ՓԱԿ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ՝ ԲԱՑ ԴՈՒՌ ՄԸ. ԴՈՒԻՆԻ ՄԷՋ ԾՆՈՒՆԴ ԱՌԱԾ ՓՈՔՐԻԿ ԱՇԽԱՐՀԸ

Երեւանէն ոչ-հեռու, Դուին գիւղին մէջ՝ պատմական Դուին մայրաքաղաքի տեղին շատ մօտ, իրանահայ Ժորժ Աբրահամեանի հիւրընկալ տունը կարծես ժամանակի եւ սահմաններու վրայ կանգնած փոքրիկ աշխարհ մը ըլլայ՝ մշակոյթի, յիշողութեան ու մարդկային ջերմութեան միահիւսուած անկիւն մը։

Այստեղ, իր կնոջ՝ Նարինէի եւ որդւոյն՝ Վահէի հետ, Ժորժը ստեղծած է այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր երաժշտութիւնը, երգը, գրականութիւնն ու խօսքը տան շունչն ու ապրելու կերպն են։ 

Ցաւօք, այսօր մեր շատ մը գիւղերուն մէջ տիրող պատկերը տխուր է. դատարկուած փողոցներ, լքուած ու խոնաւ պատերով տուներ, որոնց ծխնելոյզներէն այլեւս ծուխ չի բարձրանար, կայ ամայի լռութիւն մը, որ կը ճնշէ հոգին։ Այդ տխրութեան դէմ յանդիման, Դուինի այս օճախը կանգնած է իբրեւ յոյսի ու կեանքի վառ փարոս մը՝ ցոյց տալով, թէ ինչպէս կարելի է մարած մոխիրներու տակէն վերստին արծարծել տան կրակը։

Արտասահմանի մէջ վաղուց ընդունուած է գիւղական տուներու մէջ հիւրեր ընդունիլ, բնութեան գիրկին մէջ ստեղծել փոքրիկ պանդոկներ ու մշակութային ապաստարաններ, ուր մարդիկ կը հեռանան քաղաքի աղմուկէն եւ կը վերագտնեն պարզ կեանքի համը։ Մեզի համար ալ նման տուները կրնան դառնալ ո՛չ միայն գիւղի մը զարդը, այլեւ հայրենիքի հոգեւոր հարստութիւնը պահպանող ու փոխանցող օճախներ։ Այդպիսի նախաձեռնութիւնները միաժամանակ կրնան գիւղին նոր կեանք տալ, տեղացի ընտանիքներուն եկամուտ ապահովել եւ քաղաքաբնակ մարդը դարձեալ կապել գիւղին, հողին ու իր արմատներուն հետ։

Ժորժ Աբրահամեանի տունը այդ երազին կենդանի օրինակներէն մէկն է։ Հիւրանոց չէ, բայց, քանի մը ժամով արուեստի կեդրոնի կը վերածուի եւ կ՚ընդունի հանդիսատես-հիւրեր, որոնք այստեղ կը վայելեն արուեստի իրական շունչը։ Այդ գաղափարը Ժորժ Աբրահամեան ունեցած է տարիներ առաջ՝ Թորոնթօ բնակող որդիին հետ զրուցած ատեն։ Որդին պատմած է, որ արտասահմանի մէջ մարդիկ իրենց տուներու երդիքին տակ համերգներ կ՚ունենան, հիւրեր կ՚ընդունին եւ իրենց բնակարանը կը բանան արուեստի առջեւ։ Այդ գաղափարը շատ ոգեւորած է Ժորժը եւ ան որոշած է գիւղի իր տունը նոյն ձեւով բանալ արուեստասէրներուն առջեւ։ Պարզապէս տուն մը չէ կառուցած, այլ իր պատկերացուցած կեանքի ձեւը ստեղծած է։

