Արխիւ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ծանօթութիւններ կան, հանդիպումներ կան, զորս տարբեր են սովորական ծանօթութիւններէ, մեքենայական հանդիպումներէ եւ ժամանակի ընթացքին կը վերածուին մտերմութեան՝ տակաւ առ տակաւ բարձրանալով եղբայրութեան, հարազատութեան: 

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2026

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Մշտապէս թաքուն ու յաճախ բացայայտ հակասութիւն մը կայ մարդկային հաւաքական ու անհատական ընկալումներուն մէջ: Առանձին անհատը, յարաբերաբար, ուրիշ անձնաւորութիւն մըն է, իսկ ան երբ հաւաքականութեան մէջ է կա՛մ նոյնինքն հաւաքականօրէն կը ներկայանայ, ան կը վերածուի ուրիշ կերպարի մը:

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կան մարդիկ, որոնք կը կարծեն, թէ կեանքին հեգնանքով կը մօտենան՝ առանց նկատելու, որ իրականութեան մէջ հակառակն է, որ տեղի կ՚ունենայ։ Կեանքն է, որ մարդուն անողոք հեգնանքով կը նայի. նոյն այդ հեգնական հայեացքն է, որ կեանքը երկար ժամանակ սեւեռած կը պահէ դէպի հայ ազգը:

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարիամ ճանչցուած եւ մեծարուած է իբրեւ Աստուածամայր՝ Աստուծոյ եւ Փրկչին Մայրը։ Ան Քրիստոսի անդամներուն Մայրն է, քանի որ ան իր սիրով մասնակցեցաւ եւ գործակցեցաւ Եկեղեցւոյ մէջ ծնունդին այն հաւատացեալներուն՝ որոնք Քրիստոսի անդամներն են։

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մայրիկ Սուրբ Աստուածածինի վերափոխման տօնը միշտ առիթ հանդիսացած է եւ կը շարունակէ հանդիսանալ մտածել իգական սեռի կարեւոր դերակատարութեան մասին՝ մարդկային կեանքէն ներս:

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2026

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

15 օգոստոսին է ծնած 1915-ի Մեծ Եղեռնին սպաննուած արեւմտահայ քեթողութեան գագաթներէն՝ Սիամանթօն (Ատոմ Եարճանեան՝ բուն անունով, Խարբերդի նահանգի Ակն քաղաք, 15 օգոստոս 1878 - Անգարա, 1915):

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2026

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր վերափոխման տաղաւարը անգամ մը եւս կը ներկայանայ իր հոգելից պատգամով։ Այդ պատգամը նոյինքն դրսեւորումն է տիպար կեանքի մը հիմնական սկզբունքին։ 

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2026

Հայաստանի մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան խորհրդարանական մեծամասնութեամբ կը ձեւաւորուի նոր իշխանութիւն մը, որու յառաջատար դէմքերու պարագային կը նկատուին փոփոխութիւններ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2026

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկրի կառավարութիւնը հայկական երկաթուղիներու առեւտրական կառավարման հարցին մէջ Ռուսաստանի հետ պիտի չերթայ սուր լուծումներու եւ կը նախընտրէ հարցերը կարգաւորել բարեկամական մթնոլորտի մէջ

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2026

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա եւ Եգիպտոս համակարծիք են, որպէսզի Կազզէի պարագային աւելի լուրջ նախազգուշական միջոցներ ձեռք առնուին: 

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2026

Երէկ յետմիջօրէին, Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ՝ Ներսէսեան դպրաց դասու մանուկներու եւ պատանիներու մասնակցութեամբ աղօթք մը, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան:

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սպիտակ տան գագաթաժողովէն տարի մը անց. ժողովուրդները պիտի կարողանա՞ն զգալ խաղաղութեան իսկական արդիւնքը իրենց առօրեայ կեանքին մէջ:
Պատերազմի ժառանգութենէն դէպի նոր իրականութիւն:
Հակամարտութեան տրամաբանութիւնը կրնայ փոխուիլ համագործակցութեան, եթէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի շահերուն տեսակէտէ հաշտութիւնը դառնայ աւելի նպաստաւոր:

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Եթէ ամէն մարդ ամէն գիշեր, քնանալէ առաջ, իր մտքէն անցընէր այդ օրուան բոլոր պատահարները եւ մտածէր, թէ անոնցմէ որո՛նք սխալ էին, ո՛վ գիտէ՝ աշխարհը որքա՜ն գեղեցիկ եւ ապրուելու արժանի վայր մը պիտի ըլլար։

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Դուք իմ բարեկամներս էք». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 11)։
Բարեկամը, աշխարհի վրայ ամէն հարստութենէ գերիվեր է եւ գերազա՛նց։ Բայց, մարդու բարեկամութիւնը ժամանակաւոր է եւ յարաբերական՝ կրնայ աւրուիլ, մինչեւ իսկ թշնամութեան վերածուիլ։ Իսկ Յիսուսի բարեկամութիւնը անփոփոխ է եւ յաւիտենակա՛ն։ 

Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ժամանակ առ ժամանակ ընկերութեան մէջ կը յայտնուին անձեր, որոնք իբրեւ թէ կը փորձեն «նորարարութիւն» ստեղծել։ Այս երեւոյթը հասկնալի կը նկատենք միայն այն ժամանակ, երբ մարդ շօշափելի, ինչպէս նաեւ տրամաբանական փաստերու վրայ հիմնուած պաշտպանէ իր թեզը՝ ինչ որ քիչ յաճախականութեամբ կը պատահի։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ գրականութեան մէջ տեսած ենք բազմաթի՜ւ գրողներ, որոնք գրող դարձած են բարձրաձայնելու համար իրենց գաղափարներն ու համոզումները, սակայն, անոնց մէջ կայ մէկը, որ այս առաջիններուն հակառակ՝ իր սկզբունքներուն եւ գաղափարներուն տէր դառնալու նպատակով մէկդի ձգած է իր գրելու շնորհքը եւ որոշած է չգրել.

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026

Սփիւռքէն բազմատասնեակ երիտասարդներ վերապատրաստութենէ կ՚անցնին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Հայագիտութեան եւ կրօնագիտութեան նիւթերու դասընթացները կ՚ընթանան «Գարեգին Ա.» կեդրոնէն ներս:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս ամբողջ թափով կը շարունակուին՝ շաբաթավերջին Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարի պատրաստութիւնները: Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին՝ արդէն ընթացքի մէջ է ուխտի շաբաթը, որու շրջանակներէն ներս, երէկ երեկոյեան, շատ յատկանշական հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ կղզիի բարձունքին:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026

Վաղը, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան պիտի մեկնի դէպի Վաքըֆլըգիւղ: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ համայնքէն ներս, Պատրիարքական Աթոռի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած է ուխտագնացութիւն մը՝ դէպի Վաքըֆլըգիւղ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026

Երեւանի կեդրոնին ամրան շրջանին իրարու կը յաջորդեն բացօթեայ ժողովրդական ձեռնարկները:
Հայկական աւանդական գորգերու լուացման փառատօնը վերածուեցաւ մեծ ու ոգեւոր համախմբման մը բեմահարթակին:

Էջեր