Արխիւ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու վերաբերեալ քրէական գործը արդէն հասած է Երեւանի Առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարան։
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թամի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին։
«Աւանդական» պարախումբը, որ կը գործէ պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի մականին ներքեւ, այս ամառ բեղուն գործունէութիւն ծաւալեց՝ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերային ցանցերու վաճառքի էջերուն մէջ այսօր յաճախ կը հանդիպինք այսպիսի խորագրերով յայտարարութիւններու․ «Խորհրդային ժամանակներու իրեր կը վաճառուին», «Մեծ մամայիս սպասքէն մնացած է», «Չգործածուած օժիտի իրեր», «Հին բիւրեղապակի», «Տասնամեակներու պատմութիւն ունեցող շքապահարան, պիւֆէ» եւ այլն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մարդիկ յաճախ արդարութեան մասին կը խօսին, արդարութեան մասին կը գրեն, արդարութեան մասին կը քարոզեն ու կը ճառախօսեն, բայց քիչերն են, որոնք կը փորձեն իսկապէս հասկնալ եւ ըմբռնել, թէ ի՞նչ է արդարութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան (շուրջ 347-407), տիեզերական եկեղեցւոյ ամենապայծառ դէմքերէն մին, կ՚ըսէ. «Սուրբ Հոգին մկրտութեան աւազանով վերստին ծնուածներուն իմաստութեան, թարգմանութեան շնորհները եւ կարողութիւնը կու տայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր օրերուն գիր գրականութեամբ զբաղողները «նախանձելի» ըլլալ կը թուին, որովհետեւ մարդկային միտքը բթացնող այս աշխարհին մէջ կամաց կամաց հասարակութիւնը կարիքը կը սկսի զգալ իմացականութեան։ Սակայն, այդ «նախանձ»ը գիտելիքի ու իմաստութեան ծարաւէն չի ծնիր։
Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) Պիշքէքի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովը վերջին օրերուն լայն արձագանգ ստեղծեց միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւս մասնակցեցաւ այս գագաթաժողովին, որու շրջանակներէն ներս երէկ առանձնազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Պիշքէքի մէջ Փաշինեան-Փութին հանդիպում. Երեւան-Մոսկուա առանցքի լարուածութեան նոր դրսեւորումը:
«Ռուսաստան վաղն իսկ Կիւմրիէն դուրս կրնայ բերել իր ռազմախարիսխը, եթէ Հայաստան այդ մէկուն կարիքը չունի»:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսայի Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան արդէն քաղաքիս մէջ է։ Իրեն կ՚ընկերանայ թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանի տեսուչ Տ. Մարտիրոս աւ. քհնյ. Չեւեան։
2026-2027 կրթական շրջանի վերամուտը արդէն հասած է։ Երէկ, Հայաստանի մէջ դպրոցները վերաբացուեցան եւ 1 Սեպտեմբերի՝ գիտելիքի օրուան առթիւ տեղի ունեցան աւանդական ձեռնարկներ։
ՏՔԹ. ԱՀՄԱՏ ԱՄԻՆ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Գրականութիւն» եւ «գիտութիւն» բառերը արաբերէն լեզուին մէջ անցած են զարգացման զանազան հանգրուաններէ։ «Գրականութիւն» բառը երբեմն գործածած են այն իմաստով, որ կը բարձրացնէ բարքը եւ կը դաստիարակէ հոգին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ես հասկցայ այն ամէնը՝ ի՛նչ որ ծածուկ էր եւ բացայայտուեցաւ, որովհետեւ իմաստութիւնը, որ բոլորին ճարտարապետն է, սորվեցուց ինծի։ Անոր մէջ կայ բանական հոգի, որ սուրբ է. միածին, բազմաբաշխ, նուրբ, դիւրաշարժ, պարզ, անարատ, յայտնի, անվրէպ, բարեսէր, արագ, անարգել, բարերար, մարդասէր, հաստատուն, զգուշաւոր, անհոգ, ամենազօր, ամենահայեաց եւ կարող՝ թափանցելու մտաւոր, մաքուր եւ նրբին բոլոր բաներու մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շատեր կը կարծեն ու կը հաւատան, թէ կեանքը պատահական եւ կամ գուցէ նախորոշուած դէպքերու շղթայ մըն է, սակայն, ի տարբերութիւն շատերու կը հաւատանք, որ այդ բոլորը կամայ-ակամայ տեղ մը սեփական ընտրութեան ու գիտակցական վիճակի մը արդիւնքն է եւ այդ մէկը կրնա՛նք փաստել:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի նոր սերունդի արժէքաւոր ներկայացուցիչներէն Փառէն Մեծատուր իրաւունք շահած է՝ իր բարձրագոյն ուսումը արտասահմանի մէջ շարունակելու։
Մեքքէի պաշտպանութեան նորաստեղծ դաշինքին առաջին ժողովը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ:
Ֆիտան. «Տարածաշրջանէն ներս սկսած է՝ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան նոր ճարտարապետութեան մը ձեւաւորման գործընթացը եւ պիտի տեսնենք, որ կայունութիւնը պիտի ամրապնդուի, իսկ անորոշութիւնը պիտի նուազի»:
Երէկ, 97 տարեկան հասակին, իր մահկանացուն կնքեց Ֆրանսայի նախկին վարչապետներէն Էտուար Պալատիւր (1929-2026)։ Ֆրանսայի աջակողմեան քաղաքական ճամբարի տիրական եւ ամենահեղինակաւոր կերպարներէն մին էր Էտուար Պալատիւր, որու կորուստին լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանան երկրի զանգուածային լրատուութեան միջոցները։
ՇՀԿ-ի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ տեսակցութիւն: Նիկոլ Փշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ կարեւորութիւն կ՚ընծայեն՝ TRIPP-ի ծիրին մէջ կապակցուածութեան նախագծերուն նկատմամբ:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
1 սեպտեմբերին, ֆրանսական պետութիւնն ու ֆրանսացի ժողովուրդը, այլեւ բովանդակ հայութիւնը աշխարհի, հանդիսաւորութեամբ կը նշեն ծննդեան 120-ամեակը բանաստեղծ, Ֆրանսայի «Ազգային հերոս» եւ մեծափառ հայրենասէր Միսաք Մանուշեանի (Ծնեալ՝ Ատըեաման, 1 սեպտեմբեր 1906 - Փարիզ, 21 փետրուար 1944):
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գորգը լուռ արուեստ մըն է, ո՛չ մէկ բան կը պատմէ բառերով, սակայն, երբեմն կրնայ պատմել ամբողջ ժողովուրդի մը աշխարհընկալումը։
Անոր վրայ դրուագուած արուեստը կարդալը ինքնին արդէն արուեստ է․ գորգի մը վրայ պատկերուած ծառը կրնայ յաւերժութեան նշան ըլլալ, խաչը՝ հաւատքի վկայութիւն, կամարը՝ տաճարի յիշողութիւն, թռչունը, կենդանին, ծաղիկը, ամէն մէկ գիծը իրենց նշանակութիւնը ունին։