Արխիւ
Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ խրախճանք մը, որ կազմակերպուած էր Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատենական կազմին համար։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ խմբավար Հրանդ Չիզմէճեան այս փուլին երգչախումբի տղոց նկատմամբ ցուցաբերեցին ջերմ վերաբերմունք։
CELTA-ի մասնագէտներէն Ճենի Միլըրի մասնակցութեամբ, շաբաթավերջին Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ աշխատաժողով մը։ Դպրոցի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որ համախմբեց համայնքային բոլոր վարժարաններէն անգլերէնի եւ հայերէնի խումբ մը ուսուցիչներ։
Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները կամ պայմանականօրէն ըսելով՝ 2024 թուականի «Սուրիական խմորը» դեռ կը սպասէ իր ժրաջան հետազօտողին, որպէսզի թեմային առընչուող նիւթը ամբողջացնէ, իր տրամաբանական աւարտին հասցնէ եւ բոլոր հանգամանքները յստակացնէ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ հերթական գրառումով մը՝ Արցախի հիմնախնդրին կապակցութեամբ։ Այս գրառումը, միեւնոյն ժամանակ, երկրի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս հրահրեց հերթական բանավէճը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ատրպէյճան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու ընդհանուր ուղեծիրը կը վերարժեւորուի վարկածներու լոյսին տակ:
Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ենթադրութիւններու համար նկատի կ՚առնուին նաեւ շարք մը դաւանական գործօններ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի յիշատակութեան տօնը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, երէկ երեկոյեան, Ս. Ստեփանոսի տօնի նախատօնակը կատարուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յայտնի է, որ հայ երաժշտագիտութեան երախտաւորը, հայ երգի անմահ մարտիկը՝ Կոմիտաս, շրջան մը բնակած եւ գործած է Պոլիս: Ընդհանրապէս, Կոմիտասի գիտակցական եւ ստեղծագործական կեանքի վերջին հինգ տարիները հիմնականօրէն կապուած են պոլսական իրականութեան հետ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակագիրին հետեւեալ խօսքերը. «Թագաւորին առջեւ մի՛ պարծիր եւ մեծերուն տեղը մի՛ կենար, վասնզի աղէկ է որ քեզի ըսեն թէ “հո՛ս, վեր ելիր”, քան թէ վար իջեցնեն քեզ իշխանին առջեւ» (Առ 25.6-7):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը». (ԳՈՐԾ. Ի 35)։ Երբ յաճախ կը կարդանք Սուրբ Գիրք «Առաքեալներու Գործեր» գիրքին մէջ կը հանդիպինք վերոյիշեալ համարին։ Այս համարը մեզի կը յիշեցնէ Ս. Ծնունդի առիթով ուրախացնել շուրջինները։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդիկ որոշ որոշումներ կայացնելէ ետք կ՚ունենան այն համոզումն ու տպաւորութիւնը, որ կեանքը (եւ գուցէ ճակատագիրը) դիտմամբ ամէն բան հակառակ կը դարձնէ եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի այդ որոշումը իրականութեան չհասնի: Այս մէկը հոգեբանական վախ մըն է, որ յառաջ կու գայ ձախողելու մարդկային տկար մտածողութենէն, որովհետեւ մարդ դրական ազդակներուն վրայ կեդրոնանալու փոխարէն, իր կեդրոնացումը կը դնէ ժխտականներուն վրայ, որովհետեւ լաւին համար մտահոգուելու կարիք չունի, սակայն բացասականը կը մտահոգէ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր պաշտօնակից «Մարմարա» օրաթերթի ընտանիքը կը սգայ կորուստը Սիւզան Հատտէճեանի, որ վերջին շրջանին յառաջացած տարիքի մէջ կը տառապէր առողջական խնդիրներէ։ Սիւզան Հատտէճեան մեր համայնքի երէց սերունդի համակրելի դէմքերէն էր, կողակիցը՝ «Մարմարա»ի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի։
Շիշլիի քաղաքապետութեան «Նազըմ Հիքմէթ» մշակոյթի եւ գեղարուեստական տան երդիքին տակ բացուած է «Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի» լուսանկարչական ցուցահանդէսը, որ կը ցոլացնէ Թուրքիոյ մէջ միաստուածեան կրօններու հաւատացեալներու կեանքը։ Այս ցուցահանդէսը արդէն 18-րդ անգամ կը կրկնուի, ինչ որ վառ արտայայտութիւն մըն է գեղարուեստասէրներու կողմէ անոր վայելած անմիջական ուշադրութեան տեսակէտէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային շատ մը ապրումներ, զգացումներ ու յուզումներ յարաբերական են. անոնցմէ է նաեւ անարդարութիւն հասկացողութիւնը, որ հիմնուած կ՚ըլլայ մարդու անձնական փորձառութեան վրայ, ստեղծելով աշխարհին ու մարդկութեան հանդէպ պատկերացում մը:
Համայնքային շրջանակները երէկ ժամադրուած էին Եշիլգիւղի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ եւ յարակից վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէ սկսեալ զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ թաղեցիներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր ստեղծուած էր տօնական մթնոլորտ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ գրականութեան մասնագէտներ այն տեղեկութիւնը հաստատած են, որ գրող-երգիծաբան Յակոբ Պարոնեան իր ստեղծագործութիւններէն ոչ մէկուն վրայ այնքան երկար աշխատած է, որքան՝ «Ազգային ջոջեր»ու: Այդ աշխատութեան վրայ մեծ երգիծաբանի միտքը բեւեռուած է մօտաւորապէս վեց տարի՝ 1874 թուականէն մինչեւ 1880 թուականը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գրեթէ ամէն մարդ ներողամտութիւնը կ՚ընդունի որպէս առաքինութիւն, վեհանձնութիւն եւ ազնուութիւն, բայց գործնականի մէջ շատեր զայն կը նկատէ նուաստ, վեհերոտ եւ անվեհանձն մարդու գործ եւ ներողամտութիւնը կը սեպէ ստորնութիւն կամ պզտիկութիւն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այո՛, աշխարհ «պտոյտի չէ ելած», ամէն ինչ մեր ուզածին կամ սրտին համեմատ չէ, բայց, մենք կը կրկնենք հին սխալները ու կը փափաքինք հագուիլ «զոհի պատմուճանը»:
Հալէպն ու տեղւոյն հայութիւնը նոր խաչմերուկի մը առջեւ, ուր կուտակուած մեծ հարցականներու ընդմէջէն կարելի կ՚ըլլայ տէր կանգնիլ սեփական ճակատագրին. այլընտրանքը հերթական հեռացումը կ՚ըլլայ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Կը խորհիմ, ուրեմն գոյութիւն ունիմ»: Այս խօսքը ի՞նչ կը նշանակէ։ Եթէ կը մոռնաք դուք ձեզ եւ կը մտածէք, որ տեսանելիութիւնն ու ներառականութիւնը գոյութիւն կը նշանակեն եւ կը շարունակէք ձեր կեանքը, ապա դուք ի՞նչ էք՝ եթէ ոչ պատկեր մը միայն։
Թուրքիա կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, որոնք այս շրջանին կը պայմանաւորեն ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի ընթացքը։ Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ արդէն բարձր մակարդակի շփումներ տեղի կ՚ունենան։