ԱՐԱՄԱՅԻՍ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՆՈՐ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը արդէն ունի նոր գործադիր տնօրէն մը. յանձինն՝ Արամայիս Աւետիսեանի:
Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը քուէարկութեան արդիւնքով գործադիր տնօրէնի պաշտօնը վստահած է Արամայիս Աւետիսեանին, որ ստացած է 22 կողմ ձայն՝ փոխարէնը 0 դէն եւ երկու ձեռնպահ: Այսպէսով, 29 անդամներէ բաղկացեալ հոգաբարձուներու խորհուրդին կողմէ Արամայիս Աւետիսեան ընտրուած է գործադիր տնօրէն: Ան պաշտօնի ձեռնարկած է 24 օգոստոս 2026 թուականի ուղղութեամբ:
Հոգաբարձուներու խորհուրդին ներկայացուցած տեսլականին մէջ Աւետիսեան ներկայացուցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի զարգացման հիմնական ուղղութիւնները՝ կազմակերպչական կարողութիւններու ամրապնդում եւ գործառնական արդիւնաւէտութեան բարձրացում, վստահութեան, հաշուետուողականութեան եւ թափանցիկութեան նոր մշակոյթի ձեւաւորում, անցում արձագանգային գործողութիւններէ դէպի երկարաժամկէտ ռազմավարական ծրագրաւորման՝ պահպանելով Հայաստան-սփիւռք կապի ամրապնդումը՝ որպէս հիմնադրամի առանցքային առաքելութիւն:
Արամայիս Աւետիսեան մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ է եւ կառավարման մասնագէտ՝ շուրջ 13 տարուայ փորձառութեամբ պետական, մասնաւոր եւ հասարակական ոլորտներէ ներս: Իր մասնագիտական փորձառութիւնը կ՚ընդգրկէ կազմակերպութիւններու կառավարումն ու հաստատութենական զարգացումը, ռազմավարական ծրագրաւորումը, հանրային քաղաքականութեան, շահառուներու հետ աշխատանքի եւ դրամահաւաքի եւ հաղորդակցութեան վերաբերեալ ուղղութիւններ: 2022 թուականէն ի վեր ան կը զբաղեցնէր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի օգնականի պաշտօնը:
Արամայիս Աւետիսեան բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Հայաստանի Պետական տնտեսագիտական համալսարանէն ներս՝ միջազգային տնտեսական յարաբերութիւններու մասնագիտութեամբ: 2025 թուականէն ի վեր ան ներգրաւուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ծրագրերուն: Ան համակարգած է 2025 թուականի «Հայրենիք եւ յաւերժութիւն» համահայկական դրամահաւաք-արշաւը, որու արդիւնքնին հաւաքագրուած է շուրջ 17 միլիոն ամերիկեան տոլար: Այդ գումարը մօտաւորապէս 30 տոկոսով գերազանցած էր վերջին տարիներու միջին ցուցանիշը:
Արամայիս Աւետիսեան այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ Հայկակ Արշամեանին, որ շուրջ երկու տարիէ ի վեր՝ որպէս դեսպան կը պաշտօնավարէ Պուտափեշտի մէջ: Հայկակ Արշամեանի դեսպան նշանակուելէ վերջ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը եղած էր Զարուհի Ազնաւուրեան: Այդ անցումային շրջանէն վերջ, ներկայիս Արամայիս Աւետիսեան արդէն դարձած է հիմնադրամի նոր գործադիր տնօրէնը:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ստեղծուած է 1992 թուականին՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի ներուժը զարգացնելու, ամրապնդելու եւ համախմբելու նպատակով: Աւելի քան երեք տասնամեակէ ի վեր այս կառոյցը կ’իրականացնէ ենթակառուցուածքային, կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ զարգացման զանազան ծրագրեր՝ ծառայելով Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան համահայկական հարթակի զարգացման: Հիմնադրամը նաեւ համախմբած է համահայկական ներուժը՝ մարդասիրական ճգնաժամերու եւ այլ հրատապ մարտահրաւէրներու ժամանակ: