ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը վերջին օրերուն արձագանգեց՝ Ստեփանակերտի մէջ, Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ հայկական երկու եկեղեցիներու քանդման դէպքին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հակազդեցութիւնը բանաձեւուած է Կովկասի մահմետականներու վարչութեան՝ այս նիւթին վերաբերեալ հրապարակման լոյսին տակ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք՝ Տեղեկատուութեան վարչութեան կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը։
*
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան յայտարարութիւնը, որով կը փորձուի արդարացնել Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը՝ մասնաւորապէս Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հիմնայատակ աւերումը:
Սրբավայրերու պղծումը, իւրացումը կամ ոչնչացումը չի կրնար արդարացուիլ որեւէ քաղաքական, վարչական կամ կեղծ իրաւական ձեւակերպումով: Արցախի անկախութեան շրջանին կառուցուած եկեղեցիները «ապօրինի շինութիւն» որակելը մերժելի է եւ այդ պատճառաբանութեամբ սրբավայրերը կործանելը, հողին հաւասարեցնելը կրօնական ու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային սկզբունքներու բացայայտ ոտնահարում է եւ մշակութային եղեռնագործութիւն:
Բացայայտ անհիմն է եւ ստայօդ է Կովկասի մահմետականներու վարչութեան մեղադրանքը Հայոց Եկեղեցւոյ հասցէին՝ Հայաստանի եւ Արտպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը խոչընդոտելու վերաբերեալ: Խաղաղութիւնը կը խոչընդոտուի պատմական ճշմարտութեան կեղծմամբ, բռնի տեղահանուած արցախահայերու իրաւունքներու ոտնահարմամբ, Արցախի հայկական ժառանգութեան իւրացմամբ եւ հայկական հետքի հետեւողական վերացմամբ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կոչ կ՚ուղղէ միջազգային կրօնական եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն, մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան բոլոր պատասխանատու կառոյցներուն՝ գործօն քայլեր ձեռնարկել կասեցնելու համար Ատրպէյճանի կողմէ հայկական մշակոյթի ոչնչացման ծրագրուած քաղաքականութիւնը: