«ՑՆԾԱ՛ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ»
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյթ մը, որ կազմակերպուած էր Վարդավառի տօնին առթիւ։ «Ցնծա՛ հայ երաժշտութիւն» խորագրեալ համերգը համախմբեց հոծ թիւով կղզեբնակ երաժշտասէրներ։