ԱՅՑ ԴԷՊԻ ԻՏԱԼԻԱ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի մեկնի Իտալիա։ Կը տեղականանք, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրուած է մասնակցութիւն բերելու՝ «Սուրբ Էճիտիօ» կաթողիկէ աշխարհատարած համայնքի հերթական համագումարին։ Ինչպէս ծանօթ է, այս միաբանութեան համագումարները միշտ կը շօշափեն համաշխարհային հրատապ օրակարգի խնդիրներու զանազան ծալքերը՝ խոշորացոյցի տակ պահելով միջկրօնական երկխօսութիւնը, համաքրիստոնէական համագործակցութիւնը եւ ընդհանրապէս, մարդկութեան արժեհամակարգի վերաբերեալ այլ զանազան առաջնահերթութիւններ։
Նորին Ամենապատուութեան առընթեր, սոյն համագումարին պիտի մասնակցի նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յառաջիկայ շաբթուան առաջին կէսին Իտալիոյ մէջ մնալէ վերջ, պիտի վերադառնայ իր աթոռը։