ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն «Եկեղեցիները Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղութեան համար« (CMEP) կազմակերպութեան ներկայացուցիչները։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմակալ պատուիրակ եւ Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու տնօրէն Տ. Վիգէն արք. Այգազեան։
Հանդիպման ընթացքին Տ. Վիգէն արք. Այգազեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց պատուիրակութեան անդամները՝ անդրադառնալով Մերձաւոր Արեւելքէ ներս խաղաղութեան հաստատման եւ քրիստոնեայ համայնքներու զօրակցութեան ուղղութեամբ CMEP-ի կողմէ ձեռնարկուած ջանքերուն։
Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց CMEP-ի գործունէութիւնը՝ մասնաւորապէս խաղաղութեան ամրապնդման, քրիստոնէական համայնքներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութեան զօրացման ուղղութեամբ գործադրուած ջանքերը։ Ան անդրադարձաւ աշխարհի վրայ եւ յատկապէս՝ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս առկայ հակամարտութիւններուն ու անոնց հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին։ Այս ամբողջին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ բարձրաձայնեց Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, Պաքուի մէջ պահուած հայ գերիներու եւ պատանդներու վերադարձի, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրները։
Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած արդի մարտահրաւէրներուն՝ շնորհակալութիւն յայտնելով այս կազմակերպութեան կողմէ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին ի նպաստ ցուցաբերուած աջակցութեան համար։
Հիւր պատուիրակութեան անդամները վերահաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը հայոց եկեղեցւոյ ի նպաստ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին շարունակելու համար ջանքերը՝ ամերիկեան եկեղեցական ու հասարակական շրջանակներէ ներս հայ ժողովուրդի դիմագրաւած դժուարութիւններու եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ առաքելութեան վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացման ուղղութեամբ։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս հայկական ներկայութեան ու քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի հայ համայնքներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։ Այս առնչութեամբ կարեւորուեցան եկեղեցիներու համատեղ ջանքերը՝ ի նպաստ խաղաղութեան, արդարութեան եւ ժողովուրդներու արժանապատիւ ու անվտանգ կեանքի ապահովման։