Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակ մը պատմութեան կարեւորագոյն էջերը գրաւած, սակայն, այսօր ոչնչացած բոլոր պետութիւնները միշտ չէ, որ եղած են արտաքին թշնամիներու կամ քաղաքական պարտութեան զոհը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբերը, Սրբոց Թարգմանիչներու հերոսական աշխատանքին եւ մեծ վաստակին անգին արժէքը բացայայտող ամիսն է։ Աստուծոյ եւ Անոր Խօսքին հանդէպ սէր ունեցող հաւատացեալներ՝ թարգմանած, գրի առած, գրչագրերով զարդարած եւ տպած են եւ այս կերպով «Թագուհի թարգմանութեանց»ը մեզի հասցուցած են ի գին մեծ զոհողութիւններու՝ անձնուիրաբա՛ր։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նախապէս մեր յօդուածներուն մէջ գրած էինք այն մասին, որ հայ մտաւորականներէն շատ շատեր դրական մօտեցում չունէին եկեղեցւոյ հանդէպ։ Անշուշտ, շատեր ժողովուրդի մօտեցումն ու եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած կապուածութիւնը նկատի ունենալով՝ եղած են աւելի մեղմ եւ իրենց «ատելութիւն»ը այնքան ալ չեն բարձրաձայնած, իսկ կան ուրիշներ, ինչպէս՝ Շահան Նաթալի, Շահան Շահնուր, երբեք չեն քաշուած իրենց կարծիքը բարձրաձայնելէ։
Երեւանի նորաձեւութեան շաբաթը այս տարի բացառիկ ձեւաչափի մը մէջ կ՚ընթանայ։ Արդարեւ, ժառանգութեան եւ նորաձեւութեան համատեղման մթնոլորտ մը ստեղծուած է, ինչ որ հետաքրքիրներու ուշադրութենէն չի սպրդիր։
Վարշաւիայի անվտանգութեան ֆորումին գծով կլոր սեղան. «ԵՄ Արեւելեան գործընկերութեան վերաիմաստաւորումը»:
Նախարար Արարատ Միրզոյեան. «Հայաստանի կողմէ որդեգրուած ուղղութիւնը ստացած է իրաւական եւ քաղաքական յստակ ձեւակերպում»:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Ֆրանսիսքեան միաբանութեան կողմէ ուխտաւորներու բազմանդամ խումբ մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրանսիսքեան միաբանութիւնը կապուած է կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ համաքրիստոնէական համբաւ կը վայելէ։
Շիշլի մարզակումբին կողմէ կազմակերպուած ձմրան դասընթացքները այս տարի եւս կը շարունակուին՝ Իսթանպուլի զանազան հայահոծ շրջաններէն ներս։ Ըստ էութեան, քաղաքի երեք առանցքային ուղղութիւններուն վրայ տեղի կ՚ունենան դասընթացքները՝ զանազան մարզաձեւերու պարագային։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Միսան Մեծատուրն ու անդամուհիներէն Լենա Ենիեորկանը։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Թէոդիկ քհնյ. Չեթինքայա եւ Տ. Նարեկ քհնյ. Տէյիրմենճեան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Գավաֆեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս քհնյ. Այվազեան։
Երէկ առաւօտ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերները։ Նկատի ունենալով, որ շաբաթավերջին նախատեսուած է թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը՝ թաղային խորհուրդը այս փուլին կը փափաքի համայնքային շրջանակները առաւել տեղեակ պահել Ֆէրիգիւղի ընտանիքի գործունէութեան կապակցութեամբ։
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
14 հոկտեմբերը կը յուշէ ծննդեան տարեդարձը լիբանանահայ գրող ու գրականագէտ, անուանի պատմաբան եւ սերունդներու բազմավաստակ ուսուցիչ, բանաստեղծ, խմբագիր եւ ներհուն գրաքննադատ, բազմաթիւ մեծարժէք երկերու հեղինակ Լեւոն Վարդանի (Լեւոն Պետիրեան՝ աւազանի անունով, Հալէպ, 14 հոկտեմբեր 1925 - Պէյրութ, 9 դեկտեմբեր 1997):
ՄՈՎՍԷՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Որո՞նք ենթակայ են այս պաշտամունքին մէջ իյնալու.
Մարդոց երկու տեսակներ կան, որոնք աւելի դիւրութեամբ կրնան այս վտանգին ենթարկուիլ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Թարգմանչաց է:
Հոկտեմբերի սկիզբէն կը սկսին մեր վարժարաններուն մէջ «Թարգմանչաց»ի տօնակատարութիւնները. թէեւ հայրենի ընկերային ցանցերու դպրոցական թէ՛ ծնողաց էջերուն մէջ ահագին մեկնաբանութիւններ կրնանք կարդալ ժամանակի՜ն Այբբենարանի առաջին էջին վրայ գտնուող Մաշտոցի մեծ նկարին բացակայութեան մասին… բայց եկուր-տես, որ հի՛ն, շա՜տ հին է պատկերը դեռ սփիւռքի մէջ:
Երէկ, հաճոյքն ունեցան խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ վաստակաւոր կրթական մշակ, հայերէնի նուիրեալ ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլուն: Այս վերջինը փութացած էր շնորհաւորելու համար՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի՝ վերջերս նշուած կրկնակ յոբելեանները:
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն կազմակերպուած օդապարիկներու ձեռնարկը արժանացաւ աննախընթաց հետաքրքրութեան։ Մայրաքաղաքի երկնակամարին խայտաբղէտ արշաւ մը եղած ըլլար կարծես։
Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Իկնացիօ Քասիս վաղը ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Հարկ է նշել, որ Զուիցերիա ներկայիս ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիրն է։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ Լեհաստանի մէջ կը գտնուի մասնակցելու համար Վարշաւիայի անվտանգութեան ֆորումին, երէկ, հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պետր Ապտիւլաթի հետ։
«Ատրպէյճանի զինուորի Հայաստան ներխուժումը կասկածի տակ չի դներ հաստատուած խաղաղութիւնը»:
Փաշինեան. «Նախագծի իրականացման սկիզբը պիտի ըլլայ տարածաշրջանի տնտեսական միջավայրի փոփոխութեան անկիւնաքարը»:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Չեմ գիտեր, ուրկէ՞ պէտք է սկսիմ: Ի՞նչ բառերով պէտք է այս տողերս շարադասեմ…: Բայց եւ այնպէս, պիտի փորձեմ անպայման պարզել…, որովհետեւ ինծի համար հայ Պոլիսը լուսաւոր կէտ մը դարձած էր:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ահաւասի՛կ, կին մը եւս` Նոպէլեան գրականութեան մրցանակակիր։
Էնն Քարսըն. անուն մը, որուն գրականութեան մէջ կը հանդիպին հին Յունաստանի իմաստութիւնը, ժամանակակից մարդուն հոգեկան տագնապները, կորսուած խօսքերու արձագանգները եւ գրականութեան սահմանները անդադար ընդարձակելու համարձակութիւնը: