ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ F-35 ՌԱԶՄԱՕԴԱՆԱՒԵՐ ՊԻՏԻ ՏՐԱՄԱԴՐԷ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ. 1 ԵՌԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԱՐԺՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՐԾԱՐՔ

Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիոյ Մուհամմէտ պին Սելման թագաժառանգը։ Ուաշիկնթըն-Ռիատ առանցքին վրայ այս շրջանին արտասովոր աշխուժութիւն ստեղծուած է՝ մանաւանդ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններու լոյսին տակ։ Տարածաշրջանային հաւասարակշռութիւնները յանգեցուցած են նաեւ ԱՄՆ-Սէուտական Արաբիա ռազմական համագործակցութեան նոր մակարդակի մը վրայ գալուն։ Արդարեւ, ԱՄՆ կը պատրաստուի F-35 ռազմաօդանաւեր արտածել Սէուտական Արաբիոյ։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, գործարքին ընդհանուր արժէքը կը հասնի 1 եռիլիոն ամերիկեան տոլարի։ Հարկ է նշել, որ Մուհամմէտ պին Սելման թագաժառանգը 2018 թուականին լրագրող Ճեմալ Քաշըքճըի Իսթանպուլի մէջ սպանութենէն վերջ առաջին անգամ այցելեց Սպիտակ տուն։

Մուհամմէտ պին Սելման թագաժառանգը ԱՄՆ մեկնեցաւ տասնութ օդանաւով։ Իրեն ընկերակից պատուիրակութեան անդամներուն թիւը կը հասնէր հազարի։ Թրամփն ալ մեծ պատիւներով եւ արտասովոր արարողակարգով հիւրընկալեց Մուհամմէտ պին Սելմանը։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան ԱՄՆ-Սէուտական Արաբիա անվտանգութեան համաձայնութիւնը, քաղաքային հիւլէական ուժանիւթի ոլորտէն ներս համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ հաւանական բնականոնացումը։

Ուաշինկթընի եւ Ռիատի միջեւ երէկ ստորագրուած ռազմավարական համաձայնագիրը լայն արձագանգ ստեղծած է միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Սէուտական Արաբիային ԱՄՆ-ի կողմէ F-35 կործանիչներու տրամադրումը սկիզբին Փենթակոնի որոշ պաշտօնատարներու վերապահութեան պատճառ դարձած էր։ Անոնք մտահոգութիւն յայտնած էին, թէ այդ նորագոյն թեքնոլոժիները կրնային հասանելի դառնալ Չինաստանին, որ սերտ յարաբերութիւններ ունի Սէուտական Արաբիոյ հետ։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին Թրամփն ալ նշեց, որ Իսրայէլն ալ արդէն ունի F-35 կործանիչներ եւ անոր տեսակէտէ այդքան հաճելի չէ, թէ Սէուտական Արաբիա եւս կը ստանայ նոյն կործանիչներէն։ Իրենց հերթին, Իսրայէլի պաշտօնատարները նշեցին, որ իրենք դէմ չեն ըլլար, եթէ Սէուտական Արաբիա կարգաւորէ յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ՝ Աբրահամեան համաձայնութիւններու ծիրէն ներս։ 

Սպիտակ տան մէջ Մուհամմէտ պին Սելման երէկ կրկնեց իր երկրին դիրքորոշմը, թէ Սէուտական Արաբիա Աբրահամեան համաձայնութիւններուն կը միանայ միայն այն պարագային, եթէ երաշխաւորուած եւ հաւաստի ուղի մը ըլլայ Պաղեստինի պետութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս իրադրութեան երկու պետութեան ստեղծման հիմունքով լուծման ուղղութեամբ։

Տանըլտ Թրամփն ալ շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա ռազմական ներուժը կ՚ամրապնդէ ամերիկեան ռազմական արտադրանքի խոշոր գնումներու միջոցաւ։ Ըստ Թրամփի՝ սա բացի երկու երկիրներու անվտանգութեան ամրապնդումէն, կ՚ամրապնդէ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ դերը՝ որպէս Մերձաւոր Արեւելքէ ներս կայունութեան եւ անվտանգութեան կարեւոր գործօն։

Սպիտակ տան մէջ թագաժառանգին ի պատիւ սարքուած պաշտօնական ընթրիքի ժամանակ նախագահ Թրամփ նշեց, որ ԱՄՆ Սէուտական Արաբիան կը ներառէ ՆԱԹՕ-է դուրս իր հիմնական դաշնակիցներու շարքին։ Ըստ միջազգային հաղորդումներու՝ ԱՄՆ-ի օտարերկրայ գործընկերներուն որոշակի առաւելութիւններ կը տրուին պաշտպանական, առեւտուրի եւ անվտանգութեան համագործակցութեան ոլորտներէն ներս։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2025