ՊԱՏԻԺԻ ՎԱԽԸ
Մարդ սխալական եւ յաճախ յանցանք գործելու հակամէտ էակ մըն է։ Յանցանքը կանխելու՝ առաջքը առնելու եւ արգելք ըլլալու որպէս միջոց միշտ պատիժը գործածուած է զանազան կերպերովը։ Բայց հարցը սա է. մարդ յանցանք չի գործեր պատիժի՞ վախով, թէ անոր համար որ իր խիղճը չի ներեր եւ արգելք կ՚ըլլայ յանցանք գործելու։ Արդարեւ, պատիժի, անպատուութեան եւ նախատինքի վախը բարերար թումբ մը՝ արգե՛լք մըն է ընկերային զեղծումի եւ օրինազանցութեան դէմ։ Վերցո՛ւր այդ Դամոկլեան սուրը եւ զսպուած որքա՜ն կիրքեր, անիրաւ ի՜նչ արարքներ ոտնակոխ պիտի ընեն ամէն օրէնք եւ սահման։
Վախը, այս տեսակէտով, կարեւոր ազդակ մըն է, ուստի գաւազանը շատ անգամ անհրաժեշտ գործիք մը կը դառնայ ծնողքին կամ դաստիարակին ձեռքին մէջ մանուկին կամ պատանիին համար։ Հապա հասուն չափահասներու համար այդ «գաւազան»ը ի՞նչ պէտք է ըլլայ…։ Թէեւ այսօր այլեւս մանուկներու համար ալ «գաւազան»ի գործածութիւնը չի նախընտրուիր, բայց փոխաբերական իմաստով «գաւազան»ը միշտ միջոց մըն է յանցանքը կանխելու եւ անոր արգելք ըլլալու համար։ Դամոկլեան սուրը որեւէ կերպով ամէն շրջանի արգելք մը կը հանդիսանայ սխալներու, յանցանքներու առջեւ։
Մարդ բանականութեամբ օժտուած ապրող էակ մըն է, իսկ միւս բոլոր կենդանիներ կ՚ապրին եւ կը շարժին բնազդով։ Բնազդով միայն ապրող կենդանիներու, տրամաբանութեան եւ բանականութեան ձայնին չանսացողներու, կամ անհաւասարակշիռ միտքերու համար կարեւոր զսպանակ մըն է ան։ Այս կարգին կարելի է դասել նաեւ անոնք՝ որոնք իրենց խղճի ձայնին նկատմամբ անտարբեր են։ Հարկաւ ատկէ լաւագոյն ուրիշ միջոց մըն ալ կայ բանաւոր կերպով, խղճամիտ ընթացքով ապրիլ, գործել եւ զոհել սորվելու համար։ Եւ այդ կը սպասուի ճշմարիտ դաստիարակութենէն եւ կրթութենէն՝ որ նկարագիրը կերտելու պաշտօնը ունի։
Վախի մտրակէն եւ կրթութեան համոզկեր ձայնէն, դաստիարակութեան լուսաւորութենէն զատ մարդուն մէջ կայ նաեւ ձայն մըն ալ, որ իբր հակակշիռ դրուած է բարոյական ե՛ւ բանաւոր էակին կեանքին մէջ. եւ «խիղճ» կ՚անուանենք զայն, ինչ որ ոմանք իմացական կարողութիւն մը եւ ուրիշեր բարոյական զգացում մը կը համարեն։ Ուստի, «ներքին աչք» մըն է այն՝ որ ուղիղը եւ սխալը, բարին եւ չարը, օգտակարը եւ վնասակարը ցուցնելու պաշտօնը ունի։ Մարդուն մէջ, իր շրջանին եւ ստացած դաստիարակութեան եւ կրթութեան համեմատ՝ բարոյական օրէնքին չափանիշն է ան՝ որ բանաւորը անբանէն, ասունը անասունէն կը զանազանէ։ Անաչառ արդարադատ դատաւոր մը՝ որ իր լուսաւորուած վիճակին մէջ, մարդկային եւ քաղաքական օրէնքներէն ալ արդար է, եւ կը դատապարտէ յաճախ ի՛նչ որ օրէնքը «անմեղ» հռչակած է, եւ օրէնքով դատապարտուած անմեղին սրտին հանգստութիւն եւ ներքին խաղաղութիւն կը պարգեւէ։
Մարդ, որքան ալ արդար ըլլայ, վերջապէս կրնայ սխալիլ. ուստի, անաչառութիւն եւ արդարութիւն կրնան երբեմն իրար հակասել, բայց խիղճը այն բնատուր զգացումն է՝ որ անաչառութիւնը եւ արդարութիւնը կը միացնէ եւ անվերապահ բացարձակ արդար։ Արդարեւ, աստուածաբանական մօտեցումով՝ խիղճը մարդուս մէջ տեղաւորուած Աստուծոյ ձայնն է, անսխալ, միշտ բարին, ճշմարիտը, օգտակարը, ուղիղը ցոյց կու տայ եւ դէպի անոնց կ՚առաջնորդէ, այս իմաստով խիղճը հակակշիռ մըն է բանականութեան։ Խիղճն է, որ անորոշութիւնները կը յստակացնէ, տարակուսանքը կը վերացնէ եւ դատողութեան հաւանական սխալները կը ճշդէ, կ՚ուղղէ։ Եւ այս անաչառ արդար դատաւորին սաստը եւ պատիժը ենթակային հետ կ՚երթայ մինչեւ վերջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 2, 2026, Իսթանպուլ