Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Սփիւռքահայ մամուլ մը Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով հրատարակեց սփիւռքահայ երիտասարդ-պատանիներու մտածումներ. կարեւո՛ր է լսել նոր սերունդին կարծիքը՝ հասկնալու եւ ճանչնալու համար այն ոգին՝ որով հասակ կ՚առնեն, որովհետեւ այդ ոգիին հիման վրայ է, որ ծնունդ պիտի առնեն իրենց յաջորդող սերունդները:

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2026

Ս. Խաչ դպրեվանքը վերջերս արժանացաւ՝ համաեւրոպական որակաւորումի մը, ինչ որ ուրախութիւն պատճառած է դպրոցի ընտանիքին։ 
2005 թուականին, Եւրոյանձնաժողովը հիմնած էր eTwinning-ը, որ քառասունհինգ երկրի մէջ կը գործէ։

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2026

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան նախընթաց օր ընդունեց Ռամալլայի մէջ Յունական Կիպրոսի ներկայացուցիչ Մարիոս Սթաւրոսը։ 

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2026

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

«Սուտը կը թռչի, իսկ ճշմարտութիւնը կաղալով կու գայ անոր ետեւէն»: Սա տակաւին տասնութերորդ դարուն ըսած է Ճանաթըն Սուիֆթ: Այդ ասոյթին մէջ ամփոփուած է տեղեկատուութեան տարածման համընդհանուր օրէնքը. եթէ կը հնչէ որեւէ սուտ՝ մանաւանդ ամբոխահաճոյ սուտ, ապա յաջորդ օրը, որքան ալ հերքես, այդ հերքումները շատ քիչերուն պէտք պիտի ըլլան:

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2026

Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան եւ Վրաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Լեւան Քոպիաշվիլի հանդիպում մը ունեցան ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի հետ: 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Եկեղեցական իւրաքանչիւր ծէս եւ արարողութիւն առիթներ են հաւատացեալներուն՝ յիշել եւ պատրա՛ստ ըլլալ կեանքի պայքարին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Խաչատուր Աբովեանի այս խօսքերը գրուած են աւելի քան մէկ ու կէս դար առաջ… «Լեզուդ փոխի՛ր, հաւատդ ուրացի՛ր, էլ ընչո՞վ կարես ասիլ, թէ ո՞ր ազգիցն ես», գրուած է ժամանակաշրջանի մը մէջ՝ ուր հայը հայ էր թէ՛ հաւատքով եւ թէ՛ լեզուով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

23 ապրիլ 2026-ին, Երեւանի մէջ դարձեալ ականատես դարձանք թրքական դրօշակը այրելու «սխրագործութեան»: Արարք մը, որ խօսուն վկայութիւն մըն է մեր բոպիկութեան եւ տհասութեան: 

 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մեր պատմութեան ամենէն մռայլ հանգրուաններուն հայ ժողովուրդը միայն ողբերգութիւններով չէ, որ պատասխանած է ճակատագրին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2026

​Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ վերջին օրերուն գումարուեցաւ ընդհանուր ժողով, որու արդիւնքով պաշտօնի կոչուեցաւ նոր վարչութիւն մը։ Հերթական համագումարի դիւանը գլխաւորեց Առէն Տատըրօղլու։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2026

Երէկ, Համաշխարհային պարի օրուան առթիւ, Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ բացառիկ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, մայրաքաղաքի սրտին՝ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ մեծ շուրջպար մը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2026

​Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2026

Երէկ, դէպի Վիեննա պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ընդունուեցաւ Աւստրիոյ վարչապետ Քրիստիան Սթոքըրի կողմէ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2026

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ուղղեալ բանակցութիւններու 13-րդ փուլը ունեցաւ յաջող արդիւնք:
Փոխ-վարչապետներ Մհեր Գրիգորեան եւ Շահին Մուսթաֆայեւ կարծիքներ փոխանակեցին փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ նիւթերու շուրջ: Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ըմբռնում գոյացած է յառաջիկայ ընթացակարգին մասին, որու վերաբերեալ փաստաթուղթերու բովանդակութիւնները պատրաստ են ու կառավարութիւններուն պիտի ներկայացուին՝ հաստատման համար:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2026

Կեդրոնականի ընտանիքը այս տարի եւս կազմակերպեց՝ իր անմոռանալի սաներէն՝ աշխարհահռչակ անմահ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի յիշատակին ձօնուած լուսանկարչութեան աւանդական մրցոյթը: Իր նմաններու շարքին տասնչորրորդն էր այս մէկը, որ կազմակերպուած էր՝ մասնակցութեամբ շուրջ տասնհինգ վարժարանի:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Բաբգէն Կաթողիկոսէն ետք (Բաբգէն Ա. Ոթմսեցի. 490-516) ժամանակակից պատմիչներ գրեթէ կը լռեն։ Արդէն Զ. դարու հայ ազգային եւ եկեղեցական պատմութիւնը շատ շփոթ է, որովհետեւ կանոնաւոր աղբիւրներ կը պակսին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ազգովին կը տառապինք օտարին ունեցած արժէքներուն նկատմամբ կոյր հիացմունք ունենալու հիւանդութեամբ. օտարին մշակոյթը, գրականութիւնը, մտածելակերպն ու բարքերը դիւթիչ կը թուին ըլլալ: 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց «Հրանդ Տինք» հիմնարկի ներկայացուցիչները՝ Զէյնէփ Թաշքընն ու Հերմինէ Սայեանը:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեան ընդունեց Եոզղատահայոց նորաստեղծ հայրենակցական միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները՝ Յովսէփ Արզումանը, Յակոբ Թորոսօղլուն եւ Մելքոն Սահակօղլուն:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2026

Շաբաթավերջին պոլսահայ սանուց միութիւններու միջմիութենական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ճատրակի մրցոյթը արժանացաւ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ Միջմիութենական ճատրակի մրցոյթը այս տարի արդէն 13-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ։

Էջեր