Թրքահայ կեանք

ԱՅՑ ԴԷՊԻ ԻՏԱԼԻԱ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի մեկնի Իտալիա։ Կը տեղականանք, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրուած է մասնակցութիւն բերելու՝ «Սուրբ Էճիտիօ» կաթողիկէ աշխարհատարած համայնքի հերթական համագումարին։

ՆԱԻՐԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ

Երէկ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան ընդունեց Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Էօզկիւր Տեմիրճին, փոխ-ատենապետ Ալէն Քայաօղլուն եւ տնօրէն Սերքան Քըյըճըն։

ՈՉ ԵՒՍ Է ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունի։ Մենհեթթընի իր բնակարանէն ներս, իր անշունչ մարմինը յայտնաբերուած է եւ տակաւին մահուան պատճառները յայտնի չեն։ Նկատի ունենալով, որ ան ամբողջ հայաշխարհէն ներս համատարած յարգանքի եւ համակրանքի արժանացած արուեստագէտ մըն էր՝ բօթը կայծակնային արագութեամբ տարածուած եւ խոր ցաւ յառաջացուցած է համայն հայաշխարհէն ներս։

«ՅԱՆԿԱՐԾ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄՈՒԱՄՄԷՐ-ՔԱՐԱՃԱ ԹԱՏՐՈՆԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ

«Յանկարծ» թատերախումբը Իսթանպուլի մշակութային կեանքէն ներս հետզհետէ կ՚ամրապնդէ իր դիրքը՝ մանաւանդ, որ վերջին տարիներուն յարատեւ վերելք կ՚արձանագրէ։ Երէկ երեկոյեան, «Յանկարծ» թատերախումբը հանդէս եկաւ՝ Մուամմէր-Քարաճա թատրոնի գլխաւոր բեմին վրայ։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը շաբաթավերջին կեդրոնացած էր Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ վրայ, ուր սարքուեցաւ տարեկան սիրոյ սեղանը՝ ի նպաստ թաղի Մէրամէճեան վարժարանի:

ՄԱԼԱԹԻԱՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ 16 ՏԱՐԵԿԱՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Մալաթիահայոց հայրենակցական միութիւնը ամսավերջին պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 16-րդ տարեդարձը։ Համայնքէն ներս ստեղծուած հայրենակցական միութիւններու շարքին այս մէկը ամենաաշխուժներու շարքին կը դասուի եւ իր բոլորած ճանապարհով արդէն կը համարուի հաստատութենականացած։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, որոնց կ՚ընկերանար հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն քահանայ Օհանեան։

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՆԱՏԻԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆԻ ԿՐԿՆԱԿ ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐԸ

Գարակէօզեան տան ընտանիքը կ՚ողջունէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի ծննդեան 75-ամեակի եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակի կրկնակ յոբելեանները։ Նախընթաց օր, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ Գարակէօզեան տան տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլուն եւ ուսուցչական կազմէն Թաթիա Մարաշլեանն ու Մարի Արզումանը։

ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ այս շրջանին տեղի կ՚ունենան ծնողք-դպրոց յարաբերութիւնները զարգացնելու առաջադրութեամբ հաւաքոյթներ։ Այսպէս, սոյն հանդիպումներուն առաջինը դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ՝ շատ դրական մթնոլորտի մը մէջ։

Էջեր