Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բարեկամական սէրը» կը կոչուի «եղբայրսիրութիւն», երբ ուրիշին մեծ արժէքը կ՚ըմբռնուի եւ կ՚արժեւորուի, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։
Հայաստանի Հանրապետութեան 9-րդ գումարման Ազգային ժողովի պաշտօնամուտի օրը բնորոշուեցաւ՝ երկրէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր առկայ հակաեկեղեցական արշաւի հերթական դրսեւորումով։ Այսպէս, հակառակ երկրի օրէնսդրութեան մէջ նախատեսուած ըլլալուն՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը չհրաւիրուեցաւ խորհրդարանի անդրանիկ նիստին, որու ընթացքին պէտք է հանդէս գար աղօթքով եւ օրհնութեան խօսքով։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ամէն օր տեղեկութիւններու ծովուն մէջ կ՚ապրինք։ Հեռատեսիլ, համացանց, լրատուական կայքեր, ընկերային ցանցեր, տեսանիւթեր, յօդուածներ… Մարդը կարծես երբեք այսքան տեղեկութիւն չէ ունեցած։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
René Pichon-ի 26 յուլիս 2026 թուականի հոգեւոր ճառը ստորեւ կը ներկայացնենք մեր սիրելի՜ բարեկամներուն։
«Մտացի սիրտ մը. որոշել եւ ընտրել, տարորոշել գէշէն լաւը, ընտրել՝ պահել այն, ինչ որ կը շինէ, դուրս նետել այն, ինչ որ կը կործանէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի տասնամեակ առաջ ապրող մտաւորականներէն շատեր կը քննադատէին այն հայերը, որոնք Հայաստանը որպէս «հանգիստի» վայր կ՚ընտրէին եւ լոկ իրենց արձակուրդի ազատ ժամերը «մսխել»ու կու գային։
Շիշլի մարզակումբի՝ արդէն ութ տասնամեակի բազմակողմանի գործունէութեան փայլուն համայնապատկերին վրայ փառաշուք եւ անմոռանալի տօնակատարութիւն մը:
Գնալը կղզիի մէջ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած երեկոյթը բարձր տրամադրութեան պայմաններով համախմբեց համայնքային շրջանակները, որոնք տարեդարձի կարկանդակի հատման պահը ողջունեցին որոտընդոստ ծափահարութիւններով:
Ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք ելոյթին ժամանակ մասնաւորապէս շեշտադրեց ապագայի ճանապարհին նոր սերունդը համախումբ ու միասնական պահելու անվիճելի հրամայականը:
Հայաստանի Հանրապետութեան 9-րդ գումարման Ազգային ժողովը երէկ ձեռնարկեց աշխատանքի՝ նահատակներու համար յարգանքի լռութեամբ, երեսփոխաններու երդումով եւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի բացման խօսքով, որու ընթացքին խորհուրդ տրուեցաւ քաղաքական տարաձայնութիւնները վերածել աւելի լաւ որոշումներու:
Նիկոլ Փաշինեան վերանշանակուեցաւ վարչապետ: Խորհրդարանի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան ընդդիմութեան առաջարկեց յարաբերութիւններու սկսիլ զերոյական կէտէ: Խմբակցութիւններու ղեկավարներն ալ արդէն ճշդուեցան առաջին քայլափոխին:
«Ընտրութիւններուն իշխանութեան ստացած լիազօրութիւնը բաւարար է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւնը անշրջելի դարձնելու համար։ Այս պահուն Երեւան-Պաքու գործընթացը աւելի առաջ է՝ Անգարա-Երեւան գործընթացին բաղդատմամբ։ Հայկական կողմը Թուրքիոյ հետ ցամաքային սահմանի բացման պայմանաւորուածութեան իրականացումը կ՚ակնկալէ»:

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։
Շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ՝ Շիշլի մարզակումբին կողմէ կազմակերպուած քայլարշաւը, որ վերջին տարիներուն դարձած է աւանդական։ Ըստ ձեւաւորուած նախընթացին՝ համայնքային զանազան կառոյցներու ընտրեալ վարիչները մասնակցեցան այս քայլարշաւին, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ:
Երէկ, Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Կորիւն աւագ քահանայ Ֆէնէրճեան։
Երէկ, Հայաստանի իրաւապահ մարմինները վաղ առաւօտեան խուզարկութիւն կատարեցին «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան ընտրեալ-երեսփոխան Նարեկ Կարապետեանի առանձնատան մէջ։
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
«Նահանջ»ին մէջ սիրոյ պատմութիւնը կը միաձուլուի հայ ժողովուրդի ողբերգութեան, լինելութեան հետ:
Պատմուածքները՝ իւրաքանչիւրը յաջող, նիւթին կը տիրապետեն ո՛չ միայն փիլիսոփայական արտայայտչականութեամբ, այլեւ ոճի բարդամութեամբ: Հարցումներու մեծագոյնն է՝ պահպանել արեւմտահայերէնն ու սփիւռքի հայութիւնը վեհաս վտանգէ:
Համարձակութիւնը մարդկային կեանքի կիզակէտային խնդիրներէն մին է: Եթէ շատ ծանր ու թեթեւ ընես, շատ վերապահ ըլլաս, ապա կ՚ըսեն, թէ նախաձեռնելու կամք չունիս: Մածունը փչելով ուտելու պարագան կը դասուի՝ գործնական քայլ առնելու արգելքը:
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Բացայայտէ Հայաստանը» ծրագրին մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդները:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Մենք ե՞նք մեր մարմինը, կամ հակառակը.- Նիւթականութեան ու ոգեղինականութեան յաւերժական բախումն ու ընդելուզումը ամենացայտուն կերպով կը սլանայ մարմնի միջոցաւ։ Այդ անլուծելի թնճուկը թէեւ թուի չապրեցնող, սակայն, ան կը նմանի կեանքի-գոյութենականութեան եւ ժամանակի-հատման փոխլրացման:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հեռու ինձմէ ուրիշին ետեւ պատսպարելու հոգը: Եւ կը բաւականանամ հաստատելով հետեւեալը: Մինչ «Հ․Ձ» կ՚աճապարէր պախարակել զիս զարմանալի անհամբերութեամբ, օրը-օրին, եւ մինչ բազմերանգ թերթեր կ՚արտորային փողահարել իմ դատապարտութիւնս, Փարիզի «Աշխարհ»ը, զոր պէտք է բարեւել անցողակիօրէն, կը մերժէր գրոհին մասնակցիլ:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ մեր ընթերցողներուն ներկայացուցինք Յակոբ Գուրգէնի կեանքն ու գործունէութիւնը: Այսօր, կը ներկայացնենք Յակոբ Գուրգէնի արգասիքէն պատառիկներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Տրտնջել» կը նշանակէ դժգոհութիւն, ընդհանրապէս ինքն իր վիճակէն։ Երբ պզտիկ դժուարութեան մը կը հանդիպի մարդ, Աստուծոյ տուած հազարաւոր բարիքները մոռնալով, կը սկսի տրտնջիլ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Որոշ տարիքէ մը ետք կարծես մարդ կամաց կամաց կը սկսի հասկնալ, որ պարտաւոր է զիջիլ եւ կամ գուցէ փոփոխութեան ենթարկել որոշ համոզումներ՝ մանաւանդ, եթէ իր միտքին մէջ զանոնք որպէս իտէալական վիճակ ընդունած է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եթէ մարդկութեան ծառայելու համար մարդս գործի լծող դրդապատճառը Աստուծոյ հանդէպ մարդուն ունեցած սէ՛րն է, ալ ո՛չ մէկ բան կրնայ արգիլել զայն։