ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթավերջի Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կը շարունակուի ուխտի շաբաթը։ Երէկ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի գլխաւորութեամբ, արդէն պատրաստուեցան այն ամանները, որոնց մէջ օրհնեալ խաղողի ողկոյզները պիտի բաժնուին հաւատացեալներուն։