ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՒԱՔԸ
Երէկ, Պաքըրգիւղի ընտանիքը խանդավառ օր մը ապրեցաւ՝ թաղի Տատեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Տարեկան հաւաքը այս տարի եւս անցաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ։
Երէկ, Պաքըրգիւղի ընտանիքը խանդավառ օր մը ապրեցաւ՝ թաղի Տատեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Տարեկան հաւաքը այս տարի եւս անցաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ շաբաթավերջին հիւրընկալուեցան՝ Սելվին Բարունակեան-Էօզկիւլ, Թամար Սինանօղլու-Կէօքչէօղլու եւ Լինտա Աքեան-Չեթինքայա, որոնք համայնքէն ներս կը ծաւալեն կամաւոր գործունէութիւն: Իգական սեռի այս երեք գործիչները վերջերս կազմակերպած էին ծաղկանոցի աշխատանք մը, որ արժանացած էր անմիջական ուշադրութեան:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի աւարտական դասարանի սաները այս տարի եւս իրականացուցին պտոյտ մը՝ ամառնամուտի շրջանին: Դպրոցէն հրաժեշտ առնելէ առաջ, ութերորդ դասարանի տղաքը այս պտոյտը իրականացուցին՝ մէկ կողմէ բարձր տրամադրութեան պայմաններով զիրար վայելելով, իսկ միւս կողմէ դպրոցէն հրաժեշտ առնելու յուզումնախառն պահուն ընդառաջ:
«Բարեկամ» խմբակին կողմէ կազմակերպուած դասընթացքներու եզրափակիչ հանդիսութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ: Հանդէսի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որուն ընկերացաւ Տ. Շիրվան քահանայ Միւրզեան:
Այս շաբաթավերջին, պոլսահայութիւնը կը հիւրընկալէ Հայաստանէն «Օրթաքեան» պարախումբը, որ եկած է Էջմիածին քաղաքէն։
Համբարձման տօնն ու Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան 194-րդ տարեդարձին առթիւ արարողութիւններ:
Պետրոս Շիրինօղլու մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ՝ հսկայական ներդրումներով ստեղծուած եւ արդի սարքաւորումներով օժտուած նոր բաժանմունքներուն մասին: Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը շեշտը դրաւ ժառանգութեան գիտակցութեան վրայ՝ դրուատելով հոգաբարձութեան կողմէ որդեգրուած առաջնահերթութիւնները՝ նաւուն ընկղմիլը կանխելու անհրաժարելի կէտ նպատակով:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Խաչիկ Ճանէլն ու գործակից ընկերները: Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ աւ. քհնյ. Չնարեան:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Հայաստանէն «Օրթաքեան» պարախումբը, որ այս շաբաթավերջին կը գտնուի քաղաքիս մէջ: «Օրթաքեան» պարախումբը եկած է Էջմիածին քաղաքէն:
Երէկ, Էսաեան վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ միջլիսէական «Scrabble»ի մրցոյթը, որ 15-րդն էր իր նմաններու շարքին: Էսաեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մրցոյթին մասնակցութիւն բերին համայնքային լիսէներու ներկայացուցիչ խումբերը:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ այսօր կ՚ընթանան աւանդական տօնակատարութիւններ՝ Համբարձման տօնին առթիւ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան կը նախագահէ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։