Ժորժ Աբրահամեան ծնած է 1963 թուականին, Իրան։ Տարրական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Թեհրանի հայկական դպրոցներուն մէջ։ Երկու տարուան զինուորական ծառայութենէն ետք, 1987 թուականին եկած է Երեւան եւ ուսանած՝ Երեւանի Պետական համալսարանի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժինին մէջ։ Ուսանելէ ետք վերադարձած է Թեհրան ու դասաւանդած՝ տեղի հայկական դպրոցներուն մէջ։ Ան աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած է Թեհրանի հայկական միութիւններուն մէջ, եղած է սկաուտական շարժման անդամ, ապա՝ ղեկավար։ Իբրեւ յօդուածագիր եւ խմբագիր աշխատակցած է «Ծիածան» եւ «Հանդէս» պարբերականներուն, ինչպէս նաեւ տարիներ շարունակ ղեկավարած է Սողոմոնեան դպրոցի երգչախումբը։ Միաժամանակ, աշխատած է Իրանի Պետական ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսութեան հայկական ձայնասփիւռի մէջ՝ իբրեւ թարգմանիչ, լրագրող եւ հաղորդավար։

2004 թուականին Ժորժը վերջնականապէս տեղափոխուած է Հայաստան եւ շուրջ տասը տարի ընտանիքին հետ ապրած է Երեւան։ Հայաստան հաստատուելէ ետք ան շարունակած է համագործակցութիւնը Իրանի Պետական հեռուստատեսութեան հետ՝ պարսկերէնով լուսաբանելով Հայաստանի իրադարձութիւնները։ Աշխատած է նաեւ Երեւանի մօտ Իրանի դեսպանատան մշակոյթի կեդրոնին մէջ՝ իբրեւ թարգմանիչ ու խորհրդատու, իսկ Երեւանի թիւ 110, Արարատի մարզի Ներքին Դուին եւ Այգեստան համայնքներու դպրոցներուն մէջ դասաւանդած է պարսկերէն։ Ժորժը պարսկերէնէ հայերէնի թարգմանած է քանի մը գիրքեր, որոնց շարքին՝ «Հանրագիտարան իրանահայոց» հատորը, ինչպէս նաեւ պարսկական գրականութեան հսկաներէն Հաֆէզի եւ Ռումիի ստեղծագործութիւնները։ Թեհրանի մէջ լոյս ընծայած է նաեւ իր բանաստեղծութիւններու ժողովածուն՝ «Եւ ուրիշ ոչինչ» խորագրով, իսկ Հայաստանի մէջ՝ պատմուածքներու գիրքը։ Հրատարակած է նաեւ «Չարենց-Նամէ» պոէմը՝ հայերէն-պարսկերէն։

Երեւանեան կեանքէն ետք գիւղին մէջ ապրելու մեծ փափաքը զինք առաջնորդած է դէպի Դուին։ Ժորժի կապը Իրանի հետ, սակայն, միայն գրականութեան, լեզուի եւ երաժշտութեան սահմաններուն մէջ չի մնար։ Իրանի ներկայիս պատերազմէն առաջ ան նաեւ զբօսաշրջիկներ կը տանէր Իրան՝ այցելելու երկրի պատմական ու մշակութային վայրերը, իր գիտելիքներով ու անձնական փորձառութեամբ կը ծանօթացնէր այցելուները Իրանի բազմաշերտ պատմութեան, հին քաղաքներուն, ճարտարապետութեան ու մշակութային ժառանգութեան հետ։

Այսօր, երբ պատերազմի պատճառով սահմանները կարծես փակուած են եւ Հայաստան-Իրան երթեւեկութեան ու մարդկային շփումներուն վրայ անորոշութիւններ կան, Ժորժի Դուինի տունը տարօրինակ կերպով կը թուի աւելի բացուած ըլլալ։ Այն սահմանը, որ իրական աշխարհի մէջ փակուելու կամ նեղնալու զգացում կը ստեղծէ, այս տան մէջ կարծես կը վերանայ։ Այստեղ Իրանը կը մտնէ տուն՝ երաժշտութեամբ, քերթողութեամբ, թանպուրի ձայնով, յիշատակներով, հին իրերով ու խոհանոցով, իսկ Հայաստանը կը պատասխանէ դուդուկով, գաթայով, երգով եւ իր հիւրընկալ սեղանով։

Միշտ ալ այդպէս եղած է՝ երբ աշխարհը բաժանարար գիծեր կը քաշէ, մշակոյթը դեռ կրնայ կամուրջներ կառուցել։

Տունը կառուցելու ոդիսականը ինքնին անհաւատալի պատմութեան մը սկիզբը կրնար ըլլալ։ Երբ առաջին անգամ տեսած է տեղանքը, իր դիմաց չկար տուն մը կամ տունի նմանող կառոյց մը, այլ չորս քանդուած պատերու աւերակ եւ անապատի վերածուած այգի մը։ Բայց, գարնանային ծիրանենիներու բոյրը, հողին շունչը եւ տեղւոյն անբացատրելի ոգին այնքան խոր տպաւորութիւն ձգած են իր վրայ, որ Ժորժ որոշած է աւերակը վերածնել։

Անսպառ հաւատքով, սկսած է կառուցել իր տունը՝ զայն պատկերացնելով իբրեւ իր «պալատը»։

Այսօր այդ տան ամէն մի անկիւն պատմութիւն մը ունի։ Պատերուն յայտնուած իրերուն մեծ մասը նուէրներ են Իրանի իր ընկերներէն ու հարազատներէն՝ Շիրազէն մինչեւ Քաշան։ Իւրաքանչիւր առարկայ իր հետ բերած է հեռաւոր քաղաքի մը յիշողութիւնը, մարդու մը սէրը, անցեալի մը հետքը։ 

Դուինի գիւղական տան մը մէջ, կամաց-կամաց կուտակուած է նաեւ Իրանի հայկական ու իրանական կեանքին ու մշակոյթին մէկ փոքրիկ, բայց կենդանի թանգարանը։

Այս տան ամբողջական պատկերը, սակայն, դժուար է պատկերացնել առանց Նարինէի ու Վահէի։

Նարինէն տան իսկական հոգին է՝ հիւրընկալ տանտիկին, որուն ներկայութիւնը կը զգացուի տան ամէն անկիւնին մէջ։ Տունին եւ բակին կոկիկութիւնը, ամէն ինչ իր տեղին ու կարգին պահելու հոգատարութիւնը արդէն կը խօսին իր մասին։ Բայց Նարինէի ձեռքերը միայն տուն չեն շէնցներ. ան նաեւ ասեղնագործութեան վարպետուհի է։ Իր ձեռագործ աշխատանքները տան պատերուն կու տան առանձնայատուկ ջերմութիւն մը՝ միաժամանակ պահպանելով հայկական ձեռարուեստի նուրբ ու համբերատար աւանդութիւնը։

Իսկ Վահէն այս տան երիտասարդ սիրտն ու շարունակութիւնն է։

Ընդամէնը տասնութ տարեկան է, սակայն, իր տարիքէն շատ աւելի հասուն տպաւորութիւն կը թողու։ Այս տարի ընդունուած է Երեւանի Պետական երաժշտանոց՝ դուդուկի բաժին, ընտրելով մասնագիտութիւն մը, որ այսօր, ցաւօք, աստիճանաբար վերացող մասնագիտութիւններու շարքին կը յայտնուի։ Անոր համար դուդուկը հայկական ինքնութեան եւ երաժշտական ժառանգութեան մէկ մասնիկն է։

Երեկոյի ընթացքին Վահէն նուագեց «Հաւուն-հաւուն»ը եւ հայկական այլ մեղեդիներ՝ դուդուկով։ Ան ձեռքը առաւ նաեւ թանպուրը եւ մօտեցաւ դաշնամուրին՝ վարժ տիրապետելով նաեւ այդ գործիքներուն։

Վահէն կիթառ ալ նուագել գիտէ։ Իր երաժշտական բազմազան ընդունակութիւններուն մէջ ամենէն տպաւորիչը, սակայն, հայկական երաժշտութեան հանդէպ իր սէրն է։ Տասնութ տարեկան երիտասարդի մը մէջ այդքան խոր արմատներ ունեցող սէր մը տեսնելը յատկապէս յուսադրող է՝ մա՛նաւանդ այսօր, երբ շատ մը երիտասարդներ կը հեռանան իրենց աւանդական երաժշտական ժառանգութենէն։

Վահէն նաեւ իր ձեռքերով աշխատող երիտասարդ մըն է։ Թոնիրին մէջ հայկական գաթա կը թխէ եւ կը վաճառէ՝ իր ուսման ծախսերը հոգալու համար։ Միաժամանակ, իրանական խոհանոցի նրբութիւնները սորվելու նպատակով յատուկ դասընթացքներու մասնակցած է, վարպետներէն սորված է իրանական հալվա, անուշեղէններ եւ այլ համադամ կարկանդակներ պատրաստելու արուեստը։ Երաժշտութիւնը, խոհանոցը, ձեռքի աշխատանքը եւ աշխատասիրութիւնը միացած են մէկ երիտասարդ կեանքի մէջ։

Ժորժ Աբրահամեան ունի նաեւ մէկ այլ որդի՝ դաշնակահար Նարեկ Աբրահամեանը, որ կ՚ապրի Գանատա եւ համերգներ կու տայ։ Այս ընտանիքին մէջ երաժշտութիւնը յայտնի է, որ սերունդէ սերունդ փոխանցուող ներքին լեզու մըն է՝ տարբեր ափերու վրայ ապրող զաւակները միացնող կամուրջ մը։

Տաք գաթայի անուշ բոյրը, փայտեայ կահոյքը, նախշազարդ պնակներն ու ձեռագործ իրերը Ժորժի տունին մէջ կը ստեղծեն հովուերգական այնպիսի մթնոլորտ մը, որ այցելուն պահ մը կը մոռնայ, թէ քաղաքէն ընդամէնը քանի մը քայլ հեռու է։ Տան որոշ իրեր Ժորժը գիւղէն հաւաքած, նորոգած եւ նոր շունչ տուած է անոնց։ Սեղանին վրայ հայկական աւանդական գաթան, անոնց այգիի դեղձերը, գինին ու բուրումնաւէտ թէյը կը լրացնեն մթնոլորտը։ Այստեղ նոյնիսկ սեղանը մշակութային զրոյցի կը վերածուի։

Այս տունը նաեւ երկու մշակոյթներու հանդիպման վայր է՝ Հայաստանը եւ Իրանը սերտ երկխօսութեան մէջ են, հայկական եւ իրանական մշակոյթները բնականօրէն խառնուած են իրարու։

Այս յարկին տակ արդէն կազմակերպուած հինգ-վեց գրական-երաժշտական երեկոները կը վկայեն, թէ ինչպէս կարելի է գիւղական համեստ անկիւն մը լեցնել կենդանի արուեստով։ Տան երդիքին տակ նոյնիսկ սուֆիներու շրջանակներուն մէջ տարածուած հոգեւոր-ծիսական սամա պարը պարած են Իրանէն եկած պարուհիները։

Այս երեկոյին այդ կենդանի մշակոյթի հիմնական մասնակիցն էր Ամիր Սայեհ՝ իրանական «Զոլֆար» աւանդական երաժշտական խումբի ղեկավարը եւ թանպուրահար վարպետը։ Ամիրը համեստ երաժիշտ մըն է, առանց ցուցամոլութեան, առանց մեծ խօսքերու։ Բայց, անոր ձեռքերը գիտեն կենդանացնել վեց հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող գործիք մը։ 

