Շաբաթ 3, Հոկտեմբեր 2026
ՊԵՇԹԵՓԷԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս ընդունեց Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան եւ Սուրիոյ եւ Իրաքի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Թոմ Պարաքը։ Բաց աստի, նախագահ Էրտողան հիւրընկալեց ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիներու տան անդամներէն Տերըլ Իսսան եւ կողակիցը։
Երկու հանդիպումներն ալ տեղի ունեցան դռնփակ։
Վերջին շրջանին Մերձաւոր Արեւելքի վերաբերեալ իրադարձութիւնները միշտ կը մնան Անգարայի կիզակէտին՝ մասնաւորապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի ղեկավարութիւններու հետ բանակցութիւններուն արդիւնքները անմիջականօրէն կը զբաղեցնեն օրակարգը։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2026