Արխիւ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի աշխատակիցներէն Անուշ Թրուանցն ու Սագօ Արեանը: Այս վերջինները քանի մը օրէ ի վեր քաղաքս կը գտնուին՝ մասնակցած ըլլալով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի ծննդեան 75-ամեակին եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակի կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2026

Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան ընդունեց Իսրայէլի մօտ Վրաստանի նորանշանակ դեսպան Պեքա Տուալը։ Այս վերջինը նոր առաքելութեան կոչուելէ վերջ առաջին անգամ այցելեց հայոց վանքը։ 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2026

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը միշտ գործած է ու կը գործէ օրէնքի սահմաններէն ներս՝ առկայ հալածանքներու եւ ոտնձգութիւններու պայմաններուն ներքեւ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վեհարանի երդիքին տակ խորհրդակցեցաւ խումբ մը հեղինակաւոր իրաւաբաններու, սահմանադրագէտներու եւ իրաւապաշտպաններու հետ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը պահանջէ՝ իրաւունքի եւ օրէնքի գերակայութեան ապահովումն ու Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սահմանադրական ինքնավարութեան նկատմամբ յարգանք:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2026

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ վերջին օրերուն երկրի սահմանը խախտած Ատրպէյճանի զինուորը ձերբակալման ժամանակ դիմադրութիւն ցոյց չէ տուած։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս յառաջիկայ նոյեմբերին նախատեսուած մասնակի ընտրութիւններուն ընդառաջ:
Հուսիները կիզակէտին յայտնուած:
Իրանը ծունկի բերելու ուղղեալ ռազմավարական հաշուարկները կը բախին շարքային ամերիկացիի գրպանին վրայ առկայ ազդեցութեան:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հոկտեմբերի 4-ին աշխարհի զանազան անկիւններուն կրկին տարածուեցաւ կասիայի անուշաբոյրը։
Շուէտի մէջ այդ օրը վաղուց վերածուած է սիրուած աւանդութեան մը, երբ սրճարաններուն, փուռերուն եւ տուներուն մէջ մարդիկ կը պատրաստեն աւանդական կասիայով հացը՝ «քանելպուլլէ»ն (kanelbulle), եւ օրուան սովորական ընթացքը որոշ ժամանակով կը փոխարինուի տաք սուրճի, թարմ թխուած անուշեղէնի եւ ընկերակցութեան աւելի դանդաղ ու հաճելի մթնոլորտով։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2026

ԱՊԸՏ ԱԼ-ՌԱՀԻՄ ՇԸԼԸՊԻ(*)
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այն ինչ զիս մղեց այս յօդուածը գրելու այն դիտարկումն է, որու շատ յաճախ կը վերադառնամ՝ հետեւելով այսօրուան իշխանաւորներուն ըրածներուն, մանաւանդ՝ աշխարհի ամենահզօր պետութեան առաջնորդին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աստուած մարդը ստեղծեց Իր հաճութեան համար՝ որպէսզի Ինքզինք յայտնէ անոր եւ որպէսզի մարդը զԻնք պաշտէ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ։ Սակայն, Աստուած զղջաց, որ մարդը ստեղծեց եւ Իր սրտին մէջ տրտմեցաւ, քանի որ «… անոնց խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին». (ԾՆՆԴ. Զ 5)։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ ժողովուրդը ունի այն թիւր համոզումը, որ մարդ չի՛ կրնար քննադատել՝ առանց ատելու եւ այս թերացումին պատճառը այն է, որ մենք սխալ համոզում ունինք նաեւ սիրելու մասին, որովհետեւ կը կարծենք, թէ իրապէս կը սիրէ ան՝ որ բոլոր թերութիւնները կ՚անտեսէ եւ «պաշտպան» կը դառնայ, իսկ ան՝ որ թերութիւններուն մասին կը խօսի՝ ոչ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Անգլիացի գրող Հերպերթ Ճորճ Ուելս մարդկութեան ընթացքն ու վախճանը հետեւեալ ձեւով կը տեսնէ. դասակարգային պայքար, քաղաքակրթութիւններու վերելք եւ վերջապէս անկում։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն խումբ մը վերապատուելիներ, որոնք փութացած էին Մերձաւոր Արեւելքէն:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2026

Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան հիւրընկալեց Սուրբ Քաղաքի ասորւոց եպիսկոպոսին՝ Անթիմոս Ժաք Եագուպի եւ միաբանակիցներուն այցելութիւնը։ Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս դաւանակից եկեղեցւոյ եպիսկոպոսը դիմաւորուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2026

Ժոզէֆ Աուն եւ ընկերակիցները մխիթարեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որ այս շրջանին կը սգայ եղբօր մահը:
Լիբանանի նախագահը Անթիլիաս այցելեց՝ վշտակցութիւն յայտնելու համար ողբ. Աւետիս Քէշիշեանի կորուստին առթիւ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հերման Կիւրճեանն ու գործակից ընկերները։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց փրոֆ. Աբրահամ Տէրեանը։ Այս վերջինը, որ յայտնի գիտնական է, աստուածաբան, հայագէտ ու բանասէր, Իզմիրի մէջ միջազգային համագումարի մը մասնակցելու համար եկած է Թուրքիա։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2026

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Գումգաբուի ընտանիքի վարիչները։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ եւ յարակից Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2026

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Եմէնի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններու նոր մագլցումը ենթադրել կու տայ, որ Իրանի ճակատը երկրորդ գիծ մղուած է Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ: Այսօր Եմէնի հետ համեմատած արդէն Կազզէն, Լիբանանն ու նոյնիսկ Իրանը կը նկատուին՝ եթէ ոչ անպայման սառեցուած, ապա աւելի մեղմ բախման կէտեր:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2026

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը ժողով մը գումարեց՝ վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ:
ԱԱԾ-ի փոխ-տնօրէնը պաշտօնէն հեռացուեցաւ՝ Սիւնիքի սահմանամերձ գիւղին մէջ պատահած դէպքէն վերջ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2026

RFI-ի հայերէն նորահաստատ ծառայութիւնը չորս ամսուան ընթացքին հասած է 5 միլիոն դիմումի:
Ժան-Մարք Ֆուրի ուսանողներու հետ տեսակցեցաւ Երեւանի Պետական համալսարանի Լրագրութեան ֆաքիւլթէէն ներս:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2026

ՄՈՎՍԷՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հետաքրքրական եւ այժմէական նիւթի մը նուիրուած յօդուած մը՝ սատանայապաշտութեան եւ անոր դրսեւորումներուն մասին։

Էջեր