ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԱՊՐԻԼ

«Ուստի ամէն ատեն վստահութիւն ունենանք, քանզի գիտենք թէ որչափ մարմնի մէջ ենք, Տէրոջմէն հեռու ենք. վասնզի հաւատքով կը քալենք եւ ո՛չ թէ երեւոյթներով. ուստի վստահութիւն ունենանք եւ ալ աւելի ուզենք մարմինէն հեռանալ եւ Տէրոջը քով կենալ», կը գրէ Պօղոս առաքեալ. (Բ ԿՈՐՆԹ. Ե 6-8)։

«Հաւատաք»ը մարդուն պատասխանն է Աստուծոյ, որ Ինքզինք կը յայտնէ եւ Ինքզինք անոր կու տայ, իր կեանքին գերագոյն իմաստը որոնող մարդուն միաժամանակ յորդառատ լոյս կը սփռէ։ 

Հաւատալու հարցին՝ մարդկային իմացականութիւնը եւ կամքը կը համագործակցին աստուածային շնորհքին հետ։ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Հաւատալը արարքն է բանականութեան, որ շնորհքին միջոցաւ Աստուծմէ դրդուած կամքին հրամանին տակ, աստուածային ճշմարտութեան կը յարի»։

Մարդ կը հաւատայ յայտնութիւն կատարող Աստուծոյ հեղինակութեան պատճառով, որ չի կրնար ո՛չ մոլորիլ, ո՛չ ալ զինք մոլորեցնել։ Սակայն որպէսզի մարդուն հաւատքին մատուցած մեծարանքը իր խելքին համապատասխան ըլլայ։ Այս ալ ցոյց կու տայ, թէ հաւատքը բանականութեան գործն է, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։ Եւ ուրեմն, հրաշքներ, մարգարէութիւններ եւ Եկեղեցին իմացականութեան յարմարող ստոյգ նշաններ են Յայտնութեան՝ պատճառներ են անոր հաւատելիութեան, որոնք ցոյց կու տան, թէ հաւատքին հաւանութիւնը ամենեւին մտքի կոյր մղում մը չէ՛։ Եւ այս ուղղութեամբ՝ հաւատքով ապրիլ, կը նշանակէ բանականութեամբ եւ իմաստութեամբ ապրիլ, այսինքն՝ ապրիլ Աստուծոյ հետ։

Մարդէն Աստուծոյ տրուած հաւատքի պատասխանը՝ մարդկային ըլլալու համար պէ՛տք է ազատակամ ըլլայ, հետեւաբար, ոչ ոք պէտք է հարկադրել հակառակ իր կամքին հաւատքը ընդգրկելու. արդարեւ հաւատքը՝ հաւատալու արարքը իր բնոյթով կամաւո՛ր է։ Արդարեւ, Քրիստոս մարդը հրաւիրեց հաւատքի եւ դարձի, սակայն երբե՛ք զինք չստիպեց ասոր։ Ան վկայեց ճշմարտութեան, բայց չուզեց զայն բռնի պարտադրել Իր ընդդիմախօսներուն։

Մարդուն փրկութիւնը ընդունելու համար անհրաժե՛շտ է հաւատալ Յիսուս Քրիստոսի եւ զինք իր փրկութեան համար Առաքողին։ «Քանի որ առանց հաւատքի անկարելի է հաճելի ըլլալ Աստուծոյ». (ԵԲՐ. ԺԱ 6), եւ հասնիլ Անոր որդիներուն վիճակին մասնակցութեան, «ուստի ո՛չ ոք առանց հաւատքի կ՚արդարանայ եւ ո՛չ ոք յաւիտենական կեանքը կ՚ընդունի եթէ հաւատքին մէջ մինչեւ վերջ չէ յարատեւած». (ՄԱՏԹ. Ժ 22, ԻԴ 13)։ Ուրեմն, Աստուծոյ մարդուն տուած «հաւատք»ը ձրի պարգեւ մըն է։ Մարդ կրնայ կոր-սընցնել այս անգնահատելի պարգեւը։ Հաւատքին մէջ ապրելու, աճելու եւ մինչեւ վերջ յաւատեւելու համար, մարդ պարտի սնուցանուիլ Աստուծոյ Խօսքով։ 

Հաւատքը պէտք է գործէ «սիրով». (ԳԱՂ. Ե 6), (ՅԱԿ. Բ 14-26) եւ պաշտպանուի «յոյսով». (ՀՌՈՎՄ. ԺԵ 13) եւ արմատանայ Եկեղեցիով։

Հաւատքը նախաճաշակել կու տայ մարդուս ուրախութիւնը եւ լոյսը երանաւէտ տեսութեան՝ որ այս աշխարհի վրայ ճանապարհորդութեան վախճանն է։ Այն ատեն Աստուած «դէմ յանդիման». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 12) պիտի տեսնուի «ինչպէս որ է». (Ա ՅՈՎՀ. Գ 2)։

Հաւատքը յաւիտենական կեանքին արդէն իսկ սկիզբն է։

Բայց հաւատքը կարելի է փորձութեան ենթարկուի, ուստի հաւատքը պահել, հաստատել եւ ամրացնել մարդուն պարտականութիւնն է, ապահովութեան եւ երանութեան համար…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 17, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2025