ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐ
Ամէն ծնողք կ՚ուզէ, իր զաւկին կողմէ «լսուած» ըլլալ, սակայն մանկավարժութիւնը կ՚ըսէ, որ մեր զաւակները մեզ կը լսեն այնքանով՝ ինչքանով մենք զիրենք կը լսենք. որեւէ յարաբերութեան մէջ եթէ մէկ կողմը խօսող, իսկ միւս կողմը լսող է՝ կապը կը դառնայ միակողմանի։ Եթէ կ՚ուզենք, որ մանուկները մեզի վստահին, ապա պէտք է խօսողէ աւելի լսող դառնալ. իջնել իրենց մակարդակին եւ բոլոր հարցերն ու արտայայտութիւնները լսել առանց դատելու։ Այդ միջոցով անոր մէջ կ՚ամրապնդուի վստահութիւնը, որովհետեւ տան մէջ ազատ արտայայտուող մանուկը աշխարհին դիմաց ալ կրնայ ազատ արտայայտուիլ. եթէ տան մէջ զգայ, որ իր խօսքը արժէք ու նշանակութիւն չունի, ապա նոյնը կը վերագրէ դուրսի աշխարհին եւ այս մէկը իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ իր ապագայ կեանքին մէջ:
Ծնողք մը պէտք է հասկնայ եւ ընդունի, որ զաւակը ունի իր ներաշխարհը, իր համոզումները եւ չի կրնար մտածել այնպէս՝ ինչպէս իրենք որպէս մեծահասակներ կը մտածեն։ Ի դէպ ըսենք, որ շատ մը ծնողներ ամբողջութեամբ անտարբեր «հետաքրքրուած» կը ձեւացնեն իրենք զիրենք։ Մանուկները կեղծը անկեղծէն տարբերելու շնորհը ունին: Ծնողքը լսել սորվելով դուրս կու գայ ոստիկանի, դատաւորի իր դերէն եւ հո՛ն սկիզբ կ՚առնէ առողջ դաստիարակութիւնը, որովհետեւ լսուած ըլլալու ուրախութիւնը ունեցող մանուկն է, որ կը սկսի լսել:
Եթէ երբեւէ մտածած էք, թէ ինչ է ծնողք դառնալու ամենէն դժուարին բաժինը, ապա կրնանք ըսել, թէ առողջ հաղորդակցութիւնն է, որովհետեւ անոր հիմերուն վրայ կը կառուցուի ապագայի պատանին, երիտասարդը՝ ինչպէս նաեւ անոր նկարագիրը, վերաբերումն ու ծնողքին, մեծերուն հանդէպ յարգանքը:
Եթէ ծնողքը երկխօսութեան մէջ ձախողի, ապա կը դժուարանայ թէ՛ ծնողքին պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնները, թէ՛ զաւկին կեանքը։ Մեր շուրջ կը տեսնենք, թէ շատ մը մանուկներ կը վախնան իրենց ծնողներուն այս կամ այն հարցը տալու՝ խուսափելու համար բարկութենէ, քննադատութենէ. այդ վախը պատճառ կ՚ըլլայ, որ մանուկը խուսափի, զգուշանայ խօսելէ եւ արտայայտուելէ եւ նման վախի ազդեցութեան տակ զարգանալն ու յառաջդիմելը շատ աւելի դժուար կը դառնայ:
Այնպէս ինչպէս ամուսնացած զոյգերու պարագային, առողջ յարաբերութիւնը երկխօսութեամբ կը կառուցուի, նոյնն է պարագան ծնողք-մանուկ յարաբերութեան։ Ամենէն ահաւոր զգացումը այն է, որ զաւակ մը չկարենայ իր ներքին տագնապները, խնդիրները բարձրաձայնել ծնողքին դիմաց։ Այս բացասական երեւոյթին մէջ կը գտնէ զաւակ մը ինքզինք, երբ ծնողներու կողմէ լսելի չի դառնար։ Ինքնաբերաբար կը մտածէ, որ ծնողքը հետաքրքրուած չէ իր հարցերով եւ հետեւաբար զանոնք բարձրաձայնելը աւելորդ կը նկատէ: Ծնողական պարտաւորութիւնները ձախողած կ՚ըլլան այն ժամանակ, երբ զաւակը սկսի աւելորդ նկատել իր այս կամ այն հարցին համար ծնողքին հետ հաղորդակցիլը։ Այս վիճակէն խուսափելու միակ տարբերակը ամենէն առաջին օրէն հաստատուած առողջ հաղորդակցութիւնն է: Առողջ հաղորդակցութեան մէջ կարեւոր են թէ՛ բառերը, թէ՛ ոճն ու ձայնի ելեւէջները. անոնց միջոցով է, որ զաւակը կը զգայ ծնողական սէրն ու անկեղծութիւնը:
Կը տեսնենք, որ առողջ հաղորդակցութենէ հեռու զաւակներու մօտ շատ աւելի յաճախակի տեսանելի կ՚ըլլայ ջղայնութիւնը։ Մանկավարժութիւնը կ՚ըսէ, որ այդ ջղայնութիւնը, զայրոյթը պարզապէս դիմակ ու հովանոց է այլ հիմնական բազմաթիւ խնդիրներու եւ զգացումներու. պէտք է անոր զայրոյթին տակ ծածկուած հիմնական խնդիրը գտնել եւ ո՛չ անոր ջղային ըլլալ չըլլալը հարցաքննել ու քննադատել։ Կը տեսնենք, որ նման պարագաներու որոշ ծնողներ բարկութեամբ «ըսէ՛» պոռալով, հրամայական շեշտադրումով այս կամ այն պատասխանը լսել կ՚ուզեն։ Նման պարագաներ աւելիով կը խորտակեն մանուկին հոգեվիճակը, որովհետեւ մանուկը կը հաւատայ, որ եթէ ծնողքը իրապէս զինք «սիրած» ըլլար, հետաքրքրուած ըլլար իրմով, ապա առանց ըսելու պէտք է հասկցած ըլլար բոլոր խնդիրները, որովհետեւ մանուկի մը համար ծնողքը ամենակարող է եւ, հետեւաբար, ան իր խնդիրները չբարձրաձայնած կ՚ակնկալէ, որ ծնողքը հասկցած եւ կամ անոր լուծում տուած ըլլայ։ Այս մէկը վախի եւ միւս կողմէ կարեկցանք ցանկալու ձեւ մըն է, որ կ՚ամրապնդէ ծնողքին հանդէպ վստահութիւնը:
Վերջապէս հաղորդակցութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ զաւակը երբ արդէն պատանի դառնայ, երիտասարդ դառնայ, աւելի անկախ ու ինքնավար կեանք մը կ՚ապրի։ Եթէ առողջ հաղորդակցութիւնը կայ իր եւ ծնողքին միջեւ իր պատանեկութեան, իր երիտասարդութեան ունեցած հարցերու պարագային եւս ինքզինք ինքնավստահ կը զգայ, որովհետեւ համոզուած կ՚ըլլայ, որ ունի ծնողք մը, որ պատրաստ է ամէն հարցերու պարագային լսելու, խրատելու եւ նեցուկ կանգնելու։ Այսօր շատ մը ծնողներ տեղեակ անգամ չեն, թէ իրենց զաւակները ինչպիսի խնդիրներու մէջ կը գտնուին։ Անտեղեակ ըլլալու համար մեղաւոր չէ՛ զաւակը, որ կը լռէ. մեղաւորը ծնողքն է, որ օրին զաւակը դատապարտած է այդ լռութեան՝ առանց զգալու, որ մանուկ ժամանակ կ՚որոշուի ծնողք-մանուկ յարաբերութեան ապագան:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Լեզուն իրաւ գանձ մըն է, զոր փոխարինել կարելի չէ աշխարհի ո՛չ մէկ հարստութեան հետ։ Իր մայրենի լեզուն վատ գիտցող մարդը կէս մարդ է, չգիտցողը՝ թշուառ, ծառէն ինկած տերեւ մը, որ կը տատանուի ամէն մէկ պատահական քամիէ:
ՍՏԵՓԱՆ ԶՕՐԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան