«ԴԱԴՐԷ՛… ՀԱՆԴԱՐՏԷ՛…»

«Յանկարծ զօրաւոր հով մը փոթորկեց լիճը։ Ալիքները նաւակին զարնուելով՝ ներս կը թափէին, զայն լեցնելու աստիճան, մինչ Յիսուս նաւակին յետսակողմը բարձի մը վրայ կը քնանար։ Աշակերտները արթնցուցին զինք եւ ըսին.- Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուինք։

«Յիսուս ոտքի ելլելով սաստեց հովը, ըսելով.- Դադրէ՛, եւ լիճին ըսաւ.- Հանդարտէ՛։

«Հովը դադրեցաւ եւ կատարեալ հանդարտութիւն տիրեց։ Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.-

«Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք, տակաւի՞ն հաւատք չունիք…». (ՄԱՐԿ. Դ 37-40)։

Երբ փոթորիկը եւ լիճին ջուրերը կը սպառնային նաւակին մէջ խուճապի մատնուած աշակերտները՝ Յիսուս հանդարտ եւ անխռով կը քնանար նաւակին ետեւի կողմը։ Աշակերտները դիմեցին Յիսուսի, իրենց այնքան վստահած եւ ապաւինած Վարդապետին, ըսելով, թէ վտանգի մէջ են եւ ահա կ՚ընկղմի նաւը եւ խեղդուելու վրայ են իրենք…

Բայց Յիսուս մէկ խօսքով՝ դադրէ՛, ըսելով դադրեցուց հովը եւ, հանդարտէ՛, ըսելով հանդարտեցուց լիճին ջուրերը։ Եւ խաղաղութիւն, անդորրութիւն տիրեց թէ՛ լիճին եւ նաւակին մէջ եւ թէ աշակերտներուն հոգիներուն մէջ։

Եւ ա՛յսօր եւս, մենք բոլորս տակաւին կը կրկնենք այս հարցումը մեր նեղութիւններու, դժուարութիւններու մէջ։

Եւ Յիսուս այսօր ալ կը պատասխանէ Իրեն դիմողներուն. «Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք, տակաւի՞ն հաւատք չունիք»։

«Դադրէ՛, հանդարտէ՛», ի՜նչ պատկեր. մեր իւրաքանչիւրին կեանքերուն մէջ տեսակ տեսակ դժուարութիւններ, նեղութիւններ, տագնապներ, անհանգստութիւններ կը պատահին, բայց եւ ընդհանրապէս կը մոռցուի կամ կ՚անտեսուի, թէ Յիսուս մեզի հետ է՝ անմիջապէս մեր քովը։ Ուստի, Ան միշտ ներկա՛յ է մեր կեանքերուն մէջ։

Յիսուս անմիջապէս կը հասնի մեր օգնութեան. բայց ասիկա ինքնաբերաբար չի կատարուիր։ Պէտք է հաւատք եւ յոյս պէտք է գտնուի աղերսին մէջ, քանի որ հաւատքը եւ յոյսը անհրաժեշտ են աղօթքի համար։ Յոյսը կեանք է եւ կեանքի աղբիւր։ Յաճախ նեղութիւններու մէջ «Ո՞ւր ես» հարցումը կը հարցուի. բայց Ան մեզի հետ է եւ միշտ եւ գիտէ ժամանակը, յարմարագոյն պահը մարդուն օգնութեան հասնելու։ Եւ աւետարանական աստուածաշունչ վկայութեան համաձայն, երբ Յիսուսի հետ նոյն «նաւակ»ին մէջ ենք, պէտք չէ՛ մտահոգուինք, հո՛ն է Ան եւ պատրա՛ստ՝ օգնելու եւ փրկելու Իր ուղեկիցները։

Եւ երբ Քրիստոս մեզի հետ ունենանք՝ ո՛չ միայն մարմնապէս, այլ հոգիով եւ մտքով, ո՛չ մէկ վտանգ, ո՛չ մէկ դժուարութիւն կ՚ազդէ մեր վրայ… Տէ՛ր ո՞ւր ես, ըսելու տեղ, պէտք է ըսենք. գիտմ հո՛ս ես, լսէ՛ մեզի եւ մեզի հետ եղիր եւ ասիկա ըսենք հաւատքով եւ յոյսով։

Քանի որ նեղութիւններ պիտի պատահին, ուրեմն, ասիկա մեզի անարդարութիւն չէ, որովհետեւ Յիսուս Ի՛նքն ալ նեղութիւններ կրեց այս աշխարհի վրայ, ինչ որ Ինք ալ կ՚ըսէ եւ կը յանձնարարէ քա՛ջ ըլլալ. (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Ուրեմն լոկ բարի ըլլալ փրկուելու համար բաւարար չէ՛, այլ պէ՛տք է նոյն նաւակին մէջ ըլլալ եւ գիտնալ, թէ որո՞ւ պէտք է դիմել եւ ճանչնալ եւ հաւատալ անոր, որ կարող է փրկել մեզ։ Արդարեւ, սիրելու, վստահելու եւ ապաւինելու համար ոեւէ մէկու՝ պայմա՛ն է նախ ծանօթանալ, ճանչնալ եւ հաւատա՛լ անոր։

Եթէ նաւակին մէջ ենք՝ ապահով ենք ուրեմն… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 9, 2026, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2026