Երեքշաբթի 18, Նոյեմբեր 2025
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑԻՆ ՊԵԼԺԻՈՅ «ԹԱԳԱՒՈՐԻ ՕՐ»Ը
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան եւ դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան երէկ մասնակցեցան Պելժիոյ «Թագաւորի օրուան» առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Երուսաղէմի մօտ Պելժիոյ աւագ հիւպատոս Անիք ֆան Քալսթըրի տանտիրութեամբ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին բարձրաստիճան հոգեւորականները յանուն Սուրբ Աթոռի շնորհաւորեցին «Թագաւորի օր»ը։ Իր կարգին, աւագ հիւպատոսն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց հայ հոգեւորականներուն կողմէ հաւաքոյթին բերուած մասնակցութեան համար։
Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025