ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐՈՒ ԵԶՐԻՆ ԱՊՐԻԼԸ

Այսօր մարդը կրնայ ամբողջ օրը ապրիլ աշխարհի մը մէջ, ուր գրեթէ ամէն ինչ տեսանելի է, բայց ինք՝ անտեսանելի։ Ընկերային ցանցերը մեզի խոստացան մօտիկութիւն, կապ, ներկայութիւն։ Խոստացան, որ այլեւս ո՛չ ոք պիտի մնայ հեռու, ո՛չ մէկ պատմութիւն պիտի կորսուի լռութեան մէջ եւ ոչ մէկ մարդ պիտի ստիպուի իր առանձնութեան հետ առանձին մնալ։ Բայց տարիներ ետք սկսանք հասկնալ տարօրինակ ճշմարտութիւն մը․ կարելի է հազարաւոր մարդոց կեանքին հետեւիլ եւ դարձեալ զգալ, որ ո՛չ ոք մեզ իրապէս կը ճանչնայ։

Ամէն օր կը նայինք ուրիշներու կեանքերուն։ Կը տեսնենք ժպիտներ, ճամբորդութիւններ, նոր տուներ, նոր սէրեր, յաջողութիւններ, գեղեցիկ սեղաններ, տօներ, ծովափեր ու լուսանկարներ, որոնց մէջ կեանքը կարծես միշտ իր լաւագոյն երեսակը ունի։ Իսկ երբ մեր սեփական օրը լուռ է, երբ ոչինչ յատուկ տեղի կ՚ունենայ, երբ յոգնած ենք եւ տրամադրութիւն չունինք, անգիտակցաբար կը սկսինք համեմատել մեր իրականութիւնը ուրիշներու ցուցադրած իրականութեան հետ։

Այդ պահուն ընկերային ցանցը այլեւս պատուհան չի մնար դէպի աշխարհ։ Ան կը դառնայ հայելի մը, որուն մէջ սկսած ենք մենք մեզ չափել ուրիշներու կեանքով։

Եւ գուցէ ամենէն ծանր մասը այն է, որ այդ աշխարհէն ամբողջովին հեռանալն ալ դիւրին չէ։ Որովհետեւ այնտեղ կը մնան մարդիկ, զորս կը սիրենք, յիշողութիւններ, որոնց կը կապուինք, նորութիւններ, որոնց կը սպասենք՝ երբեմն նոյնիսկ այն մէկ մարդը, որուն ներկայութիւնը իրական կեանքին մէջ այլեւս չունինք։ Այս պատճառով մենք յաճախ չենք ապրիր ընկերային ցանցերու մէջ, բայց նաեւ չենք հեռանար անկէ։ Կը գտնուինք անոր եզրին՝ մէկ ոտքով իրականութեան, միւսով՝ ուրիշներու ցուցադրած կեանքերուն մէջ։

Այդ եզրային վիճակը մարդը կամաց-կամաց կը յոգնեցնէ։

Կը սկսինք մտածել, թէ ինչո՛ւ ուրիշներու կեանքը այսքան հետաքրքրական է, իսկ մերինը՝ այսքան սովորական։ Ինչո՛ւ անոնք միշտ ուրախ են, իսկ մենք երբեմն առանց պատճառի կը զգանք դատարկութիւն։ Ինչո՛ւ անոնք կարծես միշտ գիտեն, թէ ո՛ւր կ՚երթան, մինչդեռ մենք երբեմն նոյնիսկ չենք գիտեր, թէ ի՛նչ կ՚ուզենք։

Բայց մենք կը մոռնանք ամենակարեւոր բանը․ ընկերային ցանցերը կեանքի ամբողջութիւնը չեն։ Անոնք կեանքի ընտրուած կտորներն են։ Մարդը այնտեղ կը ցուցադրէ իր պատմութեան այն էջերը, որոնք կ՚ուզէ, որ ուրիշները կարդան։ Իսկ այն էջերը, ուր ան լացած է, կորսուած է, վախցած է, սխալած է կամ գիշերը առանձին նստած է իր մտածումներուն հետ, սովորաբար ո՛չ ոք կը տեսնէ։

Մենք կը համեմատենք մեր ամբողջ պատմութիւնը ուրիշներու պատմութեան գեղեցիկ հատուածներուն հետ եւ կը զարմանանք, թէ ինչո՛ւ մեզի կը թուի, որ ետ մնացած ենք։

Երբեմն պէտք է հեռանալ պաստառէն՝ ոչ թէ աշխարհը մերժելու համար, այլ ինքզինք կրկին լսելու համար։

Պէտք է օրեր ըլլան, երբ մեր ուրախութիւնը լուսանկարուելու կարիք չունենայ։ Պէտք է պահեր ըլլան, որոնց մասին ո՛չ ոք իմանայ։ Սիրոյ մը գոյութիւնը պէտք չէ հաստատուի ուրիշներու «հաւանում»ով։ Ճամբորդութիւն մը պէտք չէ արժէքաւոր դառնայ միայն այն ատեն, երբ անոր լուսանկարը հազարաւոր մարդիկ կը տեսնեն։ Իսկ մեր կեանքը պէտք չէ չափուի այն բանով, թէ որքան հետաքրքրական կը թուի ուրիշներու աչքերուն։

Որովհետեւ իրական կեանքը շատ յաճախ լուսանկարուող կեանքը չէ։

Իրական կեանքը այն առաւօտն է, երբ աչքերդ կը բանաս եւ ո՛չ մէկ յատուկ բան տեղի ունեցած է, բայց, սուրճիդ մէջ խաղաղութիւն մը կը գտնես։ Իրական կեանքը այն երկար զրոյցն է, որ երբեք նկարահանուած չէ։ Այն գրկախառնութիւնն է, որ ո՛չ մէկ պատմութեան մէջ տեղ գտած է։ Այն արցունքն է, որ միայն դուն գիտցած ես։ Այն մարդն է, որ քու կողքիդ մնացած է այն պահուն, երբ ընկերային ցանցերու վրայ ո՛չ ոք գիտէ, թէ դուն դժուար օր մը կ՚ապրիս։

Գուցէ մենք պէտք է սորվինք երբեմն ապրիլ առանց ապացուցելու, որ կ՚ապրինք։ Որովհետեւ երբ ամէն զգացում կը վերածենք հրապարակման, երբ ամէն պահ կը մտածենք ուրիշներու հայեացքին մէջ, կամաց-կամաց կը կորսնցնենք մեր կեանքի ամենաթանկ առանձնութիւնը՝ պահը ապրելու կարողութիւնը։

Ընկերային ցանցերու եզրին ապրիլը թերեւս կը նշանակէ գիտնալ, թէ ո՛ւր վերջ կը գտնէ ուրիշներու աշխարհը եւ ուր կը սկսի մերինը։ Այդ սահմանը պէտք է պահպանել։ Որովհետեւ մարդու ամենագեղեցիկ կողմերէն մէկը այն է, որ ան կրնայ ունենալ կեանք մը, զոր ո՛չ ոք տեսած է, սակայն, որուն մէջ ինք իսկապէս երջանիկ է։

Եւ գուցէ հասունութիւնը կը սկսի այն օրը, երբ այլեւս չենք զգար ամէն ինչ բաժնելու անհրաժեշտութիւնը։ Երբ կը հասկնանք, որ որոշ երջանկութիւններ աւելի գեղեցիկ են, երբ միայն մերինն են։ Որոշ յիշողութիւններ աւելի թանկ են, երբ չեն վերածուիր լուսանկարի։ Եւ որոշ զգացումներ այնքան խոր են, որ անոնք «հաւանում»ի նշանի մը կարիքը չունին։

Հուսկ, ընկերային ցանցերը կրնան մեզ կապել ամբողջ աշխարհի հետ, բայց, միայն մենք մեզ կրնանք կապել մեր ներսի մարդուն հետ։ Եւ երբեմն անհրաժեշտ է հեռանալ պաստառի լոյսէն, որպէսզի վերջապէս տեսնենք մեր սեփական հոգիին լոյսը։

Թերեւս կեանքը այն չէ, ինչ որ կը ցուցադրենք ուրիշներուն։ Կեանքը այն է, ինչ որ կը մնայ մեր մէջ, երբ հեռաձայնը կը լռէ, պաստառի լոյսը կը մարի եւ մենք կը մնանք առանձին՝ մեր իսկական եսին հետ։ Այդ պահուն այլեւս կարեւոր չէ, թէ քանի հոգի մեզ տեսած է։ Կարեւորը այն է, թէ մենք վերջապէս տեսա՞ծ ենք զմեզ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2026