ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ. ՎԱՂԸ՝ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՁԵՌԱՄԲ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Այս շաբաթավերջին համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ վրայ, որու հիմնադրութեան 250-ամեայ յոբելեանը կը նշուի: Յոբելենական այս շրջանին, Վոսփորի Ասիական ափի այս գողտրիկ սրբավայրը ի հիմանէ վերանորոգուած, ամբողջութեամբ բարեզարդուած է՝ տեղւոյն թաղային խորհուրդի ջանքերով:
Երէկ, Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքէն ներս տեղի ունեցաւ Վարդավառի տօնակատարութիւն: Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն կատարուած այս արարողութիւնը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ:
Երէկ երեկոյեան, Գնալըի բարձունքին տեղի ունեցաւ՝ ամրան շրջանի հերթական երիտասարդական համերգը, որ բացառիկ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ: «Մենք երգ ենք» ծրագրին շրջանակներէն ներս կազմակերպուած համերգը տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս:
Մեներգչուհի Սիպիլի վերջին գործը ստեղծած է շատ լայն արձագանգ եւ արժանացած՝ համատարած գնահատանքի։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հետաքրքրութեան առընթեր, ընկերային ցանցերու վրայ ալ Սիպիլի վերջին գործը վառ ուշադրութեան արժանացած է՝ մինչ որոշ հարթակներու վրայ իր երգին ծանօթացումը կը համարուի իր երգին դէպքը։
Երէկ երեկոյեան, Գնալըի բարձունքին ներկայացուեցաւ «Տեղացի անհայրենիքը» փաստավաւերագրական ժապաւէնը, որու հեղինակն է Ռըզա Օյլում։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ տեղի ունեցաւ ցուցադրութիւնը, որ համախմբեց կոկիկ թիւով մշակութասէրներ։
Տ. Կորիւն աւաւգ քահանայ Ֆէնէրճեան, որ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը նշանակուած է, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցիէն հրաժեշտին առթիւ այցելութիւն մը տուաւ Շիշլիի գաւառապետ Ճեւտէթ Էրթիւրքմէնին:
Շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ՝ Շիշլի մարզակումբին կողմէ կազմակերպուած քայլարշաւը, որ վերջին տարիներուն դարձած է աւանդական։ Ըստ ձեւաւորուած նախընթացին՝ համայնքային զանազան կառոյցներու ընտրեալ վարիչները մասնակցեցան այս քայլարշաւին, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ:
Երէկ երեկոյեան, Գնալըի բարձունքին տեղի ունեցաւ երաժշտական ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած էր «Յոյս» միութեան ի նպաստ։ Համայնքէն ներս յատուկ կարիքի կարօտ երեխաներու եւ պատանիներու խնդիրներուն հետամուտ այս միութեան գործունէութիւնը միշտ առարկայ կը դառնայ անմիջական ուշադրութեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերջին օրերուն հիւրընկալեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեանը, որ Հայաստան մեկնած էր գիտաժողովի մը մասնակցելու համար եւ իջեւանած՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ: