Արխիւ
Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
11. Եկեղեցականները ամուսնացեա՞լ պէտք է ըլլան, թէ կուսակրօն: Պօղոս ինչո՞ւ համար եպիսկոպոսի մը կին մը ունենալ կը քարոզէ: Կինը մեռնող եկեղեցականին կրկին ամուսնանալ ներելի՞ է: 12. Ի՞նչ կը հասկցուի Պօղոսի խօսքէն: 13. Առաքեալները կին ունէի՞ն, թէ ոչ. իրենց հետ պտտող կիները ի՞նչ էին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա անուրանալի իրողութիւն մըն է, որ մարդկային միտքը տեւական զարգացումի մը մէջ է՝ արհեստագիտութիւնը զգլխիչ արագութեամբ կը յառաջանայ, ո՛չ մէկ կասկած այս մասին։ Բայց, պէտք չէ նպատակը եւ միջոցը շփոթել, այլ՝ զանազանել իրարմէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Հայ ժողովուրդը շինարա՛ր ժողովուրդ է», սուտը ո՞վ հրապարակ նետած է չենք գիտեր, սակայն, լաւապէս կը հաւատանք, որ շինելու կողքին քանդելու մեծ սէր ու մասնագիտութիւն ունեցող այս ազգը շինելէ աւելի քանդած ու կործանած է, այն տարբերութեամբ, որ ուրիշներ օտարինը քանդած են՝ իսկ ինք իր սեփականը:
Հայաստանի երկրորդ մեծ քաղաքին՝ Կիւմրիի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ դեսպանահաւաք: Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական վարչամեքենայի եւ արտասահմանեան դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներու տարեկան հաւաքը առիթ հանդիսացաւ բազմակողմանի քննարկումներու:
Շաբաթավերջին, Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ նաւապտոյտ մը, որ անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Ամրան եղանակին հրաժեշտ տալու համար կազմակերպուած երեկոյթ մըն էր այս մէկը՝ «կապոյտ եւ սպիտակ» կարգախօսով:
Fikir Coğrafyası առցանց հարթակի «Տարբեր հայեացք» ծրագրով շաբաթավերջին շահեկան հարցազրոյց մը սփռուեցաւ՝ ուղիղ եթերով: Հաղորդավար Հասան Քարատեմիր յառաջ մղեց բազմակողմանի քննարկում մը. «Օսմանեան երկրէն ներս համայնքի եւ հասարակութեան շեմ մը. Հայոց Ազգային սահմանադրութիւնները»:
Մտայնութիւն եւ ապագայի մոտէլ:
Պատմաբան Այլին Գօչունեան ուշագրաւ համեմատութիւններով մեկնաբանեց մինչեւ 1863 թուական հասած ճանապարհն ու յաջորդած իրադարձութիւնները՝ կանգ առնելով հետաքրքրական զուգահեռականներու վրայ, որոնք առընչակից են թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մերօրեայ հրատապ օրակարգի առաջնահերթ հարցերուն հետ:
Գոհունակութեամբ վերահսու կ՚ըլլանք, թէ պոլսահայ մարզական աշխարհի երիտասարդ ուժերէն Վարդան Մամիկոնեան վերջին օրերուն ունեցած է շատ կարեւոր ձեռքբերում մը, որ նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծէ իր առջեւ։
Երէկ, 30 Օգոստոսի Մեծ յաղթանակի տօնին առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ՝ Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ Էմինէօնիւի պատմական Սեփեթճիլէր ապարանքին մէջ։
Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է՝ Պատրիարքական Աթոռի բարձր հովանաւորութեամբ դէպի Վան տարեկան աւանդական ուխտագնացութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան այս առթիւ շաբաթավերջին պիտի մեկնի Վան, ուր պիտի մնայ մինչեւ կիրակի երեկոյեան։
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Ներսէսեան դպրաց դասու տարեդարձը նշուեցաւ բացառիկ խանդավառութեամբ: Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ օգոստոս ամսուան եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցան տօնախմբութիւնները, որոնք հոգեւոր հրճուանքի առիթ դարձան:
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգ: Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
«Երջանիկ ենք մենք», ըսաւ մեր վարչապետը:
Գիտէ՞ք ինչու երջանիկ ենք:
Քանի որ իրականացուցած ենք «երազանքներու մեր հայրենիքը»:
Լա՛ւ, ծանօ՞թ էք, գո՛նէ, երազանքներու այդ հայրենիքին:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կեանքի մէջ, թերեւս, ամենէն դժուար հանդիպումը այն է, երբ մարդ վերջապէս կը հանդիպի ինքն իրեն։ Ո՛չ թէ այն «ես»ին, զոր ուրիշներուն կը ներկայացնէ, ո՛չ թէ այն դէմքին, զոր տարիներու ընթացքին սորված է կրել, այլ այն լուռ ու անպաշտպան մարդուն, որ իր ներսը կը մնայ՝ երբ բոլորը կը հեռանան, երբ սենեակը կը լռէ, երբ հեռաձայնը չի զանգեր, երբ այլեւս կարիք չկայ ոեւէ մէկուն բան մը ապացուցելու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Որդեա՜կ, մեղքերդ ներուա՛ծ ըլլան քեզի». (ՄԱՐԿ. Բ 5)։ Ներողամտութեան այս խօսքերը՝ անժամանակ եւ տիեզերական, այսօր ալ կը հնչեն համայն մարդկութեան համար։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջերս Քրիստոսի օրէնքներուն համաձայն «Մի՛ դատէք որ չի դատուիք»ը ժողովուրդին սորվեցնելու կոչուած կարգալոյծ նախկին քահանան կը յայտարարէր, թէ «Ո՛չ մէկ կաթողիկոս եկեղեցին այնքան չէ քաղաքականացուցած՝ ինչքան Կտրիչ Ներսիսեանը»։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին շրջանին յաճախ բաղդատութիւններ կը կատարուին Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ. նմանութիւններու եւ տարբերութիւններու հետքերով:
Պատմութիւնը համեմատելով՝ առաջին հերթին պէտք է համոզուիլ, թէ կշիռքի նժարներուն վրայ դրուած փորձառութիւններն ու իրականութիւնները ըլլան համեմատելի:
Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
* ԱՐՄԱՇԻ դպրեվանքին Զ. դասարանի աշակերտները գրով մը Սրբազան Պատրիարք Հօր տեղեկացուցած էին, թէ իրենց շրջանը լրացուցած ըլլալով Պոլիս պիտի գան՝ ստանալու համար վարդապետական աստիճանը եւ վեղարի օրհնութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աղքատութիւնը միայն նիւթական չգոյութեան մէջ փնտռել սխա՛լ է. բարոյական արժէքներու չգոյութիւնն ալ աղքատութիւն է։ Այս ուղղութեամբ՝ այն մարդը՝ որ բարեկամ չունի, աղքա՛տ է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իւրաքանչիւր ազգի համար սփիւռքը ունի տարբեր նշանակութիւն. ոմանց համար կարեւոր է, իսկ ոմանց համար կորուսեալ։ Սակայն, կան ազգեր, որոնց պատմութիւնը մեծագոյն պատասխանն է այն հարցին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է սփիւռքով ստեղծել հզօր Հայաստան մը:
ՄԱՐԱԼ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ(*)
Ազգային մարզական միութեան (ԱՄՄ)-Հայ երիտասարդաց միութեան (ՀԵՄ) Սկաուտական շարժման երկրորդ բանակումը տեղի ունեցաւ 2026 թուականի օգոստոսի 3-7 թուականներուն միջեւ, Յորդանանի քրիստոնէական եւ Սուրբ Գիրքի հետքերով հարուստ Մատապա քաղաքին մէջ, վաթսուն մասնակիցներով, որոնցմէ երեսունը՝ Երուսաղէմէն ժամանած։