ԵՐԵՒՄԱՆ Ս. ԽԱՉԻ ՏՕՆԻՆ ՕՐԸ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Երեւման Ս. Խաչի տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որ հաւատացեալ ժողովուրդին բաշխեց իր օրհնութիւնները։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ պատարագեց Տ. Նաթան արք. Յովհաննիսեան։ Երեւման Ս. Խաչի տօնին օրը, յընթացս Ս. Պատարագի, Նորին Սրբազնութեան ձեռամբ տեղի ունեցաւ նաեւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Այսպէս, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ քահանայական դասը լրամշակուեցաւ եօթ նոր հոգեւորականով։
Տ. Նաթան արք. Յովհաննիսեան օրուան քարոզին մէջ շեշտեց, որ խաչը մահուան եւ տառապանքի գործիքէն Քրիստոսով դարձաւ կենաց ծառ, տառապանքէ փրկութեան խորհրդանշան եւ պահապան՝ Աստուծոյ բոլոր հաւատարիմ երկրպագուներուն համար։
Քահանայական օծում ստացած երիտասարդ հոգեւորականները քառասնօրեայ ապաշխարութեան, աղօթքի եւ պատրաստութեան շրջանը կ՚անցընեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։