ԻԹԱԿԱՆ՝ ՀԻՆ ԱՇԽԱՐՀԷՆ ԴԷՊԻ ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀ. ՆՈԼԱՆԻ «ՈԴԻՍԱԿԱՆ»Ը ԵՒ ՅՈՒՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԱԼԻՔԸ
Աշխարհ այս օրերուն կարծես վերադարձած է Յունաստան եւ ծուարած՝ Իթակա կղզին։ Առասպելական այս պատմավայրը խորամանկ եւ հնարամիտ հերոս Ոդիսեւսի հայրենիքն ու թագաւորութիւնը ըլլալուն հետ, խորհրդանշական կերպով վերածուած է շատերու սիրտի հայրենիքի։
Հին յոյն դիւցազներգակ բանաստեղծ Հոմերոսի՝ հազարամեակներու խորքէն եկող «Ոդիսական» դիւցազներգութիւնը՝ «Իլիական»էն ետք հեղինակին վերագրուող երկրորդ մեծ վիպերգը, 2026 թուականին դարձած է մեծածախս շարժանկար։
Այս հսկայական նախագիծը մեծ պաստառներու վրայ յայտնուած է բրիտանա-ամերիկացի նշանաւոր բեմադրիչ Քրիստոֆըր Նոլանի ղեկավարութեամբ։
«Ոդիսական» (The Odyssey) խորագրով շարժանկարի նկարահանման հիմնական աշխատանքները ծաւալուած են 2025 թուականի փետրուարէն օգոստոս ինկած ժամանակահատուածին մէջ:
Այն մշակութային երեւոյթ մըն է, որ միաժամանակ նոր հետաքրքրութիւն ստեղծած է հին յունական աշխարհի, Իթակա կղզիի հանդէպ եւ նորոգած է յունասիրութիւնը այն մարդոց մօտ, որոնք հելլէնական մշակոյթը, դիցաբանութիւնը, գրական ժառանգութիւնը կը ճանչնան ողջ հոգիով։
Շարժանկարին շուրջ ստեղծուած հետաքրքրութիւնը յատկապէս ուշագրաւ է այն պատճառով, որ անիկա չի սահմանափակուիր շարժանկարի սրահներով։ Պաստառին երեւցած պատկերները վերադարձած են իրական աշխարհ՝ զբօսաշրջիկները ուղղելով դէպի Յոնիական ծովու փոքրիկ Իթակա. այն կղզին, որ դարեր շարունակ կապուած է Ոդիսեւսի առասպելական թագաւորութեան գաղափարին։ Այսօր անիկա նոր կերպով կը բացայայտուի աշխարհի համար։
Թերեւս «Ոդիսական»ի վերածնունդին գաղտնիքը հոն է, որ անիկա իրականութեան մէջ հինցած պատմութիւն մը չէ։ Ոդիսեւսի՝ պատերազմէն ետք տուն վերադառնալու տասնամեայ ճանապարհը այսօր ալ կը կարդացուի որպէս մարդկային խոր փորձառութիւն։ Պատերազմը, հեռացումը, կորստեան զգացումը, ընտանիքէն բաժնուիլը, վերադարձի փափաքը եւ սեփական ինքնութիւնը վերագտնելու ճիգը ժամանակի սահմաններ չեն ճանչնար։
250 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐՆ ՈՒ ՏԵՍՈՂԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ
Նոլանի «Ոդիսական»ը շուրջ 250 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ յաւակնոտ արտադրութիւն մըն է (նախագիծը «Իւնիվերսըլ փիքչըրզ»ի կողմէ հաստատուած է 2024 թուականի հոկտեմբերին եւ պաշտօնապէս յայտարարուած՝ դեկտեմբերին) եւ արդէն իր թեքնիք լուծումներով պատմական նշանակութիւն ստացած է։ Շարժանկարի արտադրիչներն են ինքը՝ Նոլանը եւ իր կինը՝ Էմմա Թոմասը։
Նոլան, որ յայտնի է իր նուրբ-հոգեբանական ու բարդ կառուցուածքներով շարժանկարներով, այս բեմագրութեան նախապատրաստութեան ընթացքին ուսումնասիրած է «Ոդիսական»ի բազմաթիւ թարգմանութիւններ՝ ջանալով ստեղծել յունական դիցաբանութեան առաւել իրատեսական եւ երկրային մեկնաբանութիւն մը։ Ժապաւէնը սահմանած է Նոլանի համար կարգ մը ցուցանիշներ, այդ կարգին՝ ընտրանի ձեւաչափերու նախնական վաճառքի ոլորտին մէջ, քանի որ որոշ յատուկ ցուցադրութիւններու տոմսերը հասանելի դարձած էին թողարկումէն մէկ տարի առաջ։
ԴԻՑԱԲԱՆԱԿԱՆ ՎԻՊԵՐԳՆ ՈՒ ԱՍՏՂԱՅԻՆ ԿԱԶՄԸ
Շարժանկարը կը սկսի Ոդիսեւսի՝ Իթակայի իմաստուն ու հնարամիտ արքայի երկար ճանապարհորդութեան աւարտին մօտ, իսկ անցեալը աստիճանաբար կը բացուի յետադարձ տեսարաններով։
Օսքարակիր նշանաւոր դերասան Մեթ Տէյմընի մարմնաւորած Ոդիսեւսը, ինչպէս Հոմերոս աւանդած է, Տրովադայի պատերազմէն ետք կը փորձէ վերադառնալ Իթակա։ Տասը տարուան ճանապարհորդութիւնը, ինչպէս յայտնի է, միայն աշխարհագրական վերադարձ մը չէ․ անիկա պատերազմի, կորուստի, յիշողութեան, մեղքի եւ ինքնութեան հետ հաշուի նստելու ճանապարհ մըն է։
Մինչ Ոդիսեւս կը պայքարի ծովուն, բնութեան տարերքներուն, Քիքլոփ Փոլիֆիմոսին (միականի ամենայայտնի հսկային), սիրեններուն (յուշկապարիկներուն) եւ Քալիփսոյի (ծովային դիցուհիի) դէմ, Իթակայի մէջ իր կինը՝ Փենելոփէն՝ տաղանդաւոր դերասանուհի Էնն Հեթուէյի մարմնաւորումով, կը դիմադրէ յարձակողական վարքով փեսացուներուն, իսկ իրենց որդին՝ Թելեմաքոսը, Թոմ Հոլանտի դերակատարութեամբ, կը փնտռէ իր հայրը։ Շարժանկարի այս աստղային դերասանական կազմը կը համալրեն նաեւ Զենտայան (Աթենաս աստուածուհիի դերով), Ռապըրթ Փաթինսընը, Չարլիզ Թերոնը, Լուփիթա Նիոնկոն եւ Սեմենթա Մորթոնը։
Բայց «Ոդիսական»ին ուժը միայն աստղային կազմին կամ հսկայական պիւտճէին մէջ չէ։ Նոլանի շարժապատկերը յաճախ կը փորձէ հնարաւորինս քիչ ապաւինիլ համակարգչային պատկերներուն։ Եզակի գեղարուեստական շարժանկարներէն մին է, որ ամբողջութեամբ նկարահանուած է IMAX 70 միլիմեթրնոց շարժանկարային տեսախցիկներով։ Ասիկա շարժանկարի աշխարհին մէջ նկարահանման ամենաբարձր որակն ու լայն հորիզոնը ապահովող թեքնիք համակարգն է: Քրիստոֆըր Նոլան ժամանակակից այն հազուագիւտ բեմադրիչներէն է, որ դէմ է թուային տեսախցիկներուն եւ կը նախընտրէ այս իրական, «շնչող» ու դիւցազներգական տեսողական փորձառութիւնը։
«Ոդիսական»ին մէջ ան օգտագործած է լայնածաւալ գործնական ազդեցութիւններ եւ հսկայական մեքենական կառուցուածքներ՝ իրականութեան զգացումը ուժեղացնելու համար։
Նկարահանումները կատարուած են Մարոքի, Յունաստանի (Փելոփոնէսի ափերուն), Իտալիոյ (յատկապէս Սիկիլիա կղզիին եւ անոր մօտակայ Ֆավինիանայի մէջ), Սկովտիոյ, Իզլանտայի, Արեւմտեան Սահարայի, Մալթայի մէջ, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի «Իւնիվերսըլ փիքչըրզ»ի տարածքին։
Որքան ալ զարմանալի թուի, Նոլան բուն Իթակա կղզիին մէջ բնաւ նկարահանումներ չէ կատարած, սակայն, այդ մէկը չէ խանգարած, որ այս շարժանկարի առթիւ հսկայական ուշադրութիւն ուղղուի Իթակայի վրայ։
ԻԹԱԿԱ․ ՔԱՐՏԷՍԻ ԿԷՏԷՆ՝ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՍՐԲԱՎԱՅՐ
Յոնիական ծովու մէջ գտնուող Իթական՝ խաղաղ եւ գեղատեսիլ կղզեխումբը երկար ժամանակ ապրած է Հոմերոսի ստեղծած մեծ առասպելի ստուերին մէջ։ Սակայն, Նոլանի շարժանկարը նոր տեսանկիւն մը բացած է։ Այսօր կղզին այլեւս միայն գրական յիշատակում չէ. անիկա դարձած է վայր մը, ուր այցելուները կը փորձեն ֆիզիքապէս ապրիլ այն աշխարհը, զոր տեսած են շարժապատկերի մէջ։
Վաթի կեդրոնաքաղաքը՝ իր աւանդական կղմինտրածածկ տուներով եւ բնական փոքրիկ հրուանդանով, դարձած է այցելուներու կարեւոր կանգառը։ Նիմֆերու քարանձաւը կապուած է Ոդիսեւսի գանձերուն պատմութեան հետ, իսկ Ալալքոմենէսի հնագիտական պեղումները զբօսաշրջիկներուն յայտնի են որպէս «Ոդիսեւսի ամրոց»։ Այս վայրերը հիմա կը ստանան նոր նշանակութիւն՝ անոնք առասպելէն իրական տարածքի վերածուած են։
2026 թուականի յուլիսի 6-ին, Լոնտոնի մէջ կայացած համաշխարհային առաջնախաղէն եւ յուլիսի 17-ին լայն վարձոյթ դուրս գալէն ետք, շարժանկարին համաշխարհային յաջողութիւնը արագօրէն անդրադարձած է նաեւ Իթակայի կեանքին։
Պանդոկները, հիւրատուները եւ տեղական խորտկարաները լիարժէք ամրագրումներ ունին մինչեւ զբօսաշրջային եղանակի աւարտը։ Աճած է նաեւ նաւակներու եւ զբօսանաւերու վարձակալութեան պահանջարկը։ Ստեղծուած են «Ոդիսեւսի հետքերով» յատուկ երթուղիներ, որոնք Հոմերոսի դիւցազներգութիւնը կը միացնեն Նոլանի շարժանկարին։ Արուեստի գործը դարձած է տնտեսական շարժիչ ուժ։ Մէկ գիշերուան մէջ Իթակայի կեանքը փոխուած է․ հազարաւոր զբօսաշրջիկներ հոն այցելելով կը նստին ծովափին, կը պատուիրեն տեղական գինի եւ ձուկ, ապա երկար ժամանակ կը նային հորիզոնին՝ փորձելով զգալ այն, ինչ տեսած են շարժանկարի սրահի մթութեան մէջ։
Բայց եւ այնպէս, այս յաջողութիւնը ունի նաեւ իր հակառակ երեսակը։ Փոքրիկ կղզին սահմանափակ բնական եւ ենթակառուցուածքային միջոցներ ունի։ Այցելուներու կտրուկ աճը յառաջացուցած է խմելու ջուրի, փոխադրութեան եւ բնապահպանական ճնշման խնդիրներ։ Տեղական իշխանութիւնները ստիպուած են մտածելու այցելութիւններու քանակը կարգաւորելու մասին։
Իթակայի մէջ ստեղծուած իրավիճակը մշակութային առումով եւս ուշագրաւ է։ Աթէնքի համալսարանի մշակութաբան խումբ մը դասախօսներու գնահատմամբ՝ Նոլանը յաջողած է ընել այն, ինչ երբեմն պատմութեան դասագիրքերը չեն կրնար ընել՝ յունական դիցաբանութիւնը դուրս բերել թանգարանային տարածքէն եւ ներկայացնել որպէս կենդանի, շնչող իրականութիւն համաշխարհային հանդիսատեսին համար։
ՅՈՒՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ․ ԳԻՐՔԵՐԷՆ ԴԷՊԻ ՏԵՍՈՂԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏ
Այս դիտարկումը կը բացատրէ նաեւ ժամանակակից յունասիրութեան (ֆիլհելենիզմի) նոր բնոյթը։ Յունասիրութիւնը նոր երեւոյթ մը չէ․ դարեր շարունակ անիկա սնուցուած է հին Յունաստանի փիլիսոփայութեամբ, արուեստով եւ դիցաբանութեամբ։ 19-րդ դարուն, մասնաւորաբար Եւրոպայի մէջ, յունասիրութիւնը նաեւ քաղաքական նշանակութիւն ստացաւ՝ կապուելով Յունաստանի անկախութեան պայքարին։
Այսօր, սակայն, այդ սէրը կը վերադառնայ այլ ձեւով։ Եթէ 19-րդ դարուն օտար մտաւորականը Հին Յունաստանը կը ճանչնար գիրքերու եւ դասական կրթութեան միջոցով, այսօր միլիոնաւոր մարդիկ առաջին անգամ անոր աշխարհին կը հանդիպին շարժանկարի միջոցով։ Նոլանի «Ոդիսական»ը հին յունական աշխարհը վերածած է ժամանակակից տեսողական փորձառութեան։
Իրականութեան մէջ, շարժանկարի պատմութեամբ յունասիրութիւնը բորբոքողը միայն այս շարժանկարը չէ։ Համաշխարհային բազմաթիւ ժապաւէններ տասնամեակներ շարունակ դարձած են հելլենական մշակոյթի լաւագոյն դեսպանները։ Ասոր վառ ապացոյցն է Միխալիս Քաքոյաննիսի դասական «Յոյն Զոռպան» (1964), որ Անթոնի Քուինի անզուգական խաղով ու Միքիս Թէոտորաքիսի «Սիրթաքի» եղանակով ողջ աշխարհին վարակեց յունական ազատատենչ ոգիով, կրքոտ ապրելակերպով եւ ծովափնեայ պարով։
Տասնամեակներ ետք, «Մամա Միա!» (2008) երաժշտական կատակերգութիւնը վերածուեցաւ իսկական մշակութային ու զբօսաշրջային շարժումի՝ միլիոնաւոր դիտողներու մէջ արթնցնելով յունական կղզիներու կապոյտ-սպիտակ երազանքը։ Նոյնպէս, պատմական ու դիցաբանական դիւցազներգութիւնները, ինչպիսիք են՝ «Տրոյա»ն (2004), «Ալեքսանտր»ը (2004) կամ «300 սպարտացիները»ը (2006), հանդիսատեսը կրկին կապեցին Հին Յունաստանի հերոսական անցեալին, փիլիսոփայութեան եւ առասպելներուն հետ։ Յունական թեմայով ամէն մէկ յաջողած ֆիլմ, ըլլայ պատմական դիւցազներգութիւն, թէ ժամանակակից քնարական պատմութիւն, իւրովի կը նորոգէ յունասիրութեան այդ ալիքը։
«Ոդիսական»ի մէջ Հոմերոսի հերոսները այլեւս միայն գրական կերպարներ չեն․
Նոսթոսը (տունդարձը), Քսենիան (հիւրասիրութիւնը), Հիւպրիսը (գոռոզութիւնը) եւ Նեմեսիսը (հատուցումը) կը դառնան ժամանակակից հանդիսատեսին համար ապրուող գաղափարներ։
Այս հանդիպումը կրնայ վերածուիլ ճամբորդութեան, ճամբորդութիւնը՝ հետաքրքրութեան, հետաքրքրութիւնը՝ ընթերցանութեան, իսկ ընթերցանութիւնը՝ մշակութային ճանաչողութեան։ Նոր յունասիրութիւնը պարտադիր չէ, որ քաղաքական շարժում ըլլայ. ան կրնայ ըլլալ սէր՝ երկրի, լեզուի, մշակոյթի եւ դարաւոր ապրելակերպի հանդէպ։
Թերեւս այստեղ է, որ շարժանկարին եւ կղզիին միջեւ կապը կը դառնայ ամենաուժեղը։ Իթական Նոլանի պատկերացումին մէջ «տուն» է․ վերջնական հանգրուան․ այն վայրը, որուն հասնելու համար հերոսը կը դիմանայ տարիներու փորձութիւններուն։ Թուային աշխարհի արագութեան, անընդհատ շարժման եւ արհեստականութեան պայմաններուն մէջ մարդը դարձեալ կը փնտռէ դանդաղութիւնը, բնութիւնը, պարզութիւնը եւ պատկանելիութեան զգացումը։
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՌԱՆԿԻՒՆ ՄԸ
«Ոդիսական»ին յաջողութիւնը կարելի է հասկնալ երեք կէտերու փոխկապակցութեամբ․ երեք ուժեր կը հանդիպին՝ շարժանկարը, կղզին եւ յունասիրութիւնը։
Շարժանկարը տեսողական եւ զգացական կամուրջն է անտիկ վիպերգի եւ ժամանակակից մարդուն միջեւ։ Զայն կ՚արթնցնէ հետաքրքրութիւնը դիցաբանութեան եւ յունական մշակոյթի հանդէպ։
Իթական այն ֆիզիքական տարածքն է, ուր առասպելը կը դառնայ շօշափելի։ Կղզին կը դառնայ «կենդանի ձեւաւորում» մը, ուր հանդիսատեսը կրնայ մտնել շարժանկարի աշխարհէն ներս։
Յունասիրութիւնը այս երկուքին միջեւ գաղափարական կապն է, որ կը ստեղծէ յարգանք եւ սէր Յունաստանի պատմական ու ներկայ ժառանգութեան հանդէպ։
Երեքը միասին կը ստեղծեն մշակութային նոր երեւոյթ մը, ուր արուեստը կը փոխէ իրականութիւնը, իսկ իրականութիւնը նոր կեանք կու տայ առասպելին։
«Ոդիսական»ը արդէն իսկ արժանացած է շարժանկարի քննադատներու լայն ճանաչման եւ հասցուցած է հաւաքել միլիոնաւոր տոլարներու հասոյթ՝ դառնալով շարժապատկերի ձեռնարկատիրութեան հսկայական ձեռքբերում։
Սակայն, շարժանկարի իրական ազդեցութիւնը տոմսարկղային հասոյթի թիւերէն անդին կը գտնուի։ Այսօր թուային սարքերով ապրող մարդը հասկցաւ, որ Հոմերոսի՝ բանաւոր պատմուած վիպերգը, որ յետագային գրի առնուեցաւ պապիրոսի ու կաւէ սալիկներու վրայ, որքան հզօր է եւ տակաւին կը մնայ համաշխարհային դասական գրականութեան անկիւնաքարը։ Ստեղծուած ըլլալով Ն.Ք. 8-րդ դարուն եւ առաջին անգամ գրի առնուելով Ն.Ք. 6-րդ դարուն Աթէնքի մէջ՝ «Ոդիսական»ը հին յունական գրականութեան մեծագոյն գլուխ-գործոցն է։
Նոլանի այս յաջողութիւնը նաեւ կը յիշեցնէ, թէ որքան հզօր կրնայ ըլլալ շարժանկարը, որ քանի մը արուեստներու (գրականութիւն, երաժշտութիւն, կերպարուեստ) միաձուլում է։ Ան կրնայ մարդուն ստիպել վերագտնելու իրականութիւնը։
Իթական այսօր այդ վերագտնումին կենդանի օրինակն է՝ Հոմերոսի բերանէն պատմութեան անցած, Նոլանի տեսախցիկով վերածնուած եւ համաշխարհային յունասիրութեան նոր ալիքով վերարժեւորուած։ Անիկա այլեւս միայն Յոնիական ծովու կապոյտին մէջ փռուած աշխարհագրական կէտ մը չէ, այլ մարդկային հոգիի խաղաղութեան, ինքնութեան եւ անժամանցելի տունդարձի սրբազան հանգրուանը։ Իթակայի պատմութիւնը հասկնալի կը դառնայ նոյնիսկ անոնց, որոնք երբեք չեն կարդացած Հոմերոս։
Ամէն մարդ իր կեանքին մէջ ունի Իթակա մը՝ վայր մը, մարդ մը, յիշողութիւն մը կամ հանգրուան մը, որուն կ՚ուզէ միշտ վերադառնալ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան