ՆԱԽԱՐԱՐ ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ. «ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՏԱՐԱԾՔԸ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ, ՊԱՀԱՆՋՈՂՆ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ»
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին անդրադարձաւ՝ Ազգային մեծ ժողովէն ներս կազմակերպուած պիւտճէի քննարկումներուն ժամանակ։ Նախարարը դիտել տուաւ, որ այս նիւթին շուրջ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը նախապէս քանիցս յայտարարուած է։
«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման ժամանակ մենք պատրաստ պիտի ըլլանք Հայաստանի հետ բնականոնացման։ Այս բանը աւելի առաջ ալ յայտարարած ենք։ Տարածաշրջանէ ներս Հայաստանի խաղաղութեան համար այսքան եռանդ ցուցաբերելուն ամենամեծ պատճառն է՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման կապակցութեամբ մեր կողմէ կամքի արտայայտութեան մը նկատելը», ըսաւ Ֆիտան եւ աւելցուց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը, սահմանի բացումն ու տնտեսութեան կենսունակ դառնալը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Թուրքիոյ տեսակէտէ։
Խորհրդարանէն ներս երեսփոխաններու առջեւ Հաքան Ֆիտան նշեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս մասնաւորապէս սառեցեալ հակամարտութեան մը կողմնակից չէ Թուրքիան։ «Մենք եթէ այս պահու դրութեամբ Հայաստանի հետ դառնանք բնականոն, ապա անոր ձեռքէն խլած պիտի ըլլանք Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար ամենամեծ պատճառը։ Հետեւաբար, տարածաշրջանէն ներս սառեցեալ պատերազմի մը դէմ յանդիման մնալու հաւանականութիւն պիտի ունենանք։ Մենք այս բանը չենք ուզեր», ըսաւ նախարարը։
Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան Հաքան Ֆիտան յիշեցուց, որ Երեւան եւ Պաքու խաղաղութեան համաձայնագիր նախաստորագրած են Ուաշիկնթընի մէջ։ Իր խօսքով՝ այդ փաստաթուղթէն դուրս մնացած է երկու պարագայ։ Անոնցմէ մին է Զանգեզուրի միջանցքը, իսկ երկրորդը՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան վերաբերեալ կարգ մը հանգամանքները։ «Այս բոլորի յաղթահարման եւ Ատրպէյճանի հետ վերջնական խաղաղութեան ստորագրման պարագային Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի դռները պիտի բացուին», ըսաւ Հաքան Ֆիտան։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով՝ անդրադառնալով Զանգեզուրի միջանցքին՝ նախարարը շարունակեց. «Տարածքը Հայաստանի մէջ կը գտնուի, Ատրպէյճան կը պահանջէ։ Միացուելիք տարածքն ալ Նախիջեւանն ու Ատրպէյճանն է։ Մենք այստեղ կողմերու միջեւ դիւրացնող գործ մը կը տեսնենք։ Եւրոպայէն տարանցիկ ուղղութեան, իրականութեան մէջ, ամենամեծ ցամաքային կտորը կը կազմէ այս մէկը, մեր տեսակէտէ ալ անոր կարիքը կայ։ Մենք մեր առեւտուրը այս պահու դրութեամբ՝ քանի Զանգեզուրի միջանցքը գոյութիւն չունի, Վրաստանի կամ Իրանի վրայով կը կազմակերպենք դէպի Կեդրոնական Ասիա։ Կովկասի եւ Ռուսաստանի հետ ալ ցամաքուղիի առեւտուրը արդէն կ՚իրականացնենք։ Ծովու ճանապարհն ալ կ՚օգտագործենք Ռուսաստանի նաւահանգիստներով, Սեւ ծովով եւ այլ վայրերով։ Պատերազմէն առաջ ալ շատ կ՚օգտագործէինք։ Զանգազուրի միջանցքը այս պահու դրութեամբ մասնաւորապէս Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վիճելի կը մնայ»։
Հայկական լրահոսին մէջ ալ լայն արձագանգ գտած են Հաքան Ֆիտանի յայտարարութիւնները՝ այն շեշտադրումով, թէ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ զանազան հարթութիւններու վրայ շփումները կը շարունակուին։