ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօրուան մեր թիւով կ՚ուզենք վերջ դնել մեր «Հաշուետուութիւն» խորագրեալ յօդուածին, յոյս ունենալով, որ միւս տարի՝ յունուար ամսին բախտաւորութիւնը կ՚ունենանք դրական ձեւով գրելու բոլոր այն գործերուն ու ձեռքբերումներուն մասին, ինչ որ պիտի ունենայ «Աւանդութիւններուն վերակենսաւորման տարի»ն.