ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի դատական իշխանութիւնները եւս երկու ամիսով երկարաձգեցին ազգային բարերար ու յայտնի գործարար Սամուէլ Կարապետեանի բանտարկութեան ժամկէտը։ Ան «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի հիմնադիրն ու սեփականատէրն է։ Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ, Սամուէլ Կարապետեան կալանաւորուած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին զօրակցութիւն յայտնելէ վերջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դատական իշխանութիւնները երէկ եւս երկու ամիսով երկարաձգեցին Սամուէլ Կարապետեանի բանտարկութեան ժամկէտը։ Այս կապակցութեամբ իր փաստաբանը՝ Արամ Վարդեւանեան պատասխանեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն։ Սամուէլ Կարապետեան յունիսի 18-էն ի վեր բանտարկուած է։ Անոր մեղադրանք առաջադրուած է իշխանութիւնը բռնագրաւելու եւ սահմանադրական կարգը տապալելու ուղղեալ հրապարակային կոչեր հնչեցուցած ըլլալու համար։ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն որոշ ժամանակ անց մեղադրանքը փոփոխութեան ենթարկած էր՝ աւելցնելով նաեւ առանձնապէս խոշոր չափերով գումարներու լուացման վերաբերեալ պնդումներ։

Սամուէլ Կարապետեան չ՚ընդունիր իրեն հասցէագրուած մեղադրանքները։

«Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, փաստաբանը լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ յայտնեց, որ երէկուան դատավճիռը կը համարուի արդարադատութեան հետ աղերս չունեցող գործընթացի մը արդիւնքը։ «Հերթական իրաւական ծաղրը այսօր արձանագրեցինք, իրականութեան մէջ, վիրաւորական աստիճանի», ըսաւ ան։

60-ամեայ Սամուէլ Կարապետեանի դէմ երէկուան դատավճիռը արձակեց դատաւոր Սարգիս Դադոյեան։

Միւս կողմէ, դատավարութեան առթիւ, Սամուէլ Կարապետեանի կողմնակիցները հերթական բողոքի ցոյցը կազմակերպեցին դատարանի շէնքի մօտակայքին՝ պահանջելով անոր ազատ արձակուիլը։

Սամուէլ Կարապետեանի պաշտպան փաստաբաններու խումբին մաս կը կազմեն նաեւ օտարերկրեայ իրաւապահներ։ Այս վերջիններուն շարքին է Ռոպերթ Ամսթերտամ, որ եւս երէկ զրուցեց լրագրողներու հետ։ «Այժմ արդէն փաստ է, որ Հայաստանի մէջ կ՚իրականացուի «հեռախօսային արդարադատութիւն»։ Երէկ, երբ իմ պաշտպանեալ Սամուէլ Կարապետեանի կալանքի երկարաձգման հարցով դատական նիստը տակաւին կ՚ընթանար, վարչապետի ընտանիքին պատկանող լրատուամիջոցը արդէն հրապարակեց կալաքը երկարաձգելու մասին վճիռը», ըսաւ ան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2025