ԻՆՉՊԷՍՆ ՈՒ ԻՆՉԸ
Մեր թուականէն 58 տարիներ առաջ՝ 1968 թուականին, հայ անուանի բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ՝ որ այդ թուականներուն 44 տարեկան գրող մըն էր, հայ երիտասարդ գրողներուն կը յղէ նամակ-ուղերձ մը, որուն մէջ կը խօսի գրելու արուեստին մասին։ Այդ գրութիւնը այնպէս ինչպէս հայկական, նոյնպէս սփիւռքի հայ մամուլին մէջ իր արձագանգը կ՚ունենայ։ Պարոյր Սեւակ, որ լաւապէս գիտէր ինչ եւ ինչպէս գրել, կը խօսի այս կարեւոր հարցին մասին. կարդանք Պարոյր Սեւակին նամակը.
«Մեր երիտասարդ գրողները, մանաւանդ բանաստեղծները, ինձ ուրախացնում են: Մեր երիտասարդները շատ բան արեցին: Նրանք ցոյց տուեցին, թէ ինչպէս չի կարելի գրել: Այդ ինչպէսի ուղղութեամբ նրանք մեծ արդիւնքի հասան. շատ լաւ են գրում, կուլտուրական մակարդակով: Բայց նոյն համապատասխանութեամբ տուժում է ինչը: Այսինքն թէ ինչպէ՞ս է ասում, լաւ է, բայց ի՞նչ է ասում: Եւ վերջապէս չէ՞ որ ինչպէսը անցողիկ է, կարեւորը ինչն է: Ինչպէսի տեսակէտից եթէ ուսումնասիրէք, կը տեսնէք, որ նոյնիս որոշ լրագրողներ աւելի լաւ են գրում, քան անցեալի որոշ յայտնի գրողներ: Բայց ինչը կարեւորն է: Դժբախտաբար, երիտասարդները դրա մասին մտածում են մի քանի տարի, յետոյ երբ արդէն ուշ է լինում: Ահա այստեղ է, որ ես տխրում եմ: Մեր երիտասարդ բանաստեղծները այժմ գրում են ձեւի տեսակէտից կատարեալ բանաստեղծութիւններ, բայց թող թոյլ տրուի ասել, այդ բանաստեղծութիւնները երբեմն ունենում են երեք գլուխ (կամ բոլորովին չեն ունենում), մի քանի ձեռք, մի քանի ոտք»:
Այս նամակին մէջ Պարոյր Սեւակ կը բարձրաձայնէ իր լուրջ մտահոգութիւնը. ան կը տեսնէ, որ գրողներուն մեծամասնութիւնը կարեւորութիւն կու տայ ձեւին եւ ոճին եւ երկրորդական կը նկատէ ինչը՝ միտք բանին եւ այս բոլորին լոյսին տակ Պարոյր Սեւակ կը գրէ. «Ես սարսափով եմ մտածում յառաջիկայ տասը տարուայ մասին: Ինձ անհանգստացնում է ասելիքի բացակայութիւնը»։ Սեւակ ձեւին եւ ինչպէս-ին թշնամին չէ, որովհետեւ ան հայ բանաստեղծութեան մէջ այդ ինչպէսն ու ձեւը լաւագոյնս գործածող ու անոր գաղտնիքը լուծող մտաւորականներէն է: Անշուշտ, պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, որ «լաւ գրել» արտայայտութիւնը յարաբերական է։ Նոյն բանաստեղծութիւնը անձի մը համար հրաշալի ու իմաստալից, իսկ ուրիշի մը համար անիմաստ կրնայ թուիլ:
Սեւակի կատարած հիմնական քննադատութիւնը, նոր սերունդի գրածներուն անհասկնալի վիճակն է. ինք կը կոչէ «երեք գլուխ» կամ «անգլուխ»։ Երկու տարբերակներն ալ գրականութեան համար վտանգաւոր են։ Երիտասարդները կա՛մ կը գրեն երեք տարբեր նիւթերու մասին (այստեղ երեք տարբեր նիւթերը կարեւոր են, որովհետեւ շատ անգամ էջ լեցնելու սիրոյն մարդ կը սկսի գրել ու գրել ու առանց նկատելու իր հիմնական նիւթէն շեղելով կը սկսի տարբեր նիւթեր արծարծել), կամ ընդհանրապէս կը գրեն նիւթերու մասին՝ որոնք իրենց մէջ հիմնական նիւթ չունին:
