ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ԵՐԵԿՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ԱԼԻՍ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ
Երէկ երեկոյեան, թրքահայ երէց սերունդի բազմավաստակ արուեստագիտուհիներէն Ալիս Մանուկեանի ի պատիւ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյթ մը՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։
Յանուն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին, Սանկտ Փոլթենի հաւաքին կը մասնակցի Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ երէկ յետմիջօրէին օդային ճամբով հասաւ Վիեննա։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Օրթագիւղի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ, որոնք իսկապէս ողջունելի նախաձեռնութեան մը լուրեր բերած էին մեզի։ Այսպէս, Օրթագիւղի մէջ շուրջ տարիէ մը ի վեր թափով պատրաստութիւն կը տարուի՝ հայերէն թատրոնի մը ներկայացման համար։
Այսու խոր յուզումով կը յայտնուի մերազն ժողովուրդին, թէ իսթանպուլահայբժշկական դասու արժանաւոր անդամ՝ հայ գրականութեան անդաստանիվաստակաշատ գրչի մշակ, միզախտաբան-վիրաբոյժ՝
Շաբաթավերջին, Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց՝ Բարեկենդանի առթիւ: Բանկալթիի «Lotus» առեւտուրի կեդրոնի համալիրէն ներս «Local» ճաշարանէն ներս տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որ համախմբեց դպրոցի շուրջ 170 համակիրները:
Շիշլի մարզակումբը կը շարունակէ երախտագիտութեան առարկայ դարձնել իր անցեալի մեծերը: Այս տրամաբանութեան մէջ, շաբաթավերջին, մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ փինկ-փոնկի մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր ակումբի անմոռանալիներէն լուսահոգի Արեգ Գույումճեանի յիշատակին:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արա Էրօլ Չնարն ու անդամներէն Գէորգ Էօզգարակէօզը:
Գումգաբուի Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որ իսկապէս անմոռանալի դարձաւ փոքրիկներուն տեսակէտէ:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորեց կառավարութեան նորանշանակ անդամները։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պաշտօնամուտի առթիւ ողջունեց արդարադատութեան նախարար Աքըն Կիւրլէքը եւ ներքին գործոց նախարար Մուսթաֆա Չիֆթչին, որոնց յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։