Արխիւ
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Շատեր լսած կամ կարդացած են Յակոբ Մարթայեանի եւ Մուսթաֆա Քեմալի միջեւ սերտ յարաբերութիւններու մասին, լսած ըլլալով նաեւ, թէ վերջինը համակրանք կը տածէր հայազգի լեզուագէտին հանդէպ:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան կոչ ուղղեց, որպէսզի Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու լուծարկի եւ այդ երկրի բանակի համարկման որոշումը գործադրուի։
Հայաստանէն յայտնի վերլուծաբան Ռիչըրտ Կիրակոսեան, որ անցեալ շաբաթ ուղեղային խռնում մը ունեցած էր քաղաքիս մէջ, կը շարունակէ մնալ դարմանման տակ։
«Թէոդոքիա» մշակոյթի փառատօնի շրջանակներէն ներս Անրիէթ Թոփուզեան-Պասօղլուի շահեկան դասախօսութիւնը: Վոսփորի Եւրոպական ափի պատմական Ենիգիւղ թաղի հայկական ապրումները, որոնք անցեալն ու ներկան կ՚ածանցեն՝ մշակութային հարստութիւններով:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կը պատմուի, թէ Ֆրանսայի հզօր կայսր՝ Նափոլէոն Պոնափարթ, մեծ յաղթանակէ մը ետք, երբ իր բանակին հետ կ՚անցնէր Փարիզի փողոցներով, միջոցին ծերունի մը մեծ դժուարութեամբ կը փորձէր ճեղքել ամբոխը, որպէսզի մօտիկէն կարելիութիւն ունենար տեսնելու իր հպարտ կայսրը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուածաշունչ մատեանի մէջ, «մարգարէ»ն Աստուծոյ պատգամախօսն է, որ պատմական որոշակի կացութեան մը մէջ Սուրբ Հոգիին ներշնչումով Աստուծոյ կամքը եւ վճիռները կը յայտնէ անոր ժողովուրդին։ Հին կտակարանի մէջ «մարգարէ»ն երբեմն կոչուած է նաեւ «Աստուծոյ մարդ», կամ կոչուած է «տեսանող», որովհետեւ յաճախ ապագային կապուած յայտնութիւն կը բարէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջերս համացանցի մէջ մեծ տարածում գտաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող հրեայ ժողովուրդի շատերու համար տարօրինակ թուացող ապրելակերպը, որ իր ամբողջութեան մէջ մէկ ու հիմնական պատգամ կրնայ փոխանցել հայ ժողովուրդին.
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Բնութիւնը առաջին հայեացքով կրնայ մեզի թուիլ իբրեւ իրարու հետ կապ չունեցող կենդանիներու, բոյսերու եւ միջավայրերու հաւաքածոյ մը։ Սակայն, իրականութեան մէջ, բնութիւնը շատ աւելի բարդ եւ նուրբ համակարգ մըն է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերամուտի օրեր են, կրկին պիտի բացուին հայ դպրոցի դռները։ Ուսումնական նոր տարեշրջանի այս սեմին, երբ մեր վարժարաններու զանգերը դարձեալ կը ղօղանջեն, անխուսափելիօրէն կը վերապրինք այն հոգեւոր հարստութիւնը, զոր մեզի կտակած են մեր մեծերը։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Որքան հետաքրքրական է, բարեկամնե՛ր, որ մեր հայրենի իրականութեան մէջ գրեթէ ամէ՛ն շաբաթ ընկերային հարթակներն ու լրատուական միջոցները ուղղակի «ցնցող» դէպք մը, լուր մը, իրողութիւն մը ունինք:
Տ. Արամ արք. Աթէշեան այսօր կէսօրուան ժամերուն մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նորին Սրբազնութիւնը THY-ի Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով հասաւ Հայաստան։
Երէկ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան՝ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւնները, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ տուաւ օրուան պատգամը։ Խաչվերացի տօնին առթիւ բացառիկ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ պատմական եկեղեցիէն ներս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ժամանած ուխտաւորներու խումբ մը։
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Բարեւ ձեզ, հա՞յ էք»:
Օգոստոս 2026, Պուտվա, Մոնթենեկրօ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պատմաբան, լեզուաբան, Մխիթարեան միաբանութեան անդամ (մինչեւ 1856) եւ հայ քննական պատմագրութեան հիմնադիր Անտոն (Մատաթիա) Գարագաշեան ծնած է Պոլիս, 1818 թուականի փետրուարի 11-ին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին երեւելի դարձած է, որ Հիւրմիւզի նեղուցին մէջ խաղը կը փոխուի։ Մինչեւհիմա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ դիմակայութիւնը հիմնականօրէն կը զարգանարտնտեսական պատժամիջոցներու, ծովային շրջափակման, ռազմական խարիսխներու հարուածներու եւփոխադարձ սպառնալիքներու շրջանակին մէջ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանն ու գործակից ընկերները։
Երէկ, Պատրիարքական Աթոռը պաշտօնապէս հիւրընկալեց՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն Թուրքիա ժամանած ուխտաւորներու խումբը՝ գլխաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանի։
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
12 սեպտեմբերին՝ 47 տարի առաջ այսօրուան պէս, 1979-ին, պոլսահայութիւնը մասնաւորապէս, համայն հայութիւնը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, ցնցուեցաւ 20-րդ դարու հայազգի սակաւաթիւ լեզուագէտներէն, պատմաբաններէն ու առասպելական հոծութեամբ նշանաւորուող գիտնականներէն մէկուն՝ Յակոբ Մարթայեանի (Պոլիս, Պիւյիւքտէրէ, մանկութիւնը՝ Կէտիկփաշա թաղին մէջ անցուցած, 22 մայիս 1895 - Պոլիս, 12 սեպտեմբեր 1979, թուրք հասարակութեան կողմէ առաւելապէս ճանչցուած Ակոբ Տիլաչար, որ թարգմանի՝ «Լեզու-բացող) մահուան դառնակսկիծ բօթով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կենաց փայտովդ պահպանէ՛ զիս տխրական անուրջներէ. արիւնովդ սրսկէ՛ հանգստարանիս շրջակայքը. կենարար կողիդ կաթուածքովը գծագրէ՛ ելեւմուտիս հետքերը. տանիքիս պահպանարանը թող խաչիդ ձեւը ըլլայ…». (ՆԱՐԵԿ, Բան ՂԱ)։