Պէտք է նկատի ունենալ, որ Պարոյր Սեւակի ժամանակաշրջանին ինչին չափ կարեւոր էր նաեւ ձեւը (այս մէկը իրողութիւն է ինչքան ալ Պարոյր Սեւակ ինչը ինչպէսէն աւելի կարեւորէ). ձեւը կարեւոր էր, որովհետեւ Խորհրդային Միութեան խիստ հսկողութեան տակ կարելի չէր ամէն միտք ու գաղափար ազատօրէն բարձրաձայնել եւ, հետեւաբար, Պարոյր Սեւակի եւ իրեն նման այլ բանաստեղծներու համար ձեւն ու ինչպէսը մեծագոյն միջոցն էր որոշ գաղափարներ ծածկելու եւ այդ ծածկուած վիճակին հանրութեան ներկայացնելու համար: Օրինակի համար, Եղիշէ Չարենցի ծածկուած միասնութեան կոչը յատուկ ձեւ մըն էր արտայայտուելու. այդտեղ ինչպէս-ին մէջ թաքնուած էր հիմնական գաղափարը եւ ո՛չ հիմնականին մէջ:
Այս օրերուն եւս կը կարեւորենք ինչը, որովհետեւ եթէ պիտի խօսինք ձեւի համար, կրնանք ըսել, որ մերօրեայ արհեստական բանականութիւնը լաւապէս կրնայ իր ձեւին մէջ (ինչու չէ նաեւ շատ անգամ ինչին մէջ) յաջող արտայայտութիւն ունենալ։ Մարդուն եւ արհեստական բանականութեան տարբերութիւնը այսօր ինչպէս-էն աւելի ինչ-ին մէջ է։ Մերօրեայ արհեստական բանականութիւնը կրնայ գրել բազմաթի՜ւ էջերը ընդամէնը վայրկեաններու ընթացքին. մեր եւ իր գրութիւնը տարբերողը կը շարունակէ մնալ ինչը:
Պարոյր Սեւակ իր նամակին մէջ կը խօսի այլ վտանգի մասին. «Չմոռանամ ասելու նաեւ մի վտանգի մասին, որ սպառնում է երիտասարդական պոէզային: Դա, այսպէս ասած, հատուածայնութիւնն է, կոտորակայնութիւնը: Կարդում ես մեր երիտասարդների որոշ գործեր եւ թւում է կարդում ես հատուած մի մեծ գործից: Մտածում ես, որպէս հատուած լաւ է, բայց որպէս ինքնուրոյն գործ՝ թոյլ»: Այստեղ խնդիրը դարձեալ գաղափարներու ոչ-կազմակերպ վիճակն է։ Մարդիկ թէ՛ անցեալին եւ թէ այսօր գրելու սիրոյն կը գրեն։ Սեւակի բառերով. «գրում են նոյնիսկ քիչ ասելիք ունեցող մարդիկ»։ Վիճակը չէ փոխուած, սակայն, տարբերութիւնը մեր ժամանակներուն եւ Սեւակին ա՛յն է, որ ըսելիք չունեցողներու կողքին գոյութիւն ունէին նաեւ ըսելիք ունեցողները եւ հայ ազգը կը կարեւորէր անոնց ըսածը։ Այսօր չունինք մտաւորականներ, որոնց բերնէն կախուած ըլլայ հայ ազգը։ Ունինք բազմաթի՜ւ գրողներ, որոնք չունին ըսելիք։ Ունինք լռողներ՝ որոնք ունին ըսելիք եւ այսպէս վերջապէս ունինք սերունդ մը, որ կամաց կամաց, կամայ-ակամայ կը հեռանայ գրականութենէն։ Օր պիտի գայ, ըսելիք չունեցող գրողները անգամ կորսուած «արժէք» պիտի նկատուին, որովհետեւ անտարբերութեան այս ընթացքը, նահանջի այս զառիթափը միայն դէպի բացասական պիտի տանի հայ գրականութիւնը:
•վերջ
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Մարդ հասարակական էակ է, հետեւաբար, իր հանրային արարքներուն համար հաշուետու է հասարակութեան եւ հասարակութիւնը պարտաւոր է լաւին լաւ ըսել ու վատին՝ վատ: Ընկերային յառաջդիմութեան առաջին եւ գլխաւոր պայմաննեէն մէկն այս է:
ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան