ԱԶՆՈՒԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴՐՈՇՄԸ

Աշխարհ հետզհետէ աւելի լաւ սկսած է հասկնալ, թէ՝ ստացական եւ երեւութային առաւելութիւններէ աւելի՛ կարեւոր արժանիքներ կը փնտռուին՝ «ազնուական» տիտղոսին արժանի ըլլալու համար։ Ուստի, աշխարհ սորված է «ազնուականութիւն» փնտռել ուրիշ տեղեր ալ։

Մօտաւոր անցեալ շրջաններու «ընկերվարութիւն»ը եւ նոյնիսկ «համայնավարութիւն»ը՝ իրենց կարգ մը սխալ վարդապետութիւններու հետ, աշխարհին սորվեցուցած են կարեւոր դասեր՝ որոնցմէ մին եւ թերեւս առաջնակարգն է սա առողջ եւ էական սկզբունքը. «Ճշմարիտ ազնուապետականութիւնը յաւէտ կը կայանայ պատուաւոր որեւէ աշխատանքի՝ եւ ենթակայէն աւելի իրենց նման եւ ընկեր արարածներուն ծառայելու մէջ, քան տիտղոսի, դիրքի, աստիճանի եւ դրամարկղներու մէջ պահուած ոսկիին եւ ադամանդներուն մէջ»։ Արդարեւ, հարցին մօտեցումը եթէ մարդասիրութիւն ըլլայ, կիզակէտը՝ ամէն անհամաձայնութեան, այլապէս մարդուս երջանկութեան առջեւ որեւէ արգելք չի մնար։

Այս ուղղութեամբ հարցը սա է ըստ էութեան. անհատ, թէ հաւաքականութիւն։ Հաւաքականութեան իւրաքանչիւր անհատ արժէ՛ք մըն է, որ հաւասար արժանապատուութիւն մը ունի միւս բոլոր անհատներու համահաւասար։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ արժանապատուութեամբ հաւասար են անկիւն մը, զոր օրինակ, թաշկինակ ծախելով զբաղած խեղճ երիատասարդ մը, կամ փողոցի աղտոտութիւնները մաքրող՝ աւելածութեան արհեստը կամ գործը կատարող աղբահաւաքը, եւ բարձր դասակարգերու պատկանող անձնաւորութիւն մը։

Թաշկինակ ծախելով զբաղած երիտասարդը կամ աւելածութեամբ զբաղած աղբահաւաքը որեւէ անցորդէ ողջոյնի խօսք մը չի սպասեր, բայց, ողջոյնի մէկ խօսքով երջանիկ կ՚ըլլայ, ինչ որ ընդհանրապէս կը զլացուի իրենցմէ ժպիտ մը իսկ։ Բայց, բարձր դասակարգերու պատկանող անձնաւորութիւններ, ընդհանրապէս կը սպասեն, որ «հասարակ մարդիկ»՝ մահկանացուներ իրենց քով մօտենան մեծ պատկառանքով եւ խոնարհութեամբ, եւ մինչեւ իսկ կը պարտադրեն, բայց, երբ «հասարակ մարդիկ» փորձեն մօտենալ՝ առանց արտօնութեան անոնց մօտենալը կ՚արգիլուի…

Մա՛րդ չէ՛ ծնած որպէս «թաշկինակ ծախող» եւ կամ ոեւէ մէկը չէ՛ ծնած որպէս աղբահաւաք եւ ո՛չ մէկն ալ ծնած է որպէս բարձր դասակարգի տէր անձնաւորութիւն, եւ ո՛չ իսկ բարձր դիրքի եւ աստիճաններու տէր։ Ուստի մարդիկ հաւասար կը ծնին եւ հաւասար կը մեռնին։

Այս առթիւ կ՚արժէ յիշել Jean Jacques Rousseau-ի տեսութիւնը, որ կ՚ըսէ. «Մարդ ազատ կը ծնի, կեանքի ընթացքին՝ ընկերութեան մէջ հարկադրաբար ազատութիւնը օրէնքներով եւ կանոններով կը չափաւորուի եւ կը սահմանափակուի, բայց եւ վերջապէս ազատ կը մեռնի»։ Եւ այս կը նշանակէ, որ մարդիկ ի ծնէ եւ անխտիր հաւասար են, ընկերութեան մէջ՝ հաւաքական կեանքով կարգ մը զանազանութիւններու կ՚ենթարկուին ստացական կարգի մը հանգամանքներով եւ ստիպողաբար, այս կերպով նուիրապետական համակարգ մը կը ստեղծուի, բայց, երբ մարդ կը մեռնի՝ ազատութեան մէջ հաւասարութիւնը կը վերստացուի բնականաբար։

Արդարեւ, կարելի չէ ըմբեռնել այս պարագային՝ ի՞նչ յանցանք ունի աւելածութեան արհեստը եւ գործը եւ այդ գործը կատարողը, քանի որ ընկերային կեանքի մէջ պէտք է, որ մէկը՝ անհատ մը կատարէ այդ գործը՝ իրերօգնութեան սկզբունքին համեմատ…

Իրերու եւ երեւոյթներու մակերեսէն աւելի՝ անոնց խորքը եւ իսկական էութիւնը գնահետլ գիտցողները գիտեն, թէ «բարձր դասակարգեր»ու ներքեւ չէ՛ որ ընդհանրապէս ազնուական սիրտ մը կը բաբախէ միշտ, եւ նոյնիսկ պարզ եւ համեստ արհեստաւոր մը, համեստ գիտութեան եւ ուսման տէր, նոյնիսկ անուս, տգէտ անձ մը կրնայ բարձր դասակարգի պատկանող, բարձր ուսում եւ դաստիարակութիւն, նոյնիսկ տաղանդ ունեցող անձերէ աւելի՛ ազնուականութիւն ունենալ։

Ասոնք չեն՝ ուսում, դաստիարակութիւն, տաղանդ, դիրք, աստիճան, տիտղոս, որոնք ստացական արժէքներ եւ հանգամանքներ են, որոնք ազնուականութեան եւ արժանաւորութեան դրոշմը կը կազմեն։

Մարդկային թշուառութեան վրայ ծիծաղիլ ախտանիշ մըն է անտարբերութեան եւ թեթեւամտութեան, եւ չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ իսկապէս ազնուական հոգիներու մէջ։ Եւ եթէ «ազնուականութեան վկայական» տալ կարելի ըլլար, ապահովաբար այդ վկայականին արժանի պիտի չըլլային թշուառութիւնը հեգնող մարդիկ, այլ «բախտ»ին հարուածները առ ոչինչ համարելով՝ աննպաստ պարագաներու դէմ պայքարելու քաջութիւն ունեցող համեստ թաշկինակ ծախողը եւ վեհանձն աղբահաւաքը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 7, 2026, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 9, 2026