ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐ

Իւրաքանչիւր ծնողքի համար հայր ու մայր դառնալու նպատակն ու անոր առաքելութեան հանդէպ ունեցած հասկացողութիւնն ու ըմբռնումը տարբեր է։ Շատ մը ծնողներ կը կարծեն, որ ծնողք ըլլալ կը նշանակէ միայն մանուկին պէտքերը հոգալ, սնունդն ու ուսումը ապահովել, զինք սխալներէ հեռու պահել եւ այլն, սակայն, ծնողք դառնալու հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ մէկը. պատրաստել պատասխանատու, դաստիարակուած պատանիներ, երիտասարդներ, որոնք պիտի դառնան ապագայի անկախ անհատը։ Ծնողքին կողմէ մանուկին տրամադրուած իւրաքանչիւր դրական դաստիարակութիւն ներդրում մըն է անոր ապագայ կեանքին։ Այս կապակցութեամբ շատ մը ծնողներու սխալը այն է, որ կը կարծեն տակաւին «կանուխ» է ապագային մասին մտածել եւ կը սպասեն մանուկը 12-13 տարեկան դառնայ եւ նոր այդ մասին մտածել սկսին: Ապագայ առողջ երիտասարդը պատրաստելու համար ծնողներ պէտք է սորվին հետեւեալը. 

Ա.- Ծնողք ըլլալ «փրկարար» ըլլալ չի նշանակեր։ Բազմաթիւ ծնողներ դրական մտադրութեամբ կ՚ուզեն, որպէսզի իրենց զաւակները դժուարութիւններ չդիմագրաւեն եւ ամէն պարագայի «փրկիչ»ի դեր կը խաղան՝ կարծելով, որ զաւկին համար հարցերն ու խնդիրները վերացնելով անոր «հանգիստ» ու «ապահով» կեանք մը կը պարգեւեն։ Տրամաբանական չափէն դուրս պաշտպանիչի եւ փրկարարի դեր խաղալը կը խորտակէ անոնց ինքնավստահութիւնը: Այնպէս, ինչպէս մարմինը հիւանդութիւն մը ընդունելով անոր դէմ պաշտպանողական համակարգ կը ստեղծէ, նոյնպէս ալ մարդկային կեանքին մէջ մարդ դժուարութիւններու դէմ պայքարելով կեանքը կը սորվի, փորձառութիւն ձեռք կը բերէ։ Փրկարարի դեր ստանձնած ծնողքը արգելք կը դառնայ, որպէսզի զաւակը սեփական փորձով փորձառութիւն ձեռք բերէ եւ անոր դրական կամ բացասական արդիւնքին հիման վրայ համոզումներ ձեւաւորէ, վերլուծութիւններ ընէ եւ սխալն ու ճիշդը համեմատելու կարեւոր գործին լծուի: Իր զաւկին բոլոր դժուարութիւնները լուծող ծնողքը իր զաւկին լաւութիւն չ՚ըներ. այդ մէկը լաւութիւն է ինքն իրեն համար՝ որովհետեւ չ՚ուզեր զաւկին դժուարութիւն կրելը տեսնել։ Ծնողքին պարտականութիւնն է այդ դժուարութեան դէմ ինչպէ՞ս եւ մանաւանդ ինչո՞ւ պայքարելու դաստիարակութեան փոխանցումն է։ Փրկարարի դեր խաղալով զաւակը կախուածութիւն կ՚ունենայ ծնողքէն. ամէն արարքի եւ որոշումի պարագային կ՚ուզէ ծնողքէն վաւերացում ստանալ։ Այս մէկը վնաս է թէ՛ իր ապագայի ուսման եւ թէ ամուսնական կեանքին համար։ Ծնողները մի՛շտ իրենց զաւակներուն քով չեն ըլլար, այդ իսկ պատճառով ծնողական մեծագոյն պարտաւորութիւնը զաւակները առանց իրենց ապրելու եւ գոյատեւելու վարժեցնելն է, ինչ որ ինքնավստահութիւն կը ստեղծէ անոնց մէջ: 

Բ.- Յստակ տարբերութիւն ստեղծել խորհուրդին եւ որոշումներուն միջեւ։ Շատ մը ծնողներ իրենց զաւակներուն խորհուրդի եւ շատ անգամ ալ «հրահանգի» ձեւով այս կամ այն որոշումը կայացնելու կ՚առաջնորդեն. եթէ այդ որոշումը բացասական առիթ տուաւ, այդ ժամանակ զաւակը ինքզինք մեղաւոր գտնելու փոխարէն կը սկսի մեղադրել ծնողքը։ Այդ իսկ պատճառով ծնողներու համար լուրջ եւ շատ զգայուն վիճակ է խորհուրդ տալու եւ չտալու, կարծիք յայտնելու եւ չյայտնելու երեւոյթը: Անշուշտ, պարտադրուած խորհուրդը ոչ մէկ ձեւով արդարացում ունի, որովհետեւ դաստիարակուած զաւակ մը ամբողջական վստահութիւն ունենալով ծնողքին վրայ, շատ անգամ առանց հարցադրելու պարզապէս զիրենք «երջանիկ» պահելու համար կ՚ընդունի որոշումը, հրահանգի ձեւով տրուած խորհուրդը: Ծնողքը ո՛չ թէ պիտի կարծիք պարտադրէ, այլ սորվեցնէ, թէ իր զաւակը ինչո՞ւ նման կարծիք մը պէտք է կազմէ՝ հիմնուած տրամաբանութեան վրայ եւ ո՛չ ցանկութեան: Մենք որպէս ծնողք պիտի չըսենք ինչ ընէ. փոխարէնը պիտի սորվեցնենք, թէ որոշումները ինչպէ՞ս պէտք է կայացնէ, տրամաբանականօրէն ինչպէ՞ս պիտի առաջնորդուի այս կամ այն կացութեան պարագային: Տրուած խորհուրդը եթէ իր դրական արդիւնքը տայ՝ զաւակը դարձեալ «ուրախութիւն» պիտի չզգայ, որովհետեւ մարդ ճշմարիտ երջանկութիւնը կը գտնէ միայն իր յաջողութիւններուն մէջ։ Իբր այդ, պէտք է անոնց սորվեցնել ինչպէ՞ս ապրիլ, ինչո՞ւ ապրիլ։ Եթէ այս երկուքը լաւապէս սորվեցնենք՝ խորհուրդ տալու եւ պարտադրելու կարիքը չենք զգար: 

Առողջ զաւակ դաստիարակելու հիմնական կէտերէն մէկը անոր «հետեւանքներ»ը սորվեցնելն է։ Կեանքի մէջ իւրաքանչիւր որոշում, իւրաքանչիւր քայլ ունի իր դրական ու բացասական հետեւանքները։ Եթէ զաւակը սկսի տրամաբանել արարքներուն հետեւանքները, ապա աւելի գիտակից մօտեցում կ՚ունենայ։ Մանուկը՝ իր փոքր տարիքին նոյնիսկ հետեւանքներու հանդէպ գիտակցութիւնը կ՚ունենայ. շատ մը ծնողներ այդ հետեւանքը «վախ»ով սորվեցնել կը փորձեն՝ սպառնալիքի տեսքով։ Անշուշտ, հետեւանքները կարելի չէ «պատիժ»ով սորվեցնել. պատիժը վերահսկում է. հիմնականը տրամաբանութեան զարգացումն է, որովհետեւ եթէ զաւակը հետեւանքի գիտակցութիւնը ունի՝ այդ պարագային ամբողջութեամբ պատասխանատու է իր արարքներուն եւ հետեւաբար ծնողքը կամ այլ անձ մը մեղադրելու վիճակին մէջ չի գտնուիր:

•շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Որքան աւելի կը զբաղիմ հայոց լեզուով, ինձ կը թուի ճոխութիւն, հրաշք եւ ոսկիի հանք։ Որքան կը մշակեմ, այնքան կը զտուի, կը շողշողայ։ Որքա՜ն գոյներ ունի լեզուն եւ որքա՜ն արտայայտչական հնարաւորութիւններ:

ՆԱՐ-ԴՈՍ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 12, 2026