Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ոսկորներս Քեզի համար ծածուկ չէին, երբ ես կազմուեցայ գաղտնապէս, հիւսուած երկրին ընդերքներուն մէջ». (ՍԱՂՄ. ՃԼԹ 15)։
«Դուն տակաւին չձեւաւորուած մայրենի արգանդին մէջ, Ես կը ճանչնայի քեզ։ Դուն տակաւին չելած արգանդէն Ես սրբացուցի քեզ». (ԵՐՄ. Ա 5)։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026

ԱՄՆ-ի եւ Իրանի զօրքերը հարուածներ փոխանակեցին Պարսից ծոցի մէջ, բայց, հրադադարը կը պահպանուի:
Ըստ WSJ-ի՝ Ուաշինկթըն կը ձգտի քսան տարուան դիտարկում մը հաստատել Թեհրանի կողմէ ուրանիումի հարստացման ծրագրի պարագային: Թրամփ Լուլա տա Սիլվան վստահեցուցած է, թէ մտադրութիւն չունի Քուպա ներխուժելու:

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Իւրաքանչիւր գաղութ ունի իր պատմութիւնը, իր յիշողութիւնն ու պայքարի ուղին. պատմութիւն՝ որ նաեւ ինքնութեան հիմք կը հանդիսանայ. նոր սերունդը պարտի լաւապէս սերտել այդ պատմութիւնը՝ խորապէս հասկնալու համար իրենց նախահայրերուն զոհողութիւնները:

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ռոպերթ Աբիսողոմոնեան Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն հետ։ «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ զրոյցը՝ քանի յիշեալ հիմնադրամի ներկայացուցիչները մասնութիւն բերած էին քննարկումներուն։ 

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Միջազգային քրէական ատեանի նախագահ Թոմոքօ Աքանէի հետ։ Զրոյցը տեղի ունեցաւ «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովի շրջանակներէն ներս։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ երէկ Վատիկանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին կողմերը ընդգծեցին ԱՄՆ-ի եւ Սուրբ Աթոռի ամուր յարաբերութիւնները։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026

Երէկ, Հայաստանի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց Լաթվիայի նախագահ Էտկարս Րինքեւիքսը: Այս վերջինը Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ: 

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026

Երէկ երեկոյեան, քաղաքիս Հոլանտայի հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Տակաւին այստեղ ենք» խորագրեալ ձեռնարկ մը: Մետիայի եւ իրաւունքի աշխատանքներու միութեան կողմէ կազմակերպուած էր այս երեկոյթը՝ 3 մայիսի Համաշխահային մամլոյ ազատութեան օրուայ շրջանակներէն ներս: 

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի եւ յարակից ենթակառուցուածքներու վերականգնման ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին, սակայն, ժամկէտներու մասին խօսելու համար տակաւին վաղ է: 

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Եշիլգիւղի վարժարանի 6-րդ դասարանի աշակերտները, որոնց ընկերացաւ ուսուցչուհի Ժանէթ Զէյֆիեան: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Նաթան քահանայ Արապեան եւ Տ. Արսէն քահանայ Էքինճեան: 

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլուն եւ գործակից ընկերները: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Շնորհք վրդ. Տօնիկեան: 

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը այս տարի եւս կազմակերպեց աւանդական ճատրակի մրցաշարքը, որ 19-րդն էր իր նմաններու շարքին: Միջվարժարանային այս նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ: Համայնքային ինն վարժարանէ 66 աշակերտ մասնակցեցաւ մրցաշարքին:

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան այցելեց Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի կազդուրման կայանը: Ինչպէս ծանօթ է, կազդուրման կայանը քանի մը տարիէ ի վեր փակ է՝ վերանորոգման աշխատանքներու համար:

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026

Երէկ երկոյեան, «Աթաթիւրք» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը, որ կազմակերպուած էր Պէյօղլուի գաւառապետութեան եւ Կրթական տնօրէնութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ: «Հարազատ ձայներու երգչախումբ» անուանումով հանդէս եկաւ բազմանդամ խումբ մը, որ բաղկացած էր Պէյօղլուի շրջանի քսանմէկ դպրոցի 175 աշակերտէն:

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց՝ Իզմիրէն Տ. Արսէն քահանայ Էքինճեանը: Այս վերջինը Իսթանպուլ եկած էր՝ մասնակցելու համար իր ազգականներէն մէկուն յուղարկաւորութեան: 

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

8 մայիսին կանգ կ՚առնենք նշելու ծննդեան փառաշուք տարեդարձը Զարթօնքի սերունդի այն կարկառուն տաղանդներէն մէկուն, որ կը կոչուի Եղիա Տէմիրճիպաշեան (Կ. Պոլիս, Խասգիւղ, 8 մայիս 1851 - Կ. Պոլիս, 19 յուլիս 1908 ), որուն ծնունդը 12 օրով կանխեր էր իրեն տարեկից, հանճարեղ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի ծննդեան թուականէն (20 մայիս 1851) եւ շուրջ եօթ ամիսով՝ Արփիար Արփիարեանի ծննդեան թուականէն (21 դեկտեմբեր 1851), որուն հետ նոյն տարին (1908 թ.) ան կնքած էր իր մահկանացուն. Արփիարեան՝ իր դէմ գործադրուած սպանութեամբ, իսկ Տէմիրճիպաշեան՝ անձնասպանութեամբ:

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ամիս մը ետք՝ յունիսին դարձեալ պիտի շարունակէ եկեղեցի-պետութիւն հակամարտութիւնը։ Ինչպէս նախապէս ըսինք, այս բոլորը պարզապէս խաբուսիկ զինադադարի շրջան մըն է. այնպէս ինչպէս օձը իր մորթը փոխելով նկարագիրը չի փոխեր, նոյնպէս ալ մարդիկ իրենց դիտաւորութիւնները դիւրութեամբ չեն փոխեր: 

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2026

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Գիտեմ, որ ընթերցողներէն շատերը ինձ հետ համաձայն չեն ըլլար, բայց, որպէս մարդ` ես համերաշխ եմ Ուքրայնայի ժողովուրդին հետ, որ աւելի քան չորս տարիէ ի վեր կը դիմակայէ Ռուսաստանի բռնութեան։

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2026

Վան Ի-Ապպաս Արաղչի հանդիպում Փեքինի մէջ, Մարքօ Ռուպիօ-Սերկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյց:
Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնն ու ԱՄՆ-Իրան պատերազմը հետզհետէ կը դառնան փոխկապակցուած:

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2026

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեան պիտի շարունակէ նոր ժամկէտով մնալ իր առաքելութեան գլուխը: 

Էջեր