Չորեքշաբթի 26, Օգոստոս 2026
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԵՒ ԷՕԶՊԵՔԻՍՏԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՀԱՄԱՏԵՂ ՆԱՒԱՏՈՐՄԻ ՈՒՂՂԵԱԼ ՔԱՅԼԵՐ
Պաքուի եւ Թաշքենթի ղեկավարութիւնները այս շրջանին թափ կու տան՝ Կասպից ծովէ ներս համատեղ նաւատորմ մը ստեղծելու ուղղեալ աշխատանքներուն:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհալ Ալիեւ, որ պետական այցելութիւն մը տուաւ Թաշքենթ, հիւրընկալուեցաւ Էօզպեքիստանի նախագահ Շեւքէթ Միրզոյեւի կողմէ: Երկու ղեկավարները նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, ապա գլխաւորեցին Բարձրագոյն միջպետական խորհուրդի երրորդ նիստը:
«Մենք միասին կը զարգացնենք Անդրկասպեան միջանցքի ներուժը, կը բարձրացնենք լոժիստիք ենթակառուցուածքներու արդիւնաւէտութիւնը, կ՚աշխուժացնենք աշխատանքը Կասպից ծովէ ներս համատեղ նաւատորմ մը ստեղծելու ուղղութեամբ», տեղեկացուցին պաշտօնական աղբիւրները՝ մեկնաբանելով բանակցութիւններու արդիւնքը:
Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026