Թրքահայ կեանք

ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ

Իսլամական աշխարհի ծոմապահութեան ամիսը այս տարի եւս հնարաւորութիւն ընձեռեց պետական աւագանիէն դէմքերու, բարձրաստիճան դիւանակալներու, հասարակական գործիչներու եւ համայնքային շրջանակներու համախմբման՝ միասնական ապագայի հանդէպ աներեր վստահութեան խորացմամբ:​
Եղբայրութեան սեղան։
Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած իֆթարը առիթ դարձաւ՝ յիշողութիւն թարմացնելու համար ԱՔ կուսակցութեան իշխանութեան տարիներուն Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներուն նկատմամբ ցուցաբերուած դրական վերաբերմունքը:
Նախարար Քաճըրի ներկայութեամբ յուշանուէրներ յանձնուեցան թրքահայ այն կարգ մը բարերարներուն, որոնք երկրի արդիւնաբերութեան զարգացման նպաստած են իրենց տարիներու գործունէութեամբ:

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ 14-ՐԴ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՏԱԽԱՂԵՐԸ ՓԱՅԼՈԻՆ ԱՆՑԱՆ

Գարակէօզեան տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մտախաղերը շաբաթավերջին համայնքային կեանքէ ներս արժանացան անմիջական ուշադրութեան: Միջմիութենական այս ձեռնարկը 14-րդն էր իր նմաններու շարքին:

ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ԹԱԼԻՆ ՉՈՐԹԱՆ-ԿԱՐԻՊԿԻՒՆԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթավերջին, համայնքային շրջանակները ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուին նորոգ հանգուցեալ կրթական մշակ Թալին Չորթան-Կարիպկիւնի, որու անժամանակ մահը իսկապէս ցնցում յառաջացուց պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս:

ԱՅԳՈՒՆ ՊՈՒՏԱՔԻ ԴԻՊՈՒԿ ԿԱՐՃԱԺԱՄԿԷՏԸ. ԽՏԱՑԵԱԼ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ՝ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Այգուն Պուտաք պատրաստած է կարճաժամկէտ ժապաւէն մը, որ կը կոչուի «Balık Pazarı’nda Bir Ev»: Այգուն Պուտաքի այս գործը իսկապէս եզակի է:

ՏՔԹ. ԱՐԷՏ ԼԱԶՕՂԼՈՒԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յայտնի բժիշկ Արէտ Լազօղլու այսօր կը թեւակոխէ իր ծննդեան 65-ամեակի յոբելենական շրջանը: Ան երկար տարիներէ ի վեր գործունէութիւն կը ծաւալէ որպէս հեղինակաւոր մասնագէտ, որ բժշկական շրջանակներէ ներս ունի բարձր վարկ, իսկ իր հիւանդներու անվերապահ վստաութիւնը կը վայելէ:

ՀՐԱՉ ՔԵՉԻԵՈԼՈՒ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Հրաչ Քեչիեոլուն, որ իր գործակից ընկերներուն հետ թեկնածութիւն առաջադրած է՝ ստանձնելու համար Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ղեկը։

ERVAB-Ի ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Երէկ երեկոյեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) նիստը: Երկար ժամանակէ ի վեր ԹՎՄ-ի ժողովները չէին կայանար: Վերջին անգամ քանի մը ամիս առաջ յայտարարուած էր, որ ԹՎՄ-ի ժողովը պիտի գումարուէր՝ այդ ալ մամուլին համար բաց:

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԳԱՒԱՌԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆԻՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ Պէյօղլուի գաւառապետ Աթաքան Աթասոյի կողմէ կազմակերպուած իֆթարի սեղանին:

Էջեր