Արխիւ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի այս շրջանին իրերայաջորդ այցելութիւններ կու տայ դէպի Մերձաւոր Արեւելքի զանազան մայրաքաղաքները։ Երէկ, Ապպաս Արաղչի Պէյրութի մէջ հիւրընկալուեցաւ Լիբանանի ղեկավարութեան կողմէ։
Ուքրայնա արդէն երրորդ անգամ թիրախաւորեց Խրիմի կամուրջը, որ մատնուեցաւ վթարային վիճակի:
Հաքան Ֆիտան եւ Մարքօ Ռուպիօ հեռախօսազրոյցով մը արժեւորեցին Մոսկուա-Քիեւ վերջին բանակցութիւնները:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի նախագահութեամբ Հոլանտայի հիւսիսի Սոմերէն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ ճամբար 2025»ը։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Մելքիթ յունահռովմէական եկեղեցւոյ Լիբանանի եւ Զահլէ ու Ֆուրզոլի թեմի առաջնորդ Իպրահիմ Եպիսկոպոս Իպրահիմին, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Լիբանանի, Զահլէի եւ Պաալպէքի թեմի առաջնորդ Անթուան էլ Սուրի մետրապոլիտը, որոնց կ՚ընկերանար «Կարտենիա Լեպնիզ Ֆարմս» ընկերութեան հիմնադիր տնօրէն Նիքոլաս Ապու Ֆայսալ։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Միջազգային գիտական խումբի հետազօտողները նոր տուեալներ ստացած են մութ կենսուժի բնոյթի մասին՝ առեղծուածային ուժի, որ պատասխանատու է տիեզերքի արագացուած ընդարձակման: Պարզուած է, որ մութ կենսուժը կը յաջողի փոխուիլ ժամանակի ընթացքին. բան մը, որ կը հակասէ կայուն նկատուող տեսութիւններուն:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի, որ Գահիրէի մէջ շփումներ ունեցաւ, ընդունուեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ նախագահական պալատին մէջ, ուր կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցերու շուրջ։
Երէկ, Հայաստանի ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան ընդունեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Հարաւային Կովկասի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ արեւելեան գործընկերութիւններու հարցերով վարչութեան ղեկավար Մաթիաս Ֆոլերտի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։
Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Վերջին օրերուն հակասական իրադարձութիւններ տեղի ունեցան այս ուղղութեամբ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ պոլսահայ կրթական համակարգի վառ ներկայացուցիչներէն Հերա Իսքէնտէրօղլու աւարտած է Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառի (INALCO) ԻՄԱՍ հայագիտական մասթըրի ծրագիրը։
Կը տեղեկանանք, որ Ս. Խաչ դպրեվանքի աւարտական դասարանի աշակերտուհիներէն Սեսիլ Կիւնտիւզ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ համալսարանական ուսումը շարունակելու ճանապարհին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի ղեկավար տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի ընդհանուր արժեւորումները - 2
Բազմակեդրոն ազգային ինքնութեան հիմքով:
«Մենք կը գիտակցինք, թէ երբ խօսքը կը վերաբերի լեզու մը զարգացնելու, ապա շեշտը պէտք է դնել երիտասարդութեան վրայ, դպրոցներու եւ ուսուցիչներու վրայ, անցած ենք ուղղակի ծրագիրներու»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ առակագիրին հետեւեալ համարները. «Աղքատ ժողովուրդի վրայ իշխող ամբարիշտը մռնչող առիւծի ու անյագ արջի կը նմանի: Խոհեմութիւն չուենցող իշխանը շատ զրկանքներ կ՚ընէ, բայց ագահութենէ զզուողը իր կեանքը կ՚աւելցնէ» (Առ 28.15-16):
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գրադատները արեւմտահայ անուանի գրող, քաղաքագէտ, փաստաբան եւ բարերար Գրիգոր Զօհրապի հրապարակագրութեան մեծագոյն արժանիքներէն կը նկատեն այժմէականութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամենասուրբ Երրորդութեան երեք Անձը՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, համագոյ են՝ միեւնոյն բնութիւնը ունին, այսինքն «Աստուած» են։ Աստուածաբանական ասումով՝ բնութենակից-համագոյակից են։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատմութիւնը կը փաստէ, որ հայ ժողովուրդը հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն մէկը ըլլալով, իր անուրանալի դերը ունեցած է համամարդկային մշակոյթի զարգացման մէջ՝ ինքնուրոյն լեզուով, գրականութեամբ, արուեստով, ճարտարապետութեամբ եւ գրեթէ բոլոր ոլորտներով:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Գանատայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ Տ. Բարսեղ Աւ. Քհնյ. Վանլեան։ Նորոգ վախճանեալ տէր հայրը երկար տարիներ Իսթանպուլի մէջ ծառայութիւն մատուցած էր՝ տիպար հոգեւորականի համբաւով։
Հայաստանի վարչապետը օրէնքէն վեր կը դասէ իր անձը եւ հերթական անգամ կ՚արշաւէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ՝ կեղծ մեղադրանքներով:
Չսասանել ազգային հիմնասիւները:
Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի երէկուան ժողովէն վերջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ. «Հարկ չկայ Եկեղեցին ներքաշելու արհեստական օրակարգերու մէջ եւ մղել հակադարձման գործողութիւններու։ Կոչ կ՚ուղղենք իրաւասու պետական մարմիններուն՝ կասեցնել այս ապօրինի եւ անհեռատես քաղաքականութիւնը»:
Երեւան-Փարիզ համագործակցութեան տեսակէտէ երէկ յատկանշական իրադարձութիւններ տեղի ունեցան Գորիսի մէջ։ Այսպէս, Ֆրանսայի պատուոյ հիւպատոսութեան գրասենեակին բացումը հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Գորիսի մէջ, ուր, միեւնոյն ժամանակ, կազմակերպուեցաւ Հայաստան-Ֆրանսա ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան համաժողովը, որ հինգերորդն էր իր նմաններու շարքին։
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի հովանաւորութեան ներքեւ, շաբաթավերջին, Ֆէնէրի «Մարաշլը» յունաց վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ փաստավաւերագրական ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը, որուն յանուն Պատրիարքական Աթոռին մասնակցեցաւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։