով)՝ 126 տարի առաջ, Խրիմի ինքնավար հանրապետութեան Թէոդոսիա ուքրանական քաղաքի ողջ բնակչութիւնը ողբի ու սուգի մէջ, տեղի Ս. Սարգիս եկեղեցիէն դէպի անմահութիւն կը յուղարկաւորէր հայազգի հանճարեղ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազեանը, աշխարհահռչակ Յովհաննէս կամ Իվան Այվազովսկին:
«Արշիլ Կորքի. Նիւ Եորք-Երեւան. նոր ձեռքբերում» եզակի ցուցահանդէսը՝ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս:
«Սոթպիզ»էն աճուրդով ձեռք բերուած ստեղծագործութիւնը գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը համագործակցութիւն հաստատած է «Redlands» համալսարանին հետ։ Ըստ Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան՝ կողմերուն միջեւ ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր մը։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը վերջին օրերուն արձագանգեց՝ Ստեփանակերտի մէջ, Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ հայկական երկու եկեղեցիներու քանդման դէպքին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հակազդեցութիւնը բանաձեւուած է Կովկասի մահմետականներու վարչութեան՝ այս նիւթին վերաբերեալ հրապարակման լոյսին տակ։