Հոգե-մտաւոր

ԽԱՌՆԱԿԻՉ ՄԱՐԴԻԿ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Պէտք է զգուշանալ մանաւանդ բանակրկիտ, այսինքն՝ խօսք պրպտող, խծբծող, քաշքշող եւ խօսքի մէջ միշտ բացասական իմաստ փնտռող նենգամիտ, չարարուեստ անձերու խառնակիչ ազդեցութենէն։ Սաստիկ զգուշանալ այդ վերջին դերը ուղղակի եւ կամ անուղղակի, կամայ թէ ակամայ մեր անձին վրայ փորձելէ։

ԿԵԱՆՔԻՆ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

​Բ.- Յոյսեր, երազանքներ ու հասարակաց ճակատագիր.- 181 ուղեւորները վստահաբար կը գտնուէին տարբեր ընկերային եւ տնտեսական մակարդակներու վրայ. անոնցմէ մին հարուստ էր, ուրիշը աղքատ. մին առողջ էր, իսկ միւսը հիւանդ. մէկը մեծահասակ էր, իսկ միւսը պատանի եւ կամ երիտասարդ, սակայն, անոնց հասարակաց ճակատագիրը մէկն էր:

ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Բանականութիւնը՝ բանաւորութիւնը եւ իմցականութիւնը մարդը նման կ՚ընէ Աստուծոյ։ Արդարեւ, Աստուած մարդը բանաւոր-իմացական արարած ստեղծեց՝ որ անոր անձի մը արժանապատուութիւնը կու տայ եւ թէ օժտուած է նախաձեռնութեամբ եւ իր գործերուն, արարքներուն տիրապետութեամբ։

ԿԵԱՆՔԻՆ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չինացի փիլիսոփայ եւ ուսուցիչ Լաօ Ցու իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Կեանքը բնական եւ ինքնաբուխ փոփոխութիւններու շղթայ է: Մի՛ դիմադրէք, այդ մէկը միայն տխրութիւն կը բերէ: Ձգեցէ՛ք, որ իրականութիւնը իրականութիւն դառնայ»: 

ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկրային մեր ճամբորդութեան մէջ, Յիսուսի արիւնով լուացուած, Աստուծոյ որդիներս, կ՚անցնինք կեանքի փոթորիկներէն։ Դժուարութեան, նեղութեան, փորձութեան, հիւանդութեան եւ կորուստներու ատեն, ունինք երկնային ներքին խաղաղութիւն մը՝ որ ամէն միտքէ վե՛ր է։

ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ամուսնական ուխտին դերակատարներն են մկրտուած այր-մարդ մը եւ կին-մարդ մը, որոնք ազատութիւն կը վայելեն ամուսնութեան դաշինքը կնքելու եւ ազատօրէն իրենց հաւանութիւնը կու տան։ «Ազատ ըլլալ» կը նշանակէ. «հարկադրանքի չենթարկուիլ» եւ «բնական կամ եկեղեցական օրէնքի մը արգելքը չունենալ»։

ՃԱԲՈՆՑԻ ԳՐՈՂԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ (Գ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այստեղ կու գայ ճաբոնցի ինքնասպանի տարօրինակ ու հետաքրքրական տողերէն մէկը. «Այս վերջին պահուն գուցէ համարձակութիւն է, բայց ինձ կը թուի ես իմ անձս հասկցայ»։ Մահուան սեմին մարդ ինչպէ՞ս ինքզինք կը ճանչնայ:

Էջեր