ՆԱԻՐԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ

Երէկ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան ընդունեց Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Էօզկիւր Տեմիրճին, փոխ-ատենապետ Ալէն Քայաօղլուն եւ տնօրէն Սերքան Քըյըճըն։ Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ զրոյցը, որու ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան հայաշխարհի մշակոյթի եւ կրթական բնագաւառներու օրակարգային զանազան հարցերուն շուրջ։ Հարկ է նշել, որ Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը կը ծրագրէ յառաջիկային դէպի Հայաստան ճանաչողական բնոյթով ուղեւորութիւն մը կազմակերպել դպրոցի աշակերտութեան համար։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ նաեւ այս ծրագրին կապակցութեամբ։

 Հուսկ, Ս. Խաչ դպրեվանքի պատասխանատուները ներկայացուցչութենէն հրաժեշտ առին՝ Նաիրի Պետրոսեանին շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան եւ դրական վերաբերմունքին համար։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2026