Արխիւ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2026

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

12 սեպտեմբերին՝ 47 տարի առաջ այսօրուան պէս, 1979-ին, պոլսահայութիւնը մասնաւորապէս, համայն հայութիւնը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, ցնցուեցաւ 20-րդ դարու հայազգի սակաւաթիւ լեզուագէտներէն, պատմաբաններէն ու առասպելական հոծութեամբ նշանաւորուող գիտնականներէն մէկուն՝ Յակոբ Մարթայեանի (Պոլիս, Պիւյիւքտէրէ, մանկութիւնը՝ Կէտիկփաշա թաղին մէջ անցուցած, 22 մայիս 1895 - Պոլիս, 12 սեպտեմբեր 1979, թուրք հասարակութեան կողմէ առաւելապէս ճանչցուած Ակոբ Տիլաչար, որ թարգմանի՝ «Լեզու-բացող) մահուան դառնակսկիծ բօթով: 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Կենաց փայտովդ պահպանէ՛ զիս տխրական անուրջներէ. արիւնովդ սրսկէ՛ հանգստարանիս շրջակայքը. կենարար կողիդ կաթուածքովը գծագրէ՛ ելեւմուտիս հետքերը. տանիքիս պահպանարանը թող խաչիդ ձեւը ըլլայ…». (ՆԱՐԵԿ, Բան ՂԱ)։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2026

ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Խաչվերացի սուրբ տօնը ամէն տարի մեզ դարձեալ կը բերէ Սուրբ եւ Կենարար Խաչին դիմաց՝ այն խորախորհուրդ սրբութեան առջեւ, ուր անճար լոյսով կը փայլի Աստուծոյ սէրը, ողորմութիւնն ու փրկագործ կամքը։ Քրիստոնեային համար խաչը սոսկ տառապանքի կամ մահուան խորհրդանիշ մը չէ. ան կեանքի ծառ է, յաղթանակի նշան եւ փրկութեան դրոշմ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2026

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս ընդունեց Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան եւ Սուրիոյ եւ Իրաքի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Թոմ Պարաքը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդ արարածը թերեւս աշխարհ եկած առաջին իսկ օրէն սկսած է փնտռել։ Նախ՝ ապաստան մը մթութեան մէջ, կրակ մը ցուրտին դէմ, սնունդ մը սովը յագեցնելու համար։ Յետոյ՝ անուններ տուաւ զինք շրջապատող բաներուն, նայեցաւ երկինքին, հաշուեց աստղերը եւ սկսաւ հարցնել այն հարցումները, որոնց պատասխանները դեռ այսօր ալ ամբողջութեամբ չունինք։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աղօթքի ընթացքին սովորական դժուարութիւնը մեր մտացրումն է։ Ան կրնայ պատահիլ բառերուն եւ անոնց իմաստին շուրջ, ձայնիւ աղօթքին պահուն կամ աւելի խորապէս՝ մեր աղօթած Աստուծոյ մասին, ծիսական կամ անհատական, ձայնիւ աղօթքի պահուն, կամ մտածականի եւ հայեցողական, այսինքն մտաւոր նայուածքով կատարուած աղօթքի պահուն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այն, ինչ որ այսօր վտանգաւոր կը նկատենք, անցեալին դրական ընկալում մը ունէր։ Հայ ժողովուրդը կարեւոր կը նկատէր ունենալ անհատներ, որոնք հայ ըլլալով հանդերձ կը յաջողին որպէս ֆրանսացի, որպէս ամերիկացի մտածել, որովհետեւ այդ մէկը թէ՛ առեւտուրի եւ թէ այլ ոլորտներու մէջ կրնար դրական արդիւնք տալ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2026

Ցաւով տեղեկացանք, որ Իսթանպուլի մէջ դարմանման տակ կը գտնուի՝ Երեւանէն յայտնի վերլուծաբան Ռիչըրտ Կիրակոսեան։ Այս վերջինը քանի մը օրէ ի վեր կը գտնուէր Թուրքիոյ մէջ։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ շարք մը հանդիպումներ ունենալէ վերջ, Ռիչըրտ Կիրակոսեան անցած է Իսթանպուլ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2026

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ երէց սերունդի մտաւորական Գէորգ Պետիկեանը, որ այս օրերուն քաղաքս կ՚այցելէ իր կողակցին՝ Լիզա Պետիկեանի հետ։ Գէորգ եւ Լիզա Պետիկեան ամոլը յառաջիկայ օրերուն պիտի միանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն զբօսաշրջիկներու խումբի մը, որ շրջագայութիւն մը պիտի իրականացնեն դէպի Անատոլու՝ տեսնելու համար երբեմնի հայաբնակ գաւառները։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2026

Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեան այսօր երեկոյեան հրաժեշտ կ՚առնէ քաղաքէս:
Ամերիկահայ ուխտաւորներու խումբը երէկ ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2026

Երէկ, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ՝ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած, տիեզերական հարցերուն ձօնուած միջազգային գագաթաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2026

Նորվեկիոյ վախճանեալ Հարալտ Ե. թագաւորի վերջին հրաժեշտը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պայմաններով:
Օսլոյի մէջ համախմբուեցան աշխարհի զանազան երկիրներու թագաւորներն ու արքունիքներու ներկայացուցիչները:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2026

Երէկ, Հայաստանի Սենֆոնիք նուագախումբը բացաւ իր 21-րդ համերգաշրջանը։ Այսպէս, Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը, որ համախմբեց հոծ թիւով երաժշտասէրներ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2026

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ յառաջիկային նախատեսուած է հանդիպում մը։ Ճէյհուն Պայրամով նախօրէին հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ այս մասին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2026

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Փաշինեան Փարիզ մեկնած է՝ մասնակցելու համար Միջազգային տիեզերական գագաթաժողովին, որ կը համախմբէ աշխարհի զանազան երկիրներու ղեկավարները։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2026

Ամերիկեան CMEP կազմակերպութեան կողմէ պատուիրակութիւն մը այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Վեհափառ Հայրապետը կանգ առաւ աշխարհի հակամարտութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական տագնապին վրայ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2026

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճու յառաջիկայ շրջանին պիտի մեկնի Վիեննա՝ երաժշտական ուսումը կատարելագործելու համար։ 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Աշխարհ այս օրերուն կարծես վերադարձած է Յունաստան եւ ծուարած՝ Իթակա կղզին։ Առասպելական այս պատմավայրը խորամանկ եւ հնարամիտ հերոս Ոդիսեւսի հայրենիքն ու թագաւորութիւնը ըլլալուն հետ, խորհրդանշական կերպով վերածուած է շատերու սիրտի հայրենիքի։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սեպտեմբեր մէկը Հայաստանի մէջ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցող օր է, որ կրթական աշխարհէն ներս կը յայտարարէ նոր ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը, կը նշէ վերամուտը՝ վերադարձ դէպի դպրոցական եւ ուսանողական սեղաններ, վերադարձ դէպի գիրք, ուսում եւ գիտութիւն, միաժամանակ՝ մուտք դէպի կրթութեան ու դաստիարակութեան այն աշխարհը, ուր կը ձեւաւորուի մարդը, կը կերտուի անոր միտքը, նկարագիրը եւ ապագայի տեսլականը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Յանկարծ զօրաւոր հով մը փոթորկեց լիճը։ Ալիքները նաւակին զարնուելով՝ ներս կը թափէին, զայն լեցնելու աստիճան, մինչ Յիսուս նաւակին յետսակողմը բարձի մը վրայ կը քնանար։ Աշակերտները արթնցուցին զինք եւ ըսին.- Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուինք։

Էջեր