Արխիւ
Այսօր, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան կ՚այցելէ Ամման։ Յորդանանի հիւրընկալմամբ կազմակերպուած է նախարարներու մակարդակով ժողով մը՝ Երուսաղէմի վերաբերեալ խնդիրներու օրակարգով։
Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի տարեկան ժողովը՝ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ: Թուրք զինեալ ուժերու հրամանատարական կազմէն ներս տեղի ունեցան հերթի փոփոխութիւններ: Յարգի այց՝ Աթաթիւրքի յուշադամբանը:
Իսթանպուլի կուսակալը երէկ հիւրընկալեց ԱՔ կուսակցութեան երկու երեսփոխանները:
Կիւլ, Սոյլու եւ Սվաճըօղլու ընդգծեցին քաղաքի համամարդկային անվիճելի նշանակութիւնը:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս կը սպասուին յաւելեալ զարգացումներու։ APA գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Ճէյհուն Պայրամով նշեց, որ այս ամբողջին մաս կը կազմէ TRIPP նախագիծը։
ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Հոգշ. Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի «Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան վանական-դպրեվանական կեանքը» աշխատասիրութեան առիթով:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Միշտ ալ կը հրաժարէի ճամբորդելէ եւ իւրաքանչիւր առիթի կը յայտարարէի, թէ հայրենիքէս եւ ժողովուրդէս հեռու պիտի չճամբորդեմ երբեք, մանաւանդ բռնազաւթողներու երկիրներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կ՚աղօթենք, ինչպէս Տէրունական աղօթքին մէջ, «եղիցին կամք Քո…» կ՚ըսենք, այսինքն Աստուծոյ կամքին համաձայն կը ներկայացնենք մեր խնդրանքները։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ներկայ աշխարհը ինչքան ալ սէրը որպէս դրական երեւոյթ փորձէ ներկայացնել, ի ներքուստ կը խորշի անկէ, որովհետեւ սէրը մարդուն մէջ կախուածութիւն կը ստեղծէ։ Սէրը սկզբնական շրջանին ինչքան ալ դրական զգացումներ պարգեւէ մարդուն, աւարտին լուրջ եւ վտանգաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բարեկամական սէրը» կը կոչուի «եղբայրսիրութիւն», երբ ուրիշին մեծ արժէքը կ՚ըմբռնուի եւ կ՚արժեւորուի, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մօտաւորապէս 20-րդ դարու կէսերուն, հրապարակ դուրս եկաւ սիրոյ նոր տեսակ մը՝ «կայծակնային սէր» անուան տակ։ Այս անունը ընտրողները անգիտակցաբար ի յայտ բերին այնպիսի անուն մը, որ երեւոյթի մը թէ՛ սկիզբը եւ թէ վերջը բացատրելու համար բաւարար եղաւ։
Տ. Կորիւն աւաւգ քահանայ Ֆէնէրճեան, որ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը նշանակուած է, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցիէն հրաժեշտին առթիւ այցելութիւն մը տուաւ Շիշլիի գաւառապետ Ճեւտէթ Էրթիւրքմէնին:
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեանը, որ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սպասաւոր խումբ մը երիտասարդներուն հետ այսօրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։
Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսած է՝ հայ երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեանի վերաբերեալ գիրք մը։ Սա սովորական գործ մը չէ՝ քանի գիրքին հեղինակն է՝ արդէն հանգուցեալ Յովհաննէս Այվազեան։
Երէկ, Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարա հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանիին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այցելեց Դամասկոս։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանէ ներս պահուած գերիներու վերադարձի ուղղութեամբ աշխատանքը կ՚իրականացուի ամէն օր եւ երբեք չի դադրիր։
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Էտ Միլիպենտի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրոյցի ընթացքին նախարարները անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակը եւ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանի հետ։ Նախագահն ու թագաժառանգը անդրադարձան Անգարա-Ռիատ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ու համաշխարհային օրակարգի խնդիրներուն։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Ամրան դանդաղ առաւօտներս, եթէ կարելի է ըսել՝ օրերս, բարեբախտաբար կը շարունակուին: Համրուած օրեր են, գիտե՛մ, ուրեմն թանկ են եւ անփոխարինելի…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նոր աշխարհակարգի խմորման գործընթացն ու Իրանի հիւլէական ծրագիրը ուղիղ համեմատութեան մէջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլ ամբողջական համաձայնութեան հասած՝ որոշ տարակարծութիւններէ վերջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջին տարիներուն «մարմնի դրական ընկալման» (Body Positivity) գաղափարը դարձած է ժամանակակից մշակոյթի ամենաշատ կրկնուող պատգամներէն մէկը։