ԱՍՏԻՃԱՆԱԿԱՆ ՔԱՆԴՈՒՄ
Ազգերու մահը մէկէն ի մէկ ակնթարթի մը մէջ չի՛ պատահիր. այդտեղ մահը կը սողայ լուռ հիւանդութեան մը պէս՝ անտեսանելի ձեւով եւ կամաց կամաց կը մաշեցնէ հոգին, կը քայքայէ առողջութիւնը եւ յամրօրէն կ՚առաջնորդէ դէպի փոս, դէպի գերեզման: Կործանման այս պահը շատ աւելի սպառնացող է՝ քան պատերազմի մէջ ազատութիւն ու անկախութիւն կորսնցնելը, որովհետեւ պատերազմի դաշտի վրայ մասամբ դիմադրելը հնարաւոր է, բայց, երբ թշնամին չունի երես, չունի անուն՝ առեղծուած մըն է, անդիմադրելի է:
Աւելի վտանգաւորը այն է, որ շատ անգամ դէպի մահ առաջնորդուելու լուռ ընթացքը մարդիկ (գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար չենք գիտեր) բարեփոխութիւն ըլլալ կը կարծեն. մարդիկ նորը շինելու յոյսով կը քանդեն հինը՝ առանց նկատելու, որ այդ նորը որպէս հիմք չունի հինը: Այս բոլորին իրականացումը կը տեսնենք այսօր հայկական սփիւռքի մէջ, ուր գոյութիւն ունի աստիճանական քանդում. նկատենք թէ ոչ, հետզհետէ ամուր եւ ստոյգ քայլերով դէպի աւարտ առաջնորդուող աւերումը տեղի ունեցաւ երէկ, տեղի կ՚ունենայ այսօր, տեղի պիտի ունենայ վաղը, մինչեւ որ օր մը մենք զմեզ գտնենք փլատակներու դիմաց:
Շատեր իրենց մօր արգանդէն այս բոլորը չտեսնելու եւ չզգալու չափ շա՜տ լաւատես ծնած են (երանի՜ չէ՞ր ըլլար բոլորը այդպէս աշխարհ գային). առ այդ, «յիշեցման կարգ»ով վեր բարձրացնենք բոլոր այն հարցերը, որոնք մեր ազգը կ՚առաջնորդեն աստիճանական քանդումի.
Բարեբախտաբար վերջին տասնամեակին սփիւռքի մէջ փակուող հայկական դպրոցներու վերաբերեալ վիճակագրութիւն մը գոյութիւն չունի, թէ ոչ վստահ ենք, որ այդ թիւը այնքան ալ դրական արդիւնքի մը մասին խօսած պիտի չըլլար։ Մեր նախահայրերը իրենց աղքատութեան մէջ յաջողեցան ստեղծել դպրոցներ, իսկ մենք մեր հարստութեան մէջ այդ դպրոցները չկրցանք պահել։ Անշուշտ, այդ դպրոցներու փակուիլը եւս մէկէն ի մէկ տեղի չունեցաւ. այդ մէկը եւս արժանացաւ աստիճանաբար քանդման ճակատագրին։ Սփիւռքի մէջ՝ մա՛նաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ գործող շատ մը դպրոցներ այնպէս ալ չկրցան սորվիլ, որ հայկական դպրոցը այլ դպրոցներու նման շահութաբեր պէտք չէ նկատել։ Հայկական դպրոցը այս կամ այն կուսակցութեան կամ կազմակերպութեան տարեկան մուտք ապահովելու կոչուած կառոյց մը պէտք չէ եղած ըլլայ։ Սփիւռքի հայկական դպրոցները իրենց կրթաթոշակները մի՛շտ մրցունակ պահեցին տեղական անձնական դպրոցներու հետ՝ հաւատալով, որ լաւ կրթութիւնը նաեւ լաւ վճարում կ՚ենթադրէ։ Սկզբնական շրջանին մի քանի, ետքը մի քանի տասնեակ եւ ապա մի քանի հարիւր եւ գուցէ մինչեւ իսկ հազարաւոր աշակերտներ կամա՜ց կամաց հայկական դպրոցներէն դուրս գալով սկսան արաբական ու տեղական դպրոցներ յաճախել։ Մենք այս երեւոյթին դէմ դնելու փոխարէն՝ բեմերէն սկսանք այպանել ու մեղադրել ծնողները եւ հարցականի տակ դնել անոնց ազգասիրութիւնն ու հայու ինքնութիւնը։ Աստիճանաբար քանդման այս ընթացքին հետեւանքով կամաց կամաց հայ դպրոցը հայաթափուեցաւ, աշակերտութեան թիւը կտրուկ անկում արձանագրեց եւ որպէս «բարեփոխութիւն» մեր ազգային կեանքին մէջ մուտք գործեց «Միացեալ» բառն ու հասկացողութիւնը։ Երբեք միասնական չեղած մեր ազգը մի քանի դպրոցներու դուռը առյաւէտ փակելով «Միացեալ» դպրոց մը կառուցեց։ Անշուշտ, գաղութներու ղեկավարները երբեք այս արտայայտութիւնը չունեցան, սակայն, «Միացեալ»ը ո՛չ թէ ձեռքբերում, այլ անկում էր. անկում, որովհետեւ դպրոցներուն մէջ աշակերտութեան թիւը փոքրամասնութիւն էր եւ իւրաքանչիւր դպրոցի համար առանձին ուսուցիչ պահելը ազգին համար բեռ մը.- մէկ կառոյց, հինգի փոխարէն մէկ ուսուցիչ եւ այսպիսով կրկնապատիկ շահ ու մուտք…:
Եթէ վերջին տասնամեակին մէկ կամ երկու դպրոց կառուցեցինք՝ դիմացը մի քանի տասնեակ դպրոցներ փակեցինք. օր մը այդ երկուն եւս կը վերածենք մէկի, մինչեւ որ այդ մէկն ալ հոգեվարքի առաջնորդենք ու անոր գոյութիւնը շարունակելու կամ վերջ տալու պայքար-վէճին դիմաց գտնուինք:
Դպրոցի վիճակէն տարբեր չէ նաեւ վիճակը հայ մամուլին։ Վերջին տասնամեակին գրեթէ նոր թերթերու ծնունդ չունեցանք, սակայն մահ… ինչքա՜ն ուզէք։ Թէ՛ Միջին Արեւելքի եւ թէ այլ շրջաններու մէջ հրատարակուող թերթեր անցնող մի քանի տարիներուն առ յաւէտ փակեցին իրենց դռները եւ անոնք, որոնք իրենց դռները կը շարունակեն բաց պահել՝ պակսեցուցին իրենց տպագրութեան քանակները. շատեր նոյնիսկ վերջ տուին թղթային տարբերակին եւ սկսան թերթը «հրատարակել» համացանցային տարբերակով՝ ո՛չ թէ այն պատճառով, որ այդ տարբերակով կարդացողները շատ են. պարզապէս անոր համար, որ այդ մէկը բարոյական գոհունակութիւն է եւ մխիթարանք մը՝ այս կամ այն կուսակցութեան համար, ըսելու համար, որ թերթը կը շարունակէ իր անգոյ գոյութիւնը պահել: Եթէ թերթ մը իր հրատարակութեան վերջ տայ ըսենք 2030 թուականին, ապա այդ սխալը պէտք չէ փնտռել լոկ այդ տարուան շրջանակներուն մէջ։ Մեր այսօրը պատճառն է վաղուան։ Այսօր հայ մարդը հեռու է հայ մամուլէն, սակայն, մի քանի տարիներ ետք երբ այս կամ այն մամուլին մահը լսէ, պիտի «տրտմի» ու վշտանայ. գուցէ պիտի մեղադրէ խմբագիրը եւ կամ ղեկավարները, որոնք այդ թերթին գլուխը կը գտնուին՝ առանց անդրադառնալու, որ անոնցմէ շատ աւելի մեղաւոր է ի՛նք որպէս անհատ եւ ժողովուրդը՝ որ անտարբեր էր: Նման անկումներու դիմաց բոլո՛րը պէտք է մասնակից ըլլան պատասխանատուութեան, որ անհատներէն աւելի կը պատկանի հասարակութեան:
Պատմաբան ու 20-րդ դարու յայտնի մտաւորական Արնոլտ Թ. Իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Քաղաքակակրթութիւնները արտաքին ուժով չեն մահանար. կը մահանան ինքնասպանութեամբ». ո՛չ թէ օտարը, այլ մենք մեր ձեռքերով կ՚առաջնորդենք ազգը դէպի կախաղան:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Չկարծէք
, թէ գիւտերը միայն քիմիական կամ մեքենագիտական աշխարհի մէջ տեղի կ՚ունենան: Մեծագոյն գիւտն է, եւ հանճարեղ մտքի մը գիւտը, երբ մի բանասէր կը յաջողիմի բառի վրայ հիմնուած՝ ժողովուրդի քաղաքակրթութեան անցեալ մէկ շրջանը վերականգնել կամ ցեղաբանական կազմութիւնը ճշդել եւ կամ մի դէպք իր ժամանակաշրջանի մէջ տեղաւորել:
ՆԻԿՈՂԱՅՈՑ ԱՏՈՆՑ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան