ԿԱՐԵՒՈՐ ՈՍՏՈՒՄ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը համագործակցութիւն հաստատած է «Redlands» համալսարանին հետ։ Ըստ Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան՝ կողմերուն միջեւ ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր մը։ Այսպէսով նոր փուլ մը կը թեւակոխէ թեմի կրթական եւ ակադեմական գործունէութիւնը։ Արդարեւ, համալսարանի հետ համագործակցութիւնը նոր հորիզոններ կը բանայ առաջնորդարանին առջեւ։ Ծրագրի համակարգման պատասխանատուութիւնը յանձնուած է Հրաչ Չիլինկիրեանին։
Այս համաձայնութիւնը նպատակ ունի առաջին հերթին խթանելու երկկողմանի քննարկումները եւ ուսումնասիրելու այն կարելիութիւնները, որոնք պիտի ծառայեն թէ՛ հայագիտական նիւթերու ուսուցման զարգացման եւ թէ եկեղեցական կամ համայնքային ծառայութեանց ամրապնդման։
Հարկ է նշել, որ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան վերջին տարիներուն մեծ եռանդ ցուցաբերած եւ հետեւողական աշխատանք տարած էր սոյն նախագծի հասունացման ուղղութեամբ։