Արխիւ
Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ, երէկ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութեամբ, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դատավարութիւնը պիտի շարունակուի Արմաւիրի մարզի Առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Հայաստանի Վճռաբեկ ատեանը առաւ այս որոշումը՝ Վեհափառ Հայրապետի եւ միւս վեց սրբազաններու քրէական վարոյթին կապակցութեամբ։
Երեւանի Գրքի միջազգային փառատօնը վերջին օրերուն արժանացաւ գրասէրներու եւ մշակութասէրներու անմիջական ուշադրութեան։ Մայրաքաղաքի կեդրոնին նկատելի իրադարձութիւն մը եղաւ այս փառատօնը։
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ռիկա, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Լաթվիոյ իշխանութիւններուն կողմէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Մեր ուժերը հին գորգի մը պէս թանկարժէք բայց անգործածելի» - Ա
Պատմութեան անցած սփիռքահայ երկու ուրոյն դէմքերու՝ Կարօ Փօլատեանի եւ Վահէ Օշականի միջեւ զրոյցը հրատարակուած է 1970 թուականին՝ Կարօ Փօլատեանի «Զրոյց»ներու շարքի չորրորդ հատորին մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան յայտարարեց, որ երկիրը պէտք է հարեւաններուն հետ իրականացնէ տարածաշրջանային ծրագրեր։
Ուիթքոֆ եւ Քուշնէր նոր յառաջընթաց արձանագրեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա խաղաղութեան ուղղութեամբ:
Ամերիկացի բանագնացներու այցելութեան առթիւ Մոսկուա եւ Քիեւ երեք օրով դադրեցուցին փոխադարձ հարուածները:
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ դէպի Վան կազմակերպուած աւանդական ուխտագնացութիւնը այս տարի պսակուեցաւ բացառիկ յաջողութեամբ։ Ուխտագնացութիւնը թէեւ հերթական էր, սակայն, առանձնացաւ իր մթնոլորտով եւ այդ առումով դարձաւ իսկապէս բացառիկ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դէմ քրէական վարոյթը դատարան ուղարկելով՝ դատ բացուելուն առիթ դարձած դատախազը հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Իր յատուկ պատկերն ու գծագրութիւնը ունի իւրաքանչիւր ամիս մանուկներու դասագիրքերուն, առաւել եւս՝ հայերէն դասագիրքերուն մէջ… հայոց այբուբենն ու Մաշտոցն է, օրինակ, հոկտեմբերը, նոյեմբերը՝ անձրեւ, դեկտեմբերը՝ Կաղանդ պապա, ձիւնեմարդ է յունուարը, վզկապ, ձեռնոց ու փոթորիկ է մարտը, ապրիլը՝ եղեռնի յուշարձան մը (այսուհետեւ հաւանաբար փոխուի), մայիսը վարդ ու ծաղիկ է, ամրան երեք ամիսները՝ ծովափ ու հովանոց:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Քաղաքները երբեմն իրենց աշխարհագրական սահմաններէն շատ աւելի ընդարձակ նշանակութիւն մը կը ստանան։ Անոնք ժամանակի ընթացքին կը վերածուին յիշողութեան վայրերու, մշակութային հանգոյցներու եւ ինքնութեան դարբնոցներու։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Քու վարդդ միւս վարդերէն աւելի կարեւոր դարձնողը անոր յատկացուցած ժամանակն է», կ՚ըսէ Փոքրիկ Իշխանը։ Այս պարզ նախադասութեան մէջ թաքնուած է մարդկային յարաբերութիւններու ամենախոր ճշմարտութիւններէն մէկը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚ըսուի, թէ եթէ մարդիկ իրենց բացակայութեան ուրիշներու կողմէ իրենց մասին խօսուածները եւ ըսուածները գիտնային, աշխարհի վրայ մէկ բարեկամ իսկ չէր մնար։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստանի մէջ, երբ տակաւին իշխանութիւն-եկեղեցի հարցը կը շարունակուի ծեծուիլ, կը շարունակենք կարդալ հրապարակախօս Սիմոն Սիմոնեանի «Հայոց եկեղեցիի իսկական վերակենդանացման համար» խորագրեալ շարունակական երկու-երեք գրութիւնները, ուր մտաւորականը կը խօսի եկեղեցւոյ բարեկարգութեան մասին իր ունեցած համոզումներուն ու ակնկալութիւններուն մասին:
Ուաշինկթընի կողմէ երկու բանագնաց այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Մոսկուա եւ Քիեւ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ միջնորդական ջանքեր գործադրել՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնացը՝ Սթիվ Ուիթքոֆ եւ փեսան՝ Ճերըտ Քուշնէր հերթական անգամ կ՚այցելեն հակամարտ կողմերու մայրաքաղաքները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս բանաստեղծը կ՚ըսէ, շատ անգամ դէպի առաջ կը քալենք, բայց երբեք չե՛նք յառաջանար։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Վերապրեցնելով-գերխտացնելով ամենաժամանակը, որպէսզի անվերջ ծնունդ մը դառնան բոլոր ապրուած ու ենթադրեալ ապրումները։ Յիշատակերտումը, ինքնին յիշատակները եւ յաւերժ փնտռուած՝ պայծառ ապրումները մարդկային ըլլալու հիմքն են:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կրթական մշակ, մտաւորական, հասարակական գործիչ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) երկարամեայ տնօրէն Գրիգոր Կիրակոսեան ծնած է Սեբաստիոյ Կամիս գիւղը, 1888 թուականի յուլիսի 15-ին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Քասունիին գրութեան մինչեւ այս մասը, կրնայ ըլլալ շատերու համար «ենթադրութիւն» կամ անձնական վերլուծութիւն նկատուի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումով վերջնականօրէն ջուրի երես ելած տարակարծութիւնները օրակարգի վրայ կը բերեն բազում վարկածներ եւ արմատական հաւանականութիւններ, որոնք աշխարհաքաղաքական այժմու պայմաններուն ներքեւ կողմերը կրնան ստիպել վերադիրքաւորուիլ իրարու նկատմամբ։
Նոր էջի նախաբան կամ վերջնական հեռացում։
Մոսկուայի հետ յարաբերութեան հասկացութիւնը ի՞նչ պիտի նշանակէ վաղուան երեւանի համար։
Տարիներու ընթացքին կուտակուած անվստահութիւնն ու փոխադարձ ակնկալութիւնները պիտի խորացնե՞ն Հայաստան-Ռուսաստան առկայ ճեղքը, երբ անհնար է շարունակել հին ձեւաչափով։