Թանպուրը շուրջ վեց հազար տարուան պատմութիւն ունի եւ կը համարուի աշխարհի հնագոյն իրանական երաժշտական գործիքը։ Այդքան խոր անցեալ ունեցող գործիքի մը այսօր կենդանի հնչեցնելը ինքնին մշակութային մեծ արժէք է։

Թանպուրը հիմնականին մէջ կը պատրաստուի ընկուզենիի եւ թթենիի փայտերէ։ Այն ունի երեք լար, սակայն՝ երկու լարուածք։ Այսօրուան երաժշտական գործիքներու սովորական պատկերացումէն տարբեր՝ անոր պատրաստութեան եւ նուագի աւանդութեան մէջ պահպանուած են նաեւ շատ հին մանրամասնութիւններ։

Հին ժամանակներուն թանպուրի լարերը պատրաստուած են կանանց մազերէ։ Իսկ անոր փարդաները՝ նուագողի մատները ուղղորդող բաժինները, մինչեւ այսօր կը պատրաստուին յատուկ ձեւով մշակուած ոչխարի աղիքէ։ Այս մանրամասնութիւնները գուցէ առաջին հայեացքով փոքր բաներ թուին, սակայն, անոնք կը վկայեն, թէ որքան խորն ու աւանդական է այս գործիքի մշակոյթը։

Երբ այս բոլորը գիտակցելով կը լսես Ամիր Սայեհի նուագը, թանպուրի իւրաքանչիւր հնչիւն կարծես ուրիշ նշանակութիւն կը ստանայ։ Անոր մատներուն տակ կը հնչէ մարդկութեան հին յիշողութենէն մեզի հասած ձայն մը։ Վեց հազար տարի առաջ ստեղծուած աւանդութիւնը այդ երեկոյ Դուինի գիւղական տան մէջ դարձեալ կենդանի էր։

Ժորժը կ՚երգէր, Ամիր Սայեհ կը հնչեցնէր թանպուրը․ վարպետ թանպուրահարը իր աշակերտին՝ Վահէին արտօնեց նուագել իր հետ եւ ատիկա ոգեւորութիւն էր սկսնակ թանպուրահարին համար։ 

Երեկոյի ընթացքին Ժորժը ընթերցեց Հաֆէզէն եւ Ռումիէն իր թարգմանութիւններէն, նաեւ ներկաներուն ընթերցեց իր պատմուածքներէն հատուածներ։ Յատկանշական էր հայրենադարձութեան, տան կորստեան եւ զայն վերստին կառուցելու անսպառ տոկունութեան մասին իր պատմութիւնը։ Ան յուզումով յիշեց իր հօր եւ հարազատներու տառապանքն ու փորձութիւնները, երբ ստիպուած էին կրկին ու կրկին շէնցնել իրենց տունը։

Դուինի այս անկիւնը ցոյց կու տայ, որ հայրենիքը կը շինուի նաեւ գիւղի մը մէջ, դեղձենիներու հովանիին տակ, սեփական ձեռքերով բարձրացուած պատերով, հին իրերու պահպանուած յիշողութեամբ, գաթայի բոյրով, դուդուկի ձայնով ու բաց դուռով։

Ժորժ Աբրահամեանի ընտանիքին ստեղծած միջավայրը յստակ պատգամ մըն է. աւերակը տուն դարձնելու եւ դատարկ այգին պարտէզի վերածելու համար անհրաժեշտ է միայն հաւատք ու նուիրում։ Իսկ երբ տունը կը բացուի մարդոց առջեւ, ան կը դառնայ ջերմ օճախ։ Եւ այդ օճախին շուրջ հնչող երաժշտութիւնը, թարմ գաթայի բոյրն ու բանաստեղծական զրոյցները Դուինի այս տունը վերածած են իսկական մշակութային ապաստարանի մը։ 

Որովհետեւ երբ սահմանները կը փակուին, երբեմն մէկ բաց դուռ բաւարար է, որպէսզի աշխարհը շարունակէ ներս մտնել։